Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Արցախի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Այլընտրանք Չի Տեսներ

June 2, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» ռուսական ծառայութեան տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ Արցախի տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ուղիով:

«Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած ենք նաեւ ղարաբաղեան հարցը: Շատ կարեւոր եղած է ընդգծելը, որ հարցին խաղաղ կարգաւորումը խնդիրի լուծման միա՛կ ճանապարհն է: Այստեղ չկայ որեւէ ուժային լուծումի տարբերակ: Ատիկա ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ռուսիոյ դիրքորոշումն է: Բարձրացուցած եմ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցը: Կը կարծեմ, որ մենք կառուցողական քննարկում ունեցած ենք», ըսած է Փաշինեան:

Ան նաեւ նշած է, որ ինք բարեկամաբար տրամադրուած է թէ՛ Փութինի եւ թէ ԵԱՏՄ անդամ միւս պետութիւններու ղեկավարներուն նկատմամբ: «Վստահ եմ, որ այդ յարաբերութիւնները շատ աւելի լաւ պիտի դառնան», ըսած է ան:

«Հայաստանը խաղաղ երկիր է, հայ ազգը խաղաղասէր է: Միեւնոյն ժամանակ մեզի համար կարեւոր են մեր երկրին շահերը: Մենք սերտ յարաբերութիւններ ունինք Ռուսիոյ հետ, եւ ես յոյս ունիմ, որ այդ յարաբերութիւնները պիտի դառնան աւելի խոր», աւելցուցած է ան:

Փաշինեան ընդգծած է նաեւ, որ Հայաստան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Եւրոմիութեան, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Վրաստանի եւ բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք կ՛ուզեն ու պատրաստակամ են զարգացնելու Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը:

Խօսելով Սոչիի մէջ կայացած ԵԱՏՄ վեհաժողովին մասին` Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ այնտեղ դրական մթնոլորտ կար: «Կը կարծեմ, որ այս փուլին արդէն ձեւաւորուեցան շատ լաւ անձնական յարաբերութիւններ», եզրափակած է ան:

Նախորդը

Սեմինար. Առողջ Ապրելակերպ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Անկախ Հայաստանի Քաղաքացիի Յանձնառութեամբ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.