Թիւ 150 Բանաձեւին Որդեգրման Լոյսին Տակ. «Նպատակս Տկարութիւն Չի Ճանչնար»
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին միաձայնութեամբ որդեգրեց թիւ 150 բանաձեւը եւ այսպէսով, իր ձայնը միացուց Ներկայացուցիչներու տան, որ ամիս մը առաջ որդեգրած էր թիւ 296 բանաձեւը: Այսպէսով, ամերիկացի ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ ժողովները բացայայտօրէն կը յայտարարեն, որ Թուրքիա Ցեղասպանութեան ենթարկած է հայ ժողովուրդը, Ցեղասպանութեան արարքին մասին անոր ժխտողական քայլերը անհիմն են ու անընդունելի: Վերջ կը գտնեն արդարութեան մասին...



















