Երէկ` կիրակի, 6 մայիսին, ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբները եւ հայկական քուէարկութեան կեդրոնները մեղուափեթակներու վերածուած էին: Բոլոր կեդրոններուն մէջ Դաշնակցութեան հաստատուն թէ շրջուն վստահուած անձերը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն ժրաջան աշխատանքի լծուած էին քուէարկողներուն աշխատանքները դիւրացնելու համար:
«Ազդակ»-ի թղթակիցները այցելեցին Դաշնակցութեան ակումբները եւ քուէարկութեան կեդրոնները, մանրամասնօրէն հետեւեցան կատարուած աշխատանքներուն, զուգահեռ` ականջալուր եղան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու, պատասխանատուներու, վստահուած անձերու թէ քուէարկողներու կարծիքներուն` ընտրական հոլովոյթին մասին: Ստորեւ ծաղկաքաղ մը` այդ կարծիքներէն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի – Զոքաք Պլաթ
Բնականաբար, ոեւէ քաղաքացիի նման իմ պարտականութիւնս էր քուէարկել: Քուէարկեցի Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու համար, քուէարկեցի Լիբանանի քաղաքացիին առօրեան բարելաւելու համար, անոր իրաւունքները ձեռքբերելու եւ յաւելեալ իրաւունքներ տալու համար:
ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Յակոբ Թերզեան – Շարլ Հըլու ընտրակեդրոն
Կատարեցի իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս, որ նաեւ պէտք է իւրաքանչիւր լիբանանցիի պարտաւորութիւնը ըլլայ: Լիբանանահայերս մեր պարտականութիւնը կատարելով պէտք է փաստենք, որ մենք ներկայութիւն ենք Լիբանանի մէջ: Վստահ եմ, որ յաղթական արդիւնք պիտի արձանագրենք եւ պաշտպան հանդիսանանք մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն: Այս է մեր նպատակը, յուսամ կրնանք զայն իրականութիւն դարձնել:
ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Ալեքսանտր Մաթոսեան – Չաթալպաշեան վարժարան
Աղուոր օր մըն է այսօր, երբ բոլորս կ՛ուղղուինք քուէատուփեր մեր քուէն տալու: Կարեւոր է քուէարկելու արարողութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, որովհետեւ առիթն է ապագան կանխատեսելու եւ ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր ու պաշտպան կանգնելու, նոր աւիւն, նոր որակ եւ զարգացում տալու ժողովուրդի կեանքին: Յուսամ, որ ժողովուրդը ազատօրէն քուէարկէ յանուն բարգաւաճ եւ զարգացած երկրի մը կերտման:
ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Սերժ Չուխատարեան
Ժողովուրդը արդէն կը սպասէր ընտրութիւններու այս օրուան, որպէսզի իր պարտականութիւնը կատարէ եւ իր ձայնը տայ իր թեկնածուին: Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ տէր ու պաշտպանն է հայութեան, իսկ հայութիւնը` թեւ ու թիկունքը Դաշնակցութեան:
Բենիամին Պչաքճեան (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ – «Սերոբ Աղբիւր» – Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջան)
Մեր շրջաններուն մէջ կատարած իմ շրջագայութեանս ընթացքին աննախընթաց մասնակցութիւն, խանդավառութիւն եւ ջերմութիւն նկատեցի թէ՛ երիտասարդութեան, թէ՛ ալ ժողովուրդին մօտ: Ընտրական այն մեքենան, որ այսօր կը գործէ, պատկառելի ընտրական մեքենայ մըն է: Պէտք չէ մոռնանք, որ այսօր ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան Լիբանանի ամբողջ տարածքին, իսկ մեր ընտրամեքենան կը յատկանշուի իր կազմակերպուածութեամբ: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս պիտի փաստէ, որ վստահութիւն ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նկատմամբ: Ան պիտի փաստէ, որ կառչած կը մնայ իր քաղաքացիական իրաւունքներուն պաշտպան Դաշնակցութեան: Յոյսով եմ, որ այսօր մենք կ՛ունենանք մեր ակնկալած յաղթանակը, որուն շնորհիւ Դաշնակցութիւնը կ՛իրականացնէ իր ժողովուրդին բոլոր իղձերը եւ արժանապատիւ ձեւով կը ներկայացնէ հայութիւնը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ:
Նախկին նախարար, երեսփոխան Սեպուհ Յովնանեան
Հայութիւնը պէտք է մասնակցի ընտրութիւններուն լիբանանեան քաղաքական իրականութեան մէջ իր ներկայութիւնը փաստելու համար և հաստատելու, որ Լիբանանի տարածքին Դաշնակցութիւնը ազդու է, ինչպէս միշտ:
Նախկին երեսփոխան Ժաք Չուխատարեան
Ես կը հաստատեմ, որ իւրաքանչիւր լիբանանահայու պարտքն է մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ քուէարկութիւնը շատ կարեւոր է Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութիւնը փաստելու, իսկ երբ մեր քուէն կու տանք, մենք կը հաստատենք, որ մենք հոս ենք ու կը պաշտպանենք Լիբանանն ու հայութիւնը: Անշուշտ երբ լիբանանահայութեան մասին կը խօսինք կը մտածենք Դաշնակցութեան մասին, որ Լիբանանի մէջ հայութեան պաշտպանը կը հանդիսանայ:
Հրաչ Վարժապետեան
Ընտրութիւնները բնականաբար կարեւոր են: Կարօտցած էի այս միջավայրին եւ մթնոլորտին, բաւական ժամանակէ ի վեր հեռու էի այս մթնոլորտէն, եկած եմ իմ պարտականութիւնս կատարելու: Տարիներ շարունակ այս աշխատանքներուն մաս կազմած եմ. հիմա կը տեսնեմ, որ երիտասարդները արդէն փոխարինած են մեզի. ուրախ եմ, որ անոնք գործը նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակեն: Կը մաղթեմ, որ գործը բարի աւարտ ունենայ: Կասկած չունիմ, որ բարի աւարտ կ՛ունենայ: Լիբանանի ընտրութիւնները եւ հայ համայնքի աթոռները միայն լիբանանահայութեան համար կարեւոր չեն, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան համար կարեւոր փուլ են. այդ էր պատճառը, որ լիբանանահայերը գրեթէ բոլոր կողմերէն եկան եւ իրենց քաղաքացիական պարտքը կատարեցին, որպէսզի մեր աթոռներ պահենք ու պահպանենք հայկական դիմագիծով: Դաշնակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ սեպ խրելու փորձերը միշտ ալ ձախողած են:
Սեդա Պէօյիւքեան («Սիմիթեան» շէնքեր – ԼՕԽ-ական – Ընտրական աշխատանքներու մասնակից)
Խորհրդարանական այս ընտրութիւններուն մասնակցող երիտասարդները երեխաներ էին 2009-ի ընտրութիւններ: Այսօր կը տեսնենք, որ անոնք եկած են իրենց երեխաներուն հետ` իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու: Սա կը նշանակէ, որ բոլորը կը թրծուին նոյն մթնոլորտին մէջ եւ կը գիտակցին այս ընտրութիւններուն կարեւորութեան:
Լեւոն Տէր Սարգիսեան (Պսալիմ-Մզհերի փոխքաղաքապետ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, Մզհեր)
Բոլորին նման ես ալ առաւօտեան ժամը 6:30-էն եկայ ակումբ` հետեւելու ընտրական աշխատանքին: Մթնոլորտը շատ լաւ է: Մեր ընկերները եւ համակիրները լծուած են աշխատանքի, եւ քաղաքացիները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն մասնակցելու ընտրութիւններուն: Ցաւալի է, սակայն, որ ոմանց քով կայ անտարբերութիւն: Անտարբերութիւն մը, որ անընդունելի է, որովհետեւ օրուան վերջաւորութեան հայերուս քուէներուն թիւն է, որ ցոյց պիտի տայ մեր քաղաքական կշիռը Լիբանանի մէջ:
Յակոբ Մելիքեան (Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ)
Մենք կը սպասէինք, որ առաւօտեան ժամը 10:00-էն ետք մեր ընտրական աշխատանքները աշխուժանային, բայց արդէն իսկ առաւօտեան ժամը 7:00-էն մեծ թիւով հայրենակիցներ եկան ակումբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին երթալու քուէարկութեան կեդրոններ: Արձանագրուած թուային պատկերը գոհացուցիչ է, հետեւաբար կը սպասենք դրական արդիւնքներուն:
Վարդան Վարդանեան (Անթիլիաս – Քուէարկութեան կեդրոնէն դուրս պարտականութիւն ստանձնած վստահուած անձերու պատասխանատու)
Թէեւ քուէարկութեան այս կեդրոնին մէջ համեմատաբար աւելի քիչ հայեր կը քուէարկեն, սակայն ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանայ: Մեծամասնութիւնը խանդավառ է եւ եկած իր քուէն տալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Զօհրապ Ղազարեան («Մարուխեան» կոմիտէ – Նաքքաշ – պատասխանատու)
Ես շատ կը փափաքէի, որ հայութիւնը անտարբեր չգտնուէր եւ խիտ շարքերով մասնակցէր այս ընտրութիւններուն: Մենք կ՛օժանդակենք մեր քաղաքացիներուն, ըլլան անոնք ծերեր, կիներ, երիտասարդներ թէ անդամալոյծներ, որպէսզի անոնց մասնակցութիւնը հեզասահ ընթանայ այս ընտրութիւններուն: Ասիկա ո՛չ միայն քաղաքացիական, այլ նաեւ ազգային պարտականութիւն մըն է, որ պիտի կատարենք, որովհետեւ այս ընտրութիւններուն ճամբով մենք պիտի պատշպանենք մեր ժողովուրդին ազգային շահերը Լիբանանի մէջ:
Րաֆֆի Տեմիրճեան (ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ)
Աւելի քան 20 ընկերներ եւ համակիրներ երէկ ակումբը գիշերեցին, որպէսզի լաւագոյնս պատրաստուինք այսօրուան ընտրութիւններուն: Մթնոլորտը աւելի քան դրական է: Քաղաքացիները բարձր գիտակցութեամբ կը մասնակցին այս ընտրական հոլովոյթին: Տակաւին քիչ առաջ մեր տղաքը ընկերակցեցան քալելու դժուարութիւն ունեցող ծերունիի մը, որ չորս անգամ հեռաձայնած էր ակումբ եւ պահանջած, որ մասնակցի ընտրութիւններուն: Հակառակ ոմանց քով նշմարուող անտարբերութեան, հակառակ կարգ մը անհատ թեկնածուներու ստեղծած բացասական մթնոլորտին, հակառակ ըսի-ըսաւներուն, լիբանանահայութիւնը չկորսնցուց իր վստահութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ եւ ասիկա արդէն յաղթանակ է մեզի համար: Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր կամաւորներուն, որոնք նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին ընտրական աշխատանքներուն` հաւատալով Դաշնակցութեան առաքելութեան:
Մովսէս Յարութիւնեան («Անի» ակումբ – Ժտէյտէ – պատասխանատու)
Առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ շրջանի ընկերները եւ համակիրները եկան ակումբ եւ աշխատանքի լծուեցան: Կարիք չզգացուեցաւ քաղաքացիներուն հետ կապ հաստատելու, որ ներկայանան ակումբ, որովհետեւ անոնք ինքնակամ կու գան եւ կ՛ուզեն երթալ քուէարկութեան: Արդէն մէկ ժամէ ի վեր ընտրութիւնները ընթացք առած են, բայց տակաւին գանգատներու կամ դժուարութիւններու չհանդիպեցանք: Մթնոլորտը դրական է:
Դաւիթ Գազանճեան («Իշխան» կոմիտէութիւն – պատասխանատու)
Կ՛ուզեմ հետաքրքրական դէպք մը պատմել, որպէսզի պատկերացում ունենաք, թէ անտարբերներուն կողքին որքա՛ն գիտակից եւ նուիրեալ քաղաքացիներ կան, որոնք ամէն գնով պատրաստ են Դաշնակցութեան քուէարկելու: Առտուն ակումբ ներկայացաւ քաղաքացի մը, որ «սըժըլ»-ը փոխած է, բայց անձնաթուղթը չէ փոխած: Ան առաջին փորձ մը կատարեց քուէարկելու, բայց քուէարկութեան կեդրոնի ոստիկանը արգիլեց իրեն ներս մտնել: Վերադարձաւ ակումբ, եւ մեր միջամտութենէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով փորձեց ներս մտնել` այս անգամ ալ մերժուելով քուէարկութեան կեդրոնի նախագահին կողմէ: Վերադարձաւ ակումբ, եւ երկրորդ միջամտութենէն ետք, երրորդ անգամ ըլլալով սիրայօժար գնաց կեդրոն եւ կատարեց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը:
Հրատ Պէպէճեան (Արագած – կոմիտէի անդամ)
Մեր շրջանին իւրայատկութիւնը այն է, որ քաղաքացիներուն կարեւոր մէկ մասը ինքնակամ կը ներկայանայ ակումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու ընտրութիւններուն: Հետեւաբար մենք առաւօտեան ժամերուն կարիք չենք զգար հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարելու: Դժբախտաբար պէտք է արձանագրել, որ մեր ժողովուրդին մէջ կան նաեւ անտարբերներ:
Անի Մկրտիչեան-Տէրտէրեան – Սարդարապատ ակումբ
Առտուան կանուխ ժամերէն ժողովուրդը մեղուափեթակի նման լեցուած էր «Սարդարապատ» ակումբ: Աշխատանքները լաւ կ՛ընթանան: Բոլորս միակամ կ՛աշխատինք: Ժողովուրդին մօտ նկատելի է քուէարկելու պատրաստակամութիւն: Յուսանք մինչեւ երեկոյեան ժամերուն աշխատանքը նոյն ընթացքը կ՛ունենայ, եւ մենք կ՛արձանագրենք յաղթանակ:
Արշակ Նալպանտեան պատասխանատու- «Ռոստոմ», Հայաշէն
Քուէարկողներու մեծ թիւ ունեցանք առաւօտեան ժամերէն: Աշխատանքները հեզասահ ընթացան եւ կը շարունակեն այդպէս: Յուսանք մինչեւ օրուան աւարտը աշխատանքները նոյն թափով շարունակուին: Բնաւ դժուարութիւններ չունեցանք:
Իշխան Շահինեան – «Ռոստոմ» (Հայաշէն)
Աշխատանքները բնական կ՛ընթանան, եւ շրջանը լաւ ու կայուն վիճակի մէջ է: Ընտրութիւնները մեզի համար կարեւոր են, մեր ներկայացուցիչները, մեր թեկնածուները մեր էութիւնն են, եթէ անոնք չըլլան, մենք խօսք չենք ունենար պետութեան մէջ, ինչպէս որ էր պարագան նախապէս, մեր ներկայացուցչութիւնը ամբողջական չէր: Երբ կարենանք անհրաժեշտ յաջողութիւնը արձանագրել այս ընտրութիւններուն, կը նշանակէ, որ հայ գաղութը այսպիսով շատ մեծ յաղթանակ տարաւ: Յուսամ յաղթող երեսփոխանները գալիք հանգրուանին կը շարունակեն ժողովուրդին թիկունք կանգնիլ: Ձեռք ձեռքի տալով ամէն բան կարելի է յաջողցնել: Երեսփոխանները նոր ուժով, նոր թափով պիտի կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ օր յուսախաբ ձգած է իր ժողովուրդը:
Վարդան Ազնաւորեան – ընտրական կեդրոն – Զոքաք Պլաթ
Հայ ժողովուրդի զաւակները առաւօտ կանուխ ժամերէն եկան իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու, իրենց ձայնը տալու ՀՅ Դաշնակցութեան: Ընդհանուր աշխատանքները շատ հեզասահ կ՛ընթանան: Մեր ընտրամեքենան շատ աշխուժ է: Յուսանք արդիւնքը դրական կ՛ըլլայ, եւ Դաշնակցութեան թեկնածուները յաղթական դուրս կու գան:
Յարութ Յովակիմեան
Աշխատանքները իրենց բնական ընթացքի մէջ են: Իմ կարծիքովս, քուէարկութեան պատկերը սովորական ձեւով կը պարզուի: Մեր հայորդիները գիտակից են պարտաճանաչութեամբ եկան ու իրենց քաղաքացիական արդար պարտականութիւնը կատարեցին` զարգացած եւ ապահով Լիբանան մը ունենանլու հեռանկարով:
Քարոլ Կարապետեան (ԼԵՄ-ական – «Անի» ակումբ – Ժտէյտէ)
Վարձքը կատա՛ր բոլորին, թէ՛ ակումբներուն մէջ աշխատող կուսակցականներուն եւ համակիրներուն, թէ՛ ալ ժողովուրդին, որոնք բոլորն ալ հաւատք ունին մեր կուսակցութեան նկատմամբ: Կը մաղթեմ, որ օրուան վերջաւորութեան ապահովենք ակնկալուած յաղթանակը:
Նարօտ Սերուժեան («Գ. Նժդեհ» – Զալքա – ԼԵՄ-ական – Ընտրական աշխատանքներու մասնակից)
Մթնոլորտը շատ հաճելի էր: Մենք` ԼԵՄ-ականներս, առաւօտեան շատ կանուխ եկանք ակումբ` մասնակցելու ընտրական աշխատանքներուն: Այսօր մեր պարտականութիւնն է օգտակար դառնալ ժողովուրդին, որ հեզասահ ընթանայ անոր մասնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն: Այսպիսով նաեւ մենք կատարած կ՛ըլլանք մեր պարտականութիւնը մեր կուսակցութեան նկատմամբ:
Լուսին Տէր Խաչատուրեան («Գ. Նժդեհ» – Զալքա – քուէարկող)
Ինքնակամ ներկայացայ ակումբ, որպէսզի կատարեմ իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի այս պարտականութեան կարեւորութեան եւ իր քուէն տայ Դաշնակցութեան:
Սարօ Թոնդեան (Նաքքաշ – քուէարկող)
Ես համաձայն չեմ «Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնել» արտայայտութեան: Հայկական երեսփոխանական պլոքը չդադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, նոյնիսկ երբ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած մեր երեսփոխաններուն թիւը նուազեցաւ: Այսօր առիթ է, եւ մեր պարտականութիւնն է աւելի եւս ընդլայնել հայկական պլոքը` քուէարկելով Դաշնակցութեան թեկնածուներուն օգտին եւ միւս կուսակցութիւններուն երեսփոխանները ներառելով պլոքին մէջ:
Նազօ Քասէմճեան («Մարուխեան» կոմիտէ – Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – քուէարկող)
Կոչս ուղղուած է բոլորին: Խուռներամ պէտք է մասնակցիլ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ մեր քուէն տալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միշտ պաշտպանած է մեր ժողովուրդը եւ տէր կանգնած անոր իրաւունքներուն: Ես իմ քուէս պիտի տամ Յակոբ Թերզեանին եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ Դաշնակցութեան միւս թեկնածուներուն:
Նաթան Պետրոսեան (ԼԵՄ-ական – «Շուշի» կոմիտէութիւն – Ռաուտայի ակումբ)
Այսօր մենք` ԼԵՄ-ականներս, մեր մասնակցութիւնը կը բերենք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար տարուող աշխատանքներուն, որովհետեւ համոզուած ենք, որ օրուան վերջաւորութեան եթէ յաղթանակ արձանագրենք, ապա այդ յաղթանակը պիտի ըլլայ ամբողջ հայութեանը: Յատկանշական է, որ այս աշխատանքներուն նաեւ կը մասնակցին մեր սուրիահայ ընկերները, որովհետեւ անոնք նոյնպէս համոզուած են, որ լիբանանահայութեան յաղթանակը պիտի ըլլայ նաեւ սուրիահայութեանը եւ առաւել եւս պիտի ամրապնդէ սփիւռքահայութեան ուժը:
Պետիկ Ծառուկեան («Շուշի» կոմիտէութիւն – Ռաուտայի ակումբ)
Ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ իր տալիք քուէն միայն Դաշնակցութեան չէ: Ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ իւրաքանչիւր քուէ թուային ուժի ցուցադրութիւն է լիբանանահայութեան համար: Ասիկա ապագայի հաշուոյն շատ կարեւոր է: Մենք մեր քուէով կրնանք զօրացնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը: Հետեւաբար յոյսով ենք, որ մեր ժողովուրդը մեզի յուսախաբ չ՛ըներ եւ կ՛ընդառաջէ մեր կոչին:
Սիլվա Սաղրեան
Ես Միացեալ Նահանգներէն եկած եմ, որ իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս կատարեմ: Շատ ուրախ եւ հպարտ կը զգամ, որ հայ եմ: Այս ընտրութիւնները կարեւոր են լիբանանահայութեան հայապահպանման եւ հզօրացման համար: Վարձքը կատար բոլոր հայորդիներուն, որոնք կը տանին ընտրական այս աշխատանքը:
Ռիթա Փարմաքսզեան
Քուէարկութիւնը շատ կարեւոր է իբրեւ ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւն: Մենք ամբողջ սրտով եկած ենք կատարելու մեր պարտքը. մենք կ՛ուզենք, որ հայութիւնը միշտ բարձր պահէ իր գլուխը եւ ունենանք հայութեան կշիռին համարժէք ներկայացուցիչ խորհրդարանին մէջ, որ թիկունք կանգնի հայութեան` բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Յովհաննէս Այնթապլեան
Ոգի ի բռին պէտք է աշխատինք, որպէսզի մեր թեկնածուներուն ցանկը յաղթանակ արձանագրէ, եւ մեր թեկնածուները հայութեան տէր կանգնին, որպէսզի այս գաղութը պահուի, եւ անոր իրաւունքները պաշտպանուին: Դաշնակցութիւնը միշտ ծառայած է հայ ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքները պաշտպանած, մենք ալ մեր կարգին թիկունք կը կանգնինք մեր սիրելի կուսակցութեան: Ես կ՛առաջարկեմ, որ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները պաշտպանուին, եւ կարենանք ձրի հիւանդանոց մը կառուցել Պուրճ Համուտի մէջ:
Փոլին Սաղրեան
Մեզի ազատութեան առանձնաշնորհումը տրուած է, եկէք չկորսնցնենք զայն: Ժողովուրդը պէտք է առիթ ունենայ իր խօսքը ազատօրէն ըսելու ընտրութիւններէն առաջ եւ ընտրութիւններէն ետք: Բոլորս միասնաբար պէտք է աշխատինք փոփոխութիւն կատարելու մեր հասարակութեան մէջ, որպէսզի հայութիւնը կարենայ արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ:
Արա Ազատ
Կարեւոր է, որ այսօր իւրաքանչիւր լիբանանահայ քուէարկէ, որպէսզի իրենց ձայները արդիւնաւորուին, որովհետեւ մեր ազգային, քաղաքացիական իրաւունքները յստակօրէն միայն մեր թեկնածուներն են, որ պիտի պաշտպանեն: Այն թեկնածուները, որոնք Լիբանանի դրօշակը սխալ դրած են, ոչ մէկ արժէք ունին: Եթէ պիտի մասնակցիք ընտրութիւններուն իբրեւ թեկնածու, նուազագոյնը ձեր երկրին դրօշակին պէտք է ծանօթ ըլլաք եւ, ոչ թէ սխալ դրօշակ դնելով հպարտանաք:
Ստեփան Բարսեղեան
Պոսթընէն եկած ենք քուէարկելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած թեկնածուներուն: Մեր առած քայլը կարեւոր է մեր ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու համար: Մենք արտասահման կ՛ապրինք, բայց մեր կապերը միշտ ամուր եղած են սիրելի Լիբանանի հետ: Մենք պէտք չէ մտածենք միայն լիբանանեան տարողութեամբ: Իբրեւ հայութիւն այս ընտրութիւնները կարեւոր են թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին իմաստով:
Լարա Աւետիսեան – Աշեքեան (Քուէարկող – Աբգարեան վարժարանի քուէարկութեան կեդրոն)
Ես եկած եմ քուէս տալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Մենք անհատներու չենք քուէարկեր, մենք Դաշնակցութեան կը քուէարկենք: Մենք մեր քուէով կը հզօրացնենք մեր գաղութը: Ես յոյս ունիմ, որ հայութիւնը անտարբեր պիտի չըլլայ եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ընտրութիւններուն, որպէսզի մեր եւ յառաջիկայ սերունդներուն ապագան ապահով ըլլայ Լիբանանի մէջ:
Նորայր Նաճարեան
Յստակ է, վարանելու պէտք չկայ, մենք ունինք մէկ ներկայացուցիչ, այդ ալ Դաշնակցութիւնն է: Բոլորն ալ պարտաւոր են քուէարկել յանուն ապահով եւ հանգիստ Լիբանան մը ունենալու:
Մարալ («Անի» ակումբ – Ժտէյտէ -քուէարկող)
Բոլոր ընտրութիւններուն` քաղաքապետական, թէ խորհրդարանական, շատ կանուխ կը ներկայանամ ակումբ, որպէսզի իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս կատարեմ: Կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է իր քուէն տալ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:
Կարօ Քելեշեան («Անի» ակումբ – Ժտէյտէ -Միացեալ Նահանգներու Տալլաս շրջանէն եկած քուէարկող)
Մենք, Միացեալ Նահանգներ բնակելով հանդերձ, կ՛ապրինք Լիբանանի հոգերով, կը մտածենք Լիբանանի մասին: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ այս ընտրութիւններուն ես եւ երկու մանչ զաւակներս` Նժդեհը եւ Եղիան, եկած ենք նեցուկ կանգնելու Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն: Մենք հոգեկան բաւարարութիւն կը զգանք այս ընտրութիւններուն մեր մասնակցութիւնը բերելով:
Հայորդի մը – Շարլ Հըլու կեդրոն
Լիբանանահայերուն պարտականութիւնն է քուէարկել, որպէսզի լիբանանահայութիւնը կարենայ այս երկրին մէջ պաշտպանել իր իրաւունքները: Շատ կարեւոր է մեր ներկայութիւնը այս ընտրութիւններուն` փաստելու, որ լիբանանահայերը գոյութիւն ունին եւ կը պահպանեն իրենց իրաւունքները:
Մարալ Անթոյեան – Չաթալպաշեան վարժարան
Իւրաքանչիւր լիբանանահայու պարտականութիւնն է քուէարկել, որպէսզի լիբանանահայութիւնը կարենայ այս երկրին մէջ պաշտպանել իր իրաւունքները: Շատ կարեւոր է մեր ներկայութիւնը այս ընտրութիւններուն, որպէսզի փաստենք, որ լիբանանահայութիւնը գոյութիւն ունի եւ տէրն է իր իրաւունքներուն:
Նուէր Զաքարեան
Մենք միշտ ալ Դաշնակցութեան ուղիին հետեւող եղած ենք, քալած ենք մաքուր ճամբէն, մեր կեանքը անցուցած ենք հայկական ակումբներու եւ միութիւններու մէջ, երբ բանի մը կարիք ունենանք, մեր ձեռքը կ՛երկարենք հայութեան: Մենք երբեք ոտնակոխ չենք ըներ մեր արժէքները, մեր ակումբերը մեր տուներն են, հարազատ երդիքներ են: Մենք այսօր եկած ենք մեր քուէն տալու այս բոլոր հայկականութիւնը պահող Դաշնակցութեան, որպէսզի մեր զաւակներն ալ յառաջիկային մեր ակումբներուն մէջ հասակ առնեն, թեւ ու թիկունք կանգնին ազգին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը մաքուր ճամբայ է, մենք կը մերժենք կեղծն ու օտարը: Մենք կանգ ու պիտի մնանք:
Ժաք Քաթարճեան – Չաթալպաշեան վարժարան
Մենք եկած ենք մեր քուէն տալու Դաշնակցութեան: Այս քուէարկութիւնը կարեւոր է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, որովհետեւ ասով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանը պահել ու լիբանանահայերուն իրաւունքները պաշտպանել: