ՓԱԹԻԼՕ
Արդէն մտած էինք մայիս ամիսը, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրը կը մօտենար յանկարծ նկարներ յայտնուեցան ասդին ու անդին, բնականաբար` առաջադրուած թեկնածուներու նկարներ: Աթոռի պայքարին զուգահեռ սկսաւ քուէի առեւտուրը: «Միւսները հազար տոլար կու տան կոր»-ը ընթացք առաւ, իսկ ոմանք շեղեցան… Իսկ որո՞նք են միւսները. ո՞ւր էին մինչեւ հիմա. դարէ մը աւելի է, որ Դաշնակցութիւնը թիկունք կանգնած է հայուն, Հայ դատի ճանաչման համար պայքարած է: Ինչ կը վերաբերի առեւտուրին, այդ գծով հիմնական հարցումը հետեւեալն է. Ո՞վ հայրը կը ծախէ, ո՞վ կը մոռնայ իր հօր զոհաբերութիւնը եւ ուրիշին քանի մը ղրուշին նայելով «ինչու դուն ի՞նչ ըրած ես որ» կը հարցնէ հօրը:
Դաշնակցութեան թեկնածուները միշտ մեր կողքին էին, այլոց նման օդապարիկով չյայտնուեցան յանկարծ: Մեր միութիւններուն մէջ գործեցին, հայկական միջավայրի մէջ ծնած են, սնած ու մեծցած եւ վստահաբար մեր արդար ձայնն են խորհրդարանին մէջ… ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անձամբ տնօրէնս եղած է. մեզի հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ դասաւանդած է… Մտքիս մէջ մինչեւ օրս դրոշմուած է «Ոչ մէկ աշակերտ հայ դպրոցէն դուրս պիտի մնայ»-ի իր խիստ կեցուածքը: Պուրճ Համուտի առաջին հանրային գրադարանին հիմնադիրն է, մեզ հայերէն կարդալու մղած է, հայ գիրք տրամադրած ու Դաշնակցութեան հպարտ զաւակն է ան:
«Միւսները հազար տոլար կու տան կոր» ըսողները անգամուան մը համար թող յիշեն, թէ «Արեան կանչի» համար ո՞ր թիւին հեռաձայնած են այսքան տարիէ ի վեր, պայթուցիկի ձայնէն մտահոգուելու պարագային որո՞ւ ակումբը վազած են: «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը ո՞ր ձայնասփիւռի կայանի եթերէն կը սփռուի. հազար տոլար փնտռողները թող իրենց հայեացքը ուղղեն Եռաբլուր` մեր սրբազան պանթէոնը` իրենց արիւնն իսկ չխնայած մեր հերոս տղոց:
Այսօրուան «ինչու ի՞նչ ըրած էք» հարցումին իբրեւ պատասխան մեր հայրը իր ըրած բոլոր բարիքները օրին ձեր աչքը չէ մտցուցած… առյաւէտ յիշեցման համար հաշուեկշիռները տպելով Պուրճ Համուտի պատերը չէ փակցուցած… Այսօր տոլարէն կը կուրնաք… Տակաւին քանի մը օր առաջ ՀՄԸՄ-ի նուաճած բաժակին լուրը լսելով կը ցատկռտէիք… Ոմանք թիւեր կը պահանջեն, հաշուետուութեան կարիք յայտարարած են:
Նախ եւ առաջ, եթէ մեր միութենական կամ մշակութային առօրեային մէջ ըլլային, մեր ձեռնարկներուն ներկայ ըլլային, ականատես կ՛ըլլային մեր բեղուն գործունէութեան, ապա օդին մէջ թիւ չէին փնտռեր: Չէ՞ որ ուսողութիւնն ու թիւերն ալ տրամաբանութիւն կը պահանջեն: Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւնները օրին մամուլով յայտարարած են թիւեր:
Յիշեցում. ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ունի 6000 անդամ, գաղութի երիտասարդութեան տրամադրութեան տակ դրած է 4 մարզասրահ, ամէն տարի կը ցրուէ 4 թիւէ կազմուած 3000 «Զգուշ» պարբերաթերթ` անվճար: 2017-ին 120 միլիոն լիբանանեան ոսկիի նպաստ տրամադրած է, ներառեալ հիւանդանոցային եւ տնային սարքեր, ինչպէս նաեւ համալսարանական օգնութիւններ: Անցնող տարուան ընթացքին ԱՖՀԻԼ-ը հոգացած է 3 միլիոն տոլարի հասնող հիւանդանոցային ծախս:
«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը բազմաթիւ հայ երիտասարդներու կեանքը փրկեց: Այլ օրինակ մը ԼՕԽ-ն է, տարին 26000 պարագայ խնամք կը ստանայ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն: 220 պարագայ կ՛օգտուի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն, 5000 պարագայ` շողարձակումի բաժանմունքէն, 4000 պարագայ` դեղարանին ընծայած մատչելի սակերով դեղերէն, 5000 պարագայ` տարրալուծարանի ընծայած սպասարկութենէն, 6000 պարագայ` ատամնաբուժարանէն: 2017-ին դարձեալ 75 ծանր առողջապահական վիճակ ունեցողներ նիւթական օգնութիւն ստացան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն: 200 անտէր ծերունիներ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու տրամադրած խնամքէն կ՛օգտուին, շաբաթը 2 օր անվճար ճաշ կը ստանան: 464 աշակերտ աշակերտական ֆոնտէն կրթաթոշակ ստացաւ, իսկ 50 համալսարանական` Շրջանային վարչութենէն տրամադրած նիւթական պարգեւ:
Երեսփոխանական գրասենեակը 21 դեկտեմբեր 2017-ի տուեալներով լուծած է 1650 զանազան բնոյթի հարցեր` ներկայացուած քաղաքացիներուն կողմէ, տարբեր նախարարութիւններու եւ ժողովուրդին միջեւ կամուրջ հանդիսանալով: Գրասենեակը կարիքաւորներուն տրամադրած է 348 ծրար ուտեստեղէն: Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն օգտուած են 312 դիմողներ:
Իրագործուած աշխատանքի ծաւալը այնքան լայն է, որ ամէն ինչ յիշելու համար հատորներ կը պահանջուի: Հայ դատի աշխատանքներ, մարզական, ուսումնական, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ճամբարներ, դրամահաւաքներ… Եթէ «միւսները 1000 տոլար կու տան կոր», մերինները իրենց էութիւնը հայութեան տուած են, կու տան ու պիտի տան…