Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Մեր Կատարած Բարեգործութիւնները «Չենք Ծախեր»

Դեկտեմբեր 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Լիբանանի մէջ, ժողովրդային ընդվզումին զուգահեռ, օրըստօրէ սկսաւ զարգանալ կարիքաւոր ընտանիքներու ընկերային-տնտեսական պայմաններու տեղեկատուական եւ երբեմն ալ ապատեղեկատուական վաճառքը: Բազմաթիւ կողմեր ընտանիքի մը խեղճ կացութիւնը, այլ տեղ կարիքաւորի մը անտուն վիճակը, ուրիշի մը դպրոցական կրթաթոշակ ապահովելու դժուարութիւնը եւ կամ ալ դեղորայքի բացակայութիւնը սկսան օգտագործել, այսպէս կոչուած, համաժողովրդային ընդվզումի ջաղացքին ջուր մատակարարելով եւ, առաւել եւս, տասնեակ տարիներ գործող կառոյցներու դերակատարութիւնն ու արժէքը նսեմացնելով:

Վստահաբար այս իրադրութեան մէջ մեր ընկերութիւնն ալ անմաս չմնաց: Հեռատեսիլի կայանէ մը ընտանիքի մը կացութիւնը կամ Դիմատետրի վրայ պատկեր մը բաւարար եղան, որ շատեր սկսին ոչ միայն քննադատել, այլ նաեւ վարկաբեկել մեր հոգեւոր պետերը, կուսակցութիւնները, կառոյցները…

Մեր բարեսիրական, ընկերային, առողջապահական եւ ծառայողական կառոյցները ամէն օր ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններ ունեցող պարագաներու կը հանդիպին, ամէն օր անտուն մարդոց կը փորձեն ապաստան գտնել, ամէն օր անպայմանօրէն հիւանդանոց մուտքի համար կա՛մ դրամ եւ կա՛մ անհրաժեշտ դասաւորում կը կատարեն: Մեր կառոյցներու ճիգերով մեր աշակերտներուն մեծ տոկոսը կրթաթոշակներէն զեղչ կը ստանան եւ երբեմն ալ նուազագոյն ու խորհրդանշական վճարումով դպրոց կը յաճախեն: Տակաւի՛ն, բազմաթիւ ծերունիներու հոգատարութիւն կը մատակարարեն, կարիքաւորներու հերթական դրութեամբ սննդագին կը տրամադրեն, բնակարաններու նորոգութիւններ կը կատարեն, դեղորայք կ՛ապահովեն… Շարքը կարելի է երկարել:

Բայց արդեօք մէկը, միա՛յն մէկը անցնող ամիսներուն եւ նոյնիսկ տարիներուն ընկերային ցանցերուն վրայ «Շնորհակալութիւն» ըսա՞ծ է: Մէկը «Վարձքերնիդ կատա՛ր» գրա՞ծ է: Չեմ կարծեր կամ նուազագոյնը` չեմ հանդիպած:

Ճիշդ է, որ այսօրուան կարիքներուն դիմաց մեր ազգային կառոյցներուն կարելիութիւնները սահմանափակ են, սակայն կարելի չէ թերագնահատել, կարելի չէ արժեզրկել, կարելի չէ անտեսել: Այս երեւոյթը համազօր է ապերախտութեան: Այո՛, մեր կառոյցները աւելին պէտք է ընեն, այս օրերուն աւելի մեծ թափով պէտք է աշխատին: Միշտ ալ պէտք է մեր ակնկալութիւնները աւելի բարձր ըլլան: Պէտք է փորձենք բոլորին հասնիլ, բոլորի՛ն անխտիր, բայց եթէ մէկուն կամ միւսին չհասնինք, պէտք է մեր հայորդիները ձեռք երկարեն եւ ոչ թէ…

Այս բոլորը կը կատարուին, որովհետեւ մենք մեր կատարած բարեգործութիւնները ե՛ւ «չենք ծախեր» ե՛ւ ծախել ալ չենք գիտեր, որովհետեւ գաղութի բոլոր կառոյցներն ալ իրենց աշխատանքները կը տանին առանց փոխադարձ ակնկալութեան, առանց քաղաքական հաշուարկներու:

Բայց կ՛երեւի ժամանակն է, որ մեր հասարակութեան նուազագոյնը թիւեր եւ պատկերներ ներկայացնենք, որպէսզի գիտնան, որ եթէ լուսանկարչական գործիք մը մէկ պարագայ լուսարձակի տակ կրնայ առնել, ապա մեր կառոյցները ամէն օր հարիւրաւոր կարիքաւորներու ձեռք կ՛երկարեն… Այո՛, բայց մենք մեր աշխատանքը հաստատ «չենք ծախեր» եւ պարագաներուն դժուարին պայմանները չենք շահագործեր, որովհետեւ մեզի համար մեր ժողովուրդին ծառայելը նպատակ է եւ ոչ միջոց…

 

Նախորդը

Բա՛ւ Է

Յաջորդը

Թիւ 150 Բանաձեւին Որդեգրման Լոյսին Տակ. «Նպատակս Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?