Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոն (Դ.) Վրթանէս Փափազեանի Գերեզմանը

Դեկտեմբեր 11, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ծննդավայրիս ազգային վարժարանի յուշերուս մէջ թարմ կը մնան հայոց լեզուի դասագիրքերու կարգ մը նիւթերէն Վրթանէս Փափազեանի քանի մը պատմուածքները, որոնք անմիջապէս յիշեցի, երբ կանգ առի իր տապանաքարին առջեւ,  Կոմիտասի անուան պանթէոն այցիս պահուն: Վերյիշեցի նոյնպէս պատանեկութեանս յափշտակութեամբ կարդացած` Պէյրութ հրատարակուած Համազգայինի մանկապատանեկան մատենաշարի իր երկու գիրքերը` «Մանկութեանս յուշերէն» եւ «Պատմուածքներ», ուր մեր ժողովուրդին բաժին հանուած թշուառութեան, իրաւազրկումին ու տառապանքին ցաւերը զիս յուզեցին, այլեւ  պայծառ գալիքի յոյս ու պայքար ներշնչեցին:

Յետ այդու, կարդացած եմ նաեւ, որ ան աշխուժ մասնակցութիւն  բերած է մեր ազատագրական շարժման քաղաքական ու գաղափարական ուղին հարթելու գործին: Մօտ կանգնած Հնչակեան կուսակցութեան` որպէս հայ մարքսական մտածողութեան դրօշակիր ու այդ դիրքէն սուր քննադատած արեւմտահայոց թշուառութիւնն ու տառապանքը աւելիով ծանրացնող ներքին ցեցերուն` վաշխառու եւ փողատէր խաւերու դասակարգային չարաշահումներուն ու կեղեքումներուն, բայց նաեւ դրական, կամրջողի՛ դեր կատարած է հայ յեղափոխական կուսակցութեանց միջեւ, անոնց ձախ թեւին կանգնած գաղափարապաշտ մը ըլլալով մէկտեղ` խորարմատ ազգայնականութեան շունչը միշտ վառ պահելով իր գրականութեան մէջ:

Ափսոս, սակայն, մինչեւ օրս չկրցայ պարզել, որ մահացած ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին (26 ապրիլ 1920-ին), ուր թաղուած էր օրին, ապա աճիւնները հոս` պանթէոն տեղափոխուած, քանի որ միայն 1930-ական թուականներուն Երեւանի քաղաքային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի որոշմամբ Մլերի գերեզմանատունը փակուած էր եւ տեղը` ամայի տարածքի մէջ զբօսայգի հիմնադրուած, որուն մէկ  անկիւնը  Խորհրդային Հայաստանի օրուան նախագահ Աղասի Խանջեանի նախաձեռնութեամբ վերածուած է  արուեստի գործիչներու  գերեզմանատուն: Գուցէ նոյն` Մլերի գերեզմանատունը:

Իր գերեզմանը այցելելէս մօտ հինգ տարի յետոյ, «Ե՞րբ եւ ո՞ւմ առաջարկով առաջին անգամ ապրիլի 24-ը սահմանուեց Մեծ եղեռնի զոհերի յիշատակի օր» խորագրի տակ, «Մեգապոլիս» ելեկտրոնային կայքի հրապարակած  Վրթանէս Փափազեանի 3 ապրիլ 1920-ին` մահէն քանի մը շաբաթ առաջ գրած հետաքրքրական նամակը, որ Յովիկ Չարխչեան Հայաստանի Ազգային արխիւներուն մէջ գտած էր` ուղղուած օրուան անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, առաջարկելով, որ ապրիլ 24-ը հռչակուի իբրեւ ազգային սուգի օր:

Նամակը կ՛աւարտի այսպէս.

«Ապրիլ 12-ի կամ 13-ի օրը (հին տոմար) հռչակել համազգային սգի օր, կանգ առնել տալ ամէն հաստատութեան իր գործունէութեան մէջ, փակել բոլոր խանութները եւ կազմակերպել տալ ամէն տեղ, մանաւանդ` կրթական հաստատութիւնների մէջ, սգահանդէսներ, ուր մատաղ սերունդը լսի եւ իմանայ, թէ ինչպիսի՜ զոհերի գնով է, որ վայելում է այժմեան իր ազատութիւնը, եւ ովքե՜ր են այն նահատակները, որոնք իրենց վարդագոյն արիւնովը պսակեցին մեր անկախութիւնը»:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Կապանը` Հայաստանի 2020-ի Երիտասարդական Մայրաքաղաք

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?