Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երեւան, Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) թանգարանէն գնած էի մանրակազմ, բայց հաստափոր հատոր մը` «Միտքեր» (Արեւելք-արեւմուտք մատենաշար), լոյս տեսած` 2011-ին:
Երբեմն կը բանամ գիրքը, կը դարձնեմ էջերը: Ինչե՜ր ըսած եւ գրած է ժողովուրդին եւ հողին մօտ ապրած այս հայը: Չեմ ուզեր սահմանափակել մարդը` ըսելով բանաստեղծ, հեքիաթագիր, գրող:
1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան «նախարարապետ»-ին ուղղուած նամակէ մը մէջբերում կայ, որ կ’ըսէ. «… մենք արդէն ունենք մեր կառավարութիւնը, որի համար հայ կուլտուրայի (մշակոյթի) պաշտպանութիւնը առաջնակարգ հոգսերից պիտի լինի»: Յովհաննէս Թումանեան ծանօթ էր այդ օրերու երկրի ընկերային եւ տնտեսական կացութեան, եւ հակառակ անոր գիտէր, որ հայ մշակոյթի զարգացումը կը պահանջէ պետական պաշտպանութիւն, որ` ան առաջնակարգ մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ կառավարութեան համար:
Ընդհանրացնելով, ըսենք` մշակոյթը առաջնակարգ մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ, եւ ըլլար հայ ղեկավարութեան համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Չի բաւեր գրողներու անուններ յիշել: Անհրաժեշտ է մշակոյթը պահել կենդանի, ոչ` որպէս գեղօր, զարդարանք, այլ որպէս` ինքնութեան եւ տեւելու կամքի արտայայտութիւն:
Այս մասին խօսած է Յովհաննէս Թումանեան, երբ դեռ կառավարութիւն չունէինք, 1916-ին, հայոց պատմութեան ողբերգութեան դաժան օրերուն: Կ’արտագրեմ քանի մը խօսքեր, ըսուած` 1916-ին:
Կ’ըսէ. «Ազգային-պետական օժանդակութիւնը անհրաժեշտ է դառնում մանաւանդ էն երկրներում, ուր ժողովուրդը, թէկուզ եւ զարգացած, բայց իր քանակով փոքր է. օրինակ` մի Շուէտիա, մի Նորվեկիա, մի Դանիա: Նրանց գրողը, թէկուզ եւ Իբսեն լինի, չի կարող յոյս դնել իր ընթերցողների քանակի վրայ, եւ ազգային-պետական օգնութիւնն անհրաժեշտ է եղել, որպէսզի նա ապրէր, զօրանար ու դառնար համեւրոպական կամ համաշխարհային գրող»:
Ինչ որ կ’ըսէ Յովհաննէս Թումանեան, ողջմիտ մարդու խօսք է: Այսօր այս ողջմտութիւնը կա՞յ մեր ազգաշինական ծրագրումներուն եւ անհատնում երթեւեկներուն, խօսքի եւ պատկերի ցուցադրութիւններուն մէջ:
Այսինքն գրողը, գրականութիւնը եւ մշակոյթը մեծցնողը ժողովուրդն է, ընթերցողը: Մեր ժամանակակիցները, հոն, ուր հայ կայ, վարչականներ (որոնց թիւը ազատագրական բանակ կրնայ ըլլալ), միութիւնները, կուսակցութիւնները, եթէ լսէին Յովհաննէս Թումանեանը… Եթէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարին մէկ գիրք գնէր եւ կարդար…
Քննադատութիւնը այնքա՜ն բիրտ է եւ այժմէական, երբ կ’ըսէ, թէ` «… չի կարելի հանդիսաւոր օրերը գրականութիւնը մէջտեղ դուրս բերել խաչվառի նման ու հանդէսից յետոյ, ուրիշների առջեւ պարծենալուց յետոյ նորից ետ տանել, կոխել մի մութը խորան, որտեղից դուրս էին բերել»: Մտաբերեցէ՛ք դպրոցական եւ այլ հանդէսներուն մեր ծափահարած բանաստեղծութիւնները… Ծափահարուողը մանկապարտէզի թոթովող մանուկն է, քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս, քան` լսուածը:
Այնքա՜ն ողջմիտ եղած է Յովհաննէս Թումանեան. ան գիտցած է, որ ժողովուրդի մը գրականութեան մէջ չկան միայն հանճարներ, այլ նախ կան գրողներ, որոնց մէջէն կը յայտնուին մեծերը: Կարեւորը գրողներու պաշտպանութիւնն է: Կ’ըսէ. «Գրականութիւն ունենալու համար ժողովուրդները պէտք է ոչինչ խնայեն եւ նոյնիսկ պաշտպանելու դէպքում էլ լաւ իմանան, որ իրենց պահածներից եւ պաշտպանածներից տասնից մինն է միջակ գրող դուրս գալու, հարիւրից մինը` տաղանդաւոր եւ հազարից մինը` հանճարեղ»:
Արտայայտուած միտքը այնքա՜ն պարզ է եւ իմաստուն: Գրողի տաղանդաւոր կամ հանճարեղ ըլլալը անմիջապէս չի գիտցուիր, ան նախ պէտք է գրէ, հնարաւորութիւն ունենայ գրելու, տպագրուելու, հասնելու ընթերցողին, ընթերցողն ալ հասնի գրողին: Բայց ինչպէ՞ս գրողը պիտի հասնի ընթերցողին եւ` փոխադարձաբար, երբ հայ գրողին գիրքը լոյս կը տեսնէ 100, 200, բախտաւոր պարագային 400 օրինակով: Այդ գիրքերը ընդհանրապէս նուէր կը տրուին: Գրող մը, Ս. Կ., կ’ըսէր, որ իր գիրքերէն մէկ տոլար չէր գանձած, ուրիշ մը կ’ըսէր, որ գիրքը ոչ միայն նուէր պիտի տանք, այլ դրամ ալ պիտի տանք, որ կարդան…
Կատա՞կ, թէ՞ տրամ…
1919-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարապետին ուղղուած նամակը այսօր որո՞ւ եւ որո՞նց պէտք է ուղղել, այնքա՜ն բազմաթիւ են նախարարապետի դիրքին պէս տեղերու վրայ գտնուողներ, որոնց համար գիր-գրականութիւն անկարեւոր զբաղումներ են: Ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, թիւերու լեզուն ենթակայական չէ, վիճելի չէ: Հազարով խորհրդաժողովի եւ հացկերոյթի մասնակցողներուն, սրահի մուտքին, հարց պէտք է տալ, թէ տարուան ընթացքին քանի՛ գիրք գնած են եւ կարդացած: Եթէ այդ երեւելի անձինք այդ ճիգը չեն ըրած եւ չեն ըներ, ի՞նչ կարելի է ակնկալել շարքային հայէն, զանգուածէն: Միութիւններու, կուսակցութիւններու, այլանուն եւ բազմանուն խորհրդաժողովներուն օրակարգ եղա՞ծ է, կրնա՞յ ըլլալ, օր մը պիտի ըլլա՞յ այս հարցը:
Այս մասին խօսիլ ո՛չ աւելորդաբանութիւն է, ո՛չ պերճանք:
Անկախութիւն եւ պետութիւն կը յատկանշուին ինքնութեամբ, ազգի ինքնուրոյնութեան պահպանումով: Քաղաքական անկախութիւնը փուճ է, եթէ չկայ ոգեկան-մշակութային անկախութիւնը: Կրնանք մեծ գիտնականներ ունենալ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, օտարաբարբառ մեծ գրողներ եւ արուեստագէտներ ունենալ, անոնց նպաստը մեր ժողովուրդը չի ջերմացներ, յարդի բոց է` տօնական առիթներու սնապարծութեան համար, անվաղորդայն: Օտարացման խաւարէն դուրս պէտք է բերել հայու հոգին, գրականութիւնը, մշակոյթը: Կրկին կը կարդամ Յովհաննէս Թումանեանի միտքերէն մին, ըսուած` Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) համալսարանին մէջ, 1920-ին. «Մեր ժողովրդին բռնակալներից ֆիզիքապէս ազատելուց յետոյ պիտի ազատել նրա միտքն ու հոգին աւարի ու տգիտութեան բռնակալութիւնից եւ հաղորդակից անել լուսաւոր մարդկութեան ու տիեզերքի մեծ կեանքին»:
Հարիւրամեակ, խորհրդաժողովներ, ամպագոռգոռ ճառեր, պիտի հակի՞ն յիշուած եւ մանրուք հարցերուն վրայ, եւ անդրադառնան, որ ինչպէս ըսած է Յովհաննէս Թումանեան, մշակոյթը պետական պաշտպանութեան պէտք ունի, այսինքն` ղեկավարութիւններու:
Բայց ողջմիտ Յովհաննէս Թումանեան չի սաւառնիր եթերի մէջ, չի բաւարարուիր տեսութիւններով: Գիտէ, որ մշակոյթ եւ գրականութիւն կը շնչեն մարդոցմով: Ինչ որ կ’ըսէ, 1920-ին Նիկոլ Աղբալեանին ուղղուած նամակին մէջ, բազմապատկուած ձեւով հասկնալի եւ տեսանելի է այսօր, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Գրողներ կը զբաղին այլազան գործերով` ուսուցիչ, ատամնաբուժ, բժիշկ, լրագրող, թերթի սրբագրիչ, ընկերութեան մը մէջ պաշտօնեայ: Կը կարդանք. «Քաջածանօթ լինելով հայ գրական մարդկանց վիճակին… խնդրում եմ արտակարգ կերպով օգնութեան հասնէք մեր էդ թանկագին ուժերին, որոնք կազմում են հոգեւոր Հայաստանը»:
Շռնդալից ժողովներու սկիզբը եւ վերջը կան գինեձօններ, ընդունելութիւններ, ճաշկերոյթներ, բայց կա՞յ տեղ մը որոշման յանգող օրակարգ` Յովհաննէս Թումանեանի նշած հոգեւոր Հայաստանի եւ անոր սպասարկուներու մասին:
Նամակը գրուած է նախարարապետին եւ ապա` լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանին:
Այսօր ինչպէ՞ս նամակ պէտք է գրել եւ որո՞ւ, որպէսզի հանրային կարծիքը զբաղեցնող մեծանուն եւ տպաւորիչ ժողովներ, տիտղոսակիր անդամներ, խորհուրդներ եւ վարչութիւններ այս հարցը օրակարգ դարձնեն, ոչ թէ` սրտցաւութեան կարգով, այլ` ազգը եւ անոր ինքնութիւնը կրող գրականութիւնը պաշտպանելու գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ:
Որպէսզի ազգին համար ամօթ համարուի 100, 200 կամ 400 տպաքանակով գիրք հրատարակել եւ նուէր բաժնել…
Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայրենիքի անկախութեան եւ ազատութեան համար պատուանդան են մշակոյթը, հոգեւոր Հայաստանը եւ զանոնք կրող հայ գրողը:
Տեսաբաններ եւ կարգախօս կրկնող շրջիկ քաղաքագէտներ ինչո՞ւ այս կարգի հարցերով չեն դիմեր զանգուածին` խորք ունեցող ըմբռնումներու վրայ հաւաքական կամք ստեղծելու համար:
Ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ո՞վ եւ որո՞նք ատակ մարդու պարկեշտ պատասխան պիտի տան հարցումին, տարեդարձի մը առիթով երկհազարամեայ մշակոյթի պաշտպանութեան համար:
Ափրիկեան առած մը կ’ըսէր, որ առանց մշակոյթի` ժողովուրդ մը կը նմանի կռնակին գիծեր չունեցող վագերաձիի: Բարեկամ մը աւելցուց, որ եթէ վագերաձին իր կռնակին այդ գիծերը չունի, կը նմանի… իշու…
18 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան