Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծութենէ Մինչեւ Նամակներ. Լոյս Տեսած Է Թումանեանի Նուիրուած «Յոբելենական Ընտրանի 150» Գիրքը

December 11, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութեան ամբողջութիւնը` բանաստեղծութեան եւ արձակի լաւագոյն նմուշները ընդգրկուած են Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած «Յոբելենական ընտրանի 150. հատընտիր» գիրքին մէջ, ուր ներառուած է նաեւ «Թումանեանը լուսանկարներու մէջ» ներդիրներ` ներկայացնելով գրողին եւ անոր ընտանիքին, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն առնչուող հանրածանօթ եւ նուազ յայտնի լուսանկարներ:

Գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 6-ին ՅովհաննԷս Թումանեանի թանգարանին մէջ, կազմած են` Թումանեանի թոռնուհին, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Իրմա Սաֆրազբէկեանը եւ թումանեանագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուսաննա Յովհաննիսեանը:

«Բաւական բարդ էր աշխատանքը, որովհետեւ Թումանեանի իւրաքանչիւր տող, բանաստեղծութիւն հրաշալի է: Ան միայն բանաստեղծ չէ: Ան երեւոյթ է,  առաջնակարգ գրող, հրապարակախօս: Այս գիրքին մէջ փորձած ենք Թումանեանին ամբողջական նկարագրով ներկայացնել:  Ներառած ենք յօդուածներէն, հրապարակախօսութիւններէն հատուածներ, որպէսզի անոր պատգամները հնչեն նաեւ այսօր», նշած է Սուսաննա Յովհաննիսեանը:

Ան աւելցուցած է, որ զետեղած են նաեւ Թումանեանի նամակները: «Յանուն հայրենիքի` Թումանեանը զոհած է ո՛չ միայն իր, այլեւ զաւակներուն կեանքը, եւ այս հատընտիրին մէջ ուղղակի անհրաժեշտ էր ներառել անոր` զօրավար Անդրանիկին ուղղուած նամակը, որ կը բնորոշէ Թումանեանը իբրեւ քաղաքացի մարդ», շեշտած է թումանեանագէտը:

«Լոռիի ձոր» հայրենակցական միութեան նախագահ Սերգօ Երիցեանի խօսքով,  հրատարակողները գիրքին մէջ մօտեցուցած են Թումանեանը եւ ժամանակակից ընթերցողը իրարու: «Գիրքին մէջ կան Թումանեանի նամակներէն, յօդուածներէն, հրապարակախօսութիւններէն հատուածներ: Կրնանք ըսել, թէ Թումանեանի ստեղծագործութեան ամբողջ գունապնակը դրսեւորուած է իր բազմազանութեամբ», նշած է Երիցեան:

Տեղեկացնենք, որ գիրքը տպագրուած է «Ապաւէն» ընկերութեան համահիմնադիրներու` Արսէն Ղազարեանի եւ Գագիկ Աղաճանեանի մեկենասութեամբ, իսկ գիրքը տպագրութեան պատրաստած է «Լոռիի ձոր» հայրենակցական միութիւնը:

Նախորդը

Կապանը` Հայաստանի 2020-ի Երիտասարդական Մայրաքաղաք

Յաջորդը

Ազնաւուրի Նոր` «Մեղմ Շշուկով» Գիրքը Իր Գոյնով, Գեղեցկութեամբ Հասանելի Է Հայ Ընթերցողին

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.