Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պապուկս

May 7, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ

Պապո՜ւկս… Ան թէեւ իմ հօրս հայրը չէր, այլ` հօրեղբայրը, բայց ան իմ պապուկս էր:

Մանկութեան, պատանեկութեան յուշեր` փոքր տնակի մը մէջ, Գարատուրանի աւետարանական եկեղեցւոյ կից: Հո՛ն էր, որ կ’ապրէր  երկար տարիներէ ի վեր եւ կը ծառայէր նոյն եկեղեցւոյ, որուն բակին մէջ  մեր շատ փոքր  տարիքէն կը խաղայինք եղբայրներս  ու ես: Մեր ազատութեան վայրն էր ան: Մեր խաղը ամենահաճելին էր հոն, ուր մեր բոլոր չարաճճիութիւնները ընելէ ետք, երբ կը հասնէր մօրմէս բարկութիւն լսելու պահը, հո՛ն էր մեր միակ պաշտպանը` պապուկս. «Թո՛ղ զիրինք, թըղ խաղուն» (թո՛ղ զիրենք, թո՛ղ խաղան): Ու այդպէս,  ամէն անգամ որ յանդիմանուելու պահը վրայ հասնէր, վազելով կ’երթայինք  պապուկիս թեւերուն տակ ծուարելու:

Մեր շուրթերուն վրայ իր մասին «բարի» ածականն էր. բարի՜ պապուկ: Բոլորէն սիրուած վարժապետը,  ամէնուն ուսուցիչը եւ ընկերը: Բոլոր թաղեցիները կու գային քովը, մանաւանդ երբ կ’երգէր անոր կրամոֆոնը (թաղեցիներուն բերնով` ֆոլքլորը): Այս բառը ես տարիներ չէի կրցած հնչել ճիշդ ձեւով: Պապուկս ունէր զուտ հայկական ձայնապնակներ: Անոնցմէ ելած  ձայնը գիւղի թռչուններուն երգէն ալ անուշ էր, Գարատուրանի լեռները պահած են այդ ձայնը մինչեւ  իսկ իրենց քարերուն մէջ:

Պապուկս ունէր իրեն պէս ծերուկ, բայց միշտ կայտառ ու գեղեցիկ ծառ մը` թթենի՜ն: Անոր շուքին տակ մենք պարեր ենք, ցատկռտեր, երազեր ու օրօրուեր: Պապուկս ձեռքը անոր բունին դրած` կը ջրէր զայն ու կը ժպտէր` ըսելով. «Է՜հ, դուն ալ, ես ալ կը ծերանանք կոր»:

Տարիներ շարունակ ան իր եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ սէ՛ր տուաւ անոր ու գիւղի բոլոր հայրենակիցներուն, շարունակեց բնակիլ իր տնակին մէջ, մինչեւ պատերազմի ու տեղահանութեան օրերը: Գիւղը պարպուեցաւ, բնակիչները բաժնուեցան իրենց տուն ու տեղէն, իրենց հողէն, ու գիւղը դադրեցաւ հարազատ շունչէ: Իսկ ա՞ն, չուզեց այդ բոլորը, «Իս չուրթում» (ես  չե՛մ երթար) ըսաւ ու մնաց գիւղ… մինչեւ որ բռնի ուժով բռնեց օտարութեան ճամբան: Իր սրտին մէջ կար փշոտ ցաւ մը, երբ կը պատմէր իր տեսածները, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին աւերած են, ինչպէս ամէն ինչ ջարդուփշուր ըրած, ինչպէս  բերած եւ իր աչքերուն առջեւ  պատռտած են  Աստուածաշունչը: Իր բառերը խոր ցաւ ունէին, իսկ իր աչքերը` աղի արցունք:

Քեսապը վերադառնալէն ետք, ինքն ալ վերադարձաւ, բայց իր ցաւը դէմքին` խո՜ր հետք ձգած: Արդէն 94 տարեկան էր, բայց տակաւին միտքն ու հոգին աշխատանքի յոյսով լեցուն էին. «Պատուելի՛, ծրագրենք տան ու եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Պիտի շարունակեմ իմ ծառայութիւնը անոր, ե՞րբ պիտի սկսինք, պատուելի՛…»:

Անոր միտքը, նոյնիսկ անկողինին մէջ, չարչարուող մարմինով, կը ծրագրէր, կը մտածէր աշխատանքի մասին, Քեսապի վերականգնումի գաղափարին եւ գործին մասին, մինչեւ որ աչքերս  զինք տեսան հանգիստ  ննջած, բայց կը կարծեմ, որ հանգիստ չէր: Անոր դէմքին արտայայտութիւնը ինծի համար հասկնալի էր, կ’ըսէր. «Ա՜խ, գործս կէս մնաց…»:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Համազգային Կամքի Երիտասարդական Ներուժը…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.