ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Լիբանանի տնտեսական տագնապը բնականաբար իր ծանր ազդեցութիւնը կը ձգէ բոլորին վրայ, իսկ լիբանանահայութիւնը անմասն չի մնար:
Կուսակցութիւններ, միութիւններ, առաջնորդարան` բոլորն ալ ճիգ չեն խնայեր իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու հայ կարիքաւորներուն:
Տօնական այս օրերուն, հակառակ երկրի տնտեսական դժուար փուլին, ամէն տեղ կը տեսնենք մարդասիրական աշխատանքներ, ծրագիրներ, որոնց գլխաւոր նպատակն է օգնել կարիքաւորներուն:
Շա՛տ բարի:
Սակայն, միւս կողմէ, լիբանանեան պատկերասփիւռի կայան մը, յաւելեալ ժողովրդականութիւն եւ դիտում ունենալու նպատակով, այցելած է Պուրճ Համուտ եւ ներկայացուցած է երկու հայ ծերունիներու կեանքի դժուար պայմանները:
Իրապէս ցաւալի պայմաններ, աներեւակայելի իրավիճակ, որուն համար բոլորս ալ կ՛ընդվզինք, կը նեղանանք, կ՛ուզենք բան մը ընել եւ օգնել անոնց:
Ընդվզումը տեղին է, կարելի չէ պատկերացնել, թէ այսօր տակաւին կան տարեցներ, որոնք կ՛ապրին նման պայմաններուն մէջ: Սակայն մետալին միայն մէկ կողմը նայելով դատումներ ընելէ խուսափիլն ալ մարդկային նկարագիրի լաւ գիծ է:
Եւ տրուած ըլլալով, որ այս օրերուն համացանցը ամէնէն արագ միջոցն է, մարդիկ իրենց ընդվզումը կ՛արտայայտեն Դիմատետրի վրայ, ուրիշներ ալ, իրենց կարգին, նոյն հարթակէն կը փորձեն լուրը տարածել, օժանդակութիւն ապահովել եւ օգնել: Վարձքը կատա՛ր այդ անձերուն:
Անախորժ երեւոյթը, սակայն, կապուած է առաջին խումբին` ընդվզողներուն, որովհետեւ ընդվզում արտայայտողներուն մեծամասնութիւնը կը քարկոծէ ու կը քննադատէ առաջին հերթին կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ապա` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, միութիւններն ու առաջնորդարանը, մինչեւ իսկ` կաթողիկոսարանը:
Անոնք կը վարկաբեկեն պատասխանատուներ, անձեր, եւ միշտ ալ կը հարցնեն, թէ` «ո՞ւր են», եւ այս` ամէնէն անկիրթ բառերով ու խիստ հասարակ ոճով:
Սակայն անոնցմէ ոչ ոք գիտէ, կամ եթէ նոյնիսկ գիտէ, չ՛ուզեր յիշել, թէ այս միութիւնները, կուսակցութիւնն ու եկեղեցին, քաղաքապետարանն ու հաստատութիւնները որքան օգնած են ու կը շարունակեն օգնել այս տեսակ պարագաներու, եւ ընդհանրապէս` ժողովուրդին:
Հոս հարկ է նշել, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը արդէն իսկ այցելած էր այս ծերունիներուն, ԼՕԽ-ին հետ ալ արդէն իսկ անցած են աշխատանքի, առանց աղմուկի, բնականաբար` իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու այդ տարեցներուն: Սակայն այդ ընդվզող եւ քննադատողներէն քիչեր պիտի անդրադառնան այս երեւոյթին կամ պիտի ուզեն տեղեկութիւններ ունենալ այդ առումով:
Որովհետեւ անոնցմէ ոչ ոք կ՛ուզէ լաւ լուրի մը նուազագոյն անդրադարձը կատարել: Ոչ ոք կը քաջալերէ ու կը խօսի դրական երեւոյթներու, լաւ աշխատանքի, այս պարագային` օժանդակութիւններուն մասին, սակայն բոլորն ալ միշտ պատրաստ են որեւէ առիթ օգտագործելու եւ իրենք տեղի ու անտեղի քննադատութիւնները տեղացնելու` հիմնաւորուած թէ անհիմն:
Այդ անձերուն մեծամասնութիւնը, որոնք այսօր իրենց ընդվզումը կը յայտնեն ու կը տարածեն համացանցի վրայ, չտարածեցին կամ չուզեցին տարածել այն յայտարարութիւնը` իբրեւ դրական քայլ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրատուութիւն կատարեց լիբանանահայութեան:
Անոնցմէ ոչ ոք կը տարածէ կամ կ՛ուզէ տարածել լուրեր «Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտ»-ին կատարած յատկացումներուն մասին` հայ ընտանիքին, հայ մանուկի, հայ համալսարանականներուն, որոնց հետեւողական կերպով նիւթական օժանդակութիւններ կը տրուին: Ոչ ոք կ՛անդրադառնայ ձրի ուսում ստացող դպրոցականներուն, հիւանդանոցային կամ դեղորայքի օժանդակութիւններուն…
Ոչ ոք կը խօսի կամ կը գնահատէ հայկական միութիւններուն տարած կամաւոր աշխատանքը:
Իսկ ամէնէն կարեւորը, անոնցմէ ոչ ոք կ՛աշխատի այս միութիւններուն, կուսակցութեան կամ կազմակերպութիւններուն մէջ, որպէսզի գիտնայ, թէ որքա՛ն դժուար է այդ աշխատանքը կատարելը, յատկապէս` այս օրերուն:
Այդ անձերէն ոչ ոք կու գայ իր ներդրումը բերելու լիբանանահայ կեանքին մէջ…
Այդ անձերուն մեծամասնութիւնը, իր մասնակցութիւնը չի բերեր եւ չ՛օժանդակեր այս միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ կուսակցութեան… Ամէնէն պարզ օրինակը տանք ու ըսենք, որ յառաջիկայ օրերուն անոնք վստահաբար ծաղրանքով եւ ընդվզումով պիտի դիմաւորեն ԼԵՄ-ական երիտասարդը, ՀՄԸՄ-ական սկաուտը, ԼՕԽ-ի կամաւոր կիները ու պիտի մերժեն անոնցմէ գնել օրացոյց մը, որուն համար տրուած գումարը նուազագոյն օժանդակութիւնը կը հանդիսանայ այդ կառոյցներուն գործունէութեան: Այդպէս կրնան վերաբերիլ միայն անոնք, որոնք կամաւոր աշխատանքին մասին ոչ մէկ գաղափար ունին, խօսքի վարպետ են եւ այդպէս ալ կը գործեն:
Արդար պէտք է ըլլալ:
Կա՛մ աշխատինք միասնաբար, ամէն մէկը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ ատկէ ետք շինիչ քննադատութիւն կատարենք, կա՛մ ալ…
Բա՛ւ է: