Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակի Մը «Ոդիսականը»

Դեկտեմբեր 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեկոյ էր, մեր գթասիրտ Հալէպ քաղաքի աշնանային անուշ երեկոներէն մէկը: Ու ես յոգնած եւ օրուան խոնջէնքէն անձնատուր եղած` տուն կը դառնայի: Հազիւ մեր թաղի ծայրամասին հասած էի, նկատեցի, որ մէկը «պարո՛ն, պարո՛ն» կը պոռար:

Բնականաբար արագ մը դարձայ ձայնին կողմը: Ապու Միշոն էր` Միշելին հայրը: Նորութիւն մը չէր, որ մեր մօտ ալ ընդհանրապէս հայրերը իրենց զաւկի անունով կը ճանչցուէին: Ճանչցայ: Անունս վստահօրէն չէր գիտեր կամ չէր յիշած, որ այդպէս իր խանութին առջեւ կեցած` «պարո՛ն, պարո՛ն» կը կանչէր:

Ապու Միշոն մեր այդ շրջանին համար ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ` կազօճախի, այսինքն խոհանոցէն ներս մեր գիտցած «վափոր»-ի եւ այլ մետաղեայ պիտոյքներու նորոգութիւններու «արհեստանոց»-խանութին տէրը:

Խանութ մը, Աստուա՛ծ իմ, որ նոյնիսկ քալելու տեղ չունէր: Կէսկատար մահճակալներ, հին հեծիկներու բաժիններ, ածուխով գործող տեսակաւոր արդուկներ եւ, տակաւին, անշարք աջ ու ձախ նետուած եւ կամ խանութի պատերէն կախուած մետաղէ գործիքներ: Ծնունդով ասորի այս մարդը, «վափորներու» կողքին, ամէն տեսակի տնային առարկաներ ալ կը նորոգէր, կը քանդէր® Կը շինէր® Մէկ խօսքով` նշանաւոր վարպետ «հանտի մեն» մը, որուն ձեռքէն «ամէն բան» կու գար: Մայրենի լեզուին կողքին, արաբերէնն ու թրքերէնը սահուն կը խօսէր, իսկ հայերէնը` գրեթէ «կոտրտուած»: Լաւ ծիծաղ ունէր, պոռթկուն, սակայն յաճախ ալ` կեղծ: Կ՛ըսէին, թէ շատախօս ալ էր: Մեղքը իրենց վիզը:

Կը յիշեմ, գոնէ ամիսը անգամ մը, մեր բակի կամ թաղի դրացիներէն մէկուն «վափոր»-ին «գլուխը» երբ խցուէր, կամ գոցուէր, անմիջապէս կիները ապու Միշոյին կը հասնէին, որ իր կեղտոտ ձեռքերով ու մատներով, յաճախորդներուն հետ իրենց լեզուով շաղակրատելով`  իր գործին կ՛անցնէր:

Իսկ հիմա, «ա՛յս ժամո՞ւն®, խէր է», մտովի ըսելով` իրեն մօտեցայ: Անկեղծօրէն կարծեցի, թէ անմիջական «բանի» մը կարիքը ունէր: Էական: Զիս տեսնելուն պէս ձեռքի շարժումները դադրեցուց: Ուստի աւելի մօտենալով` իր դիմացը կեցայ: Հաստատապէս հիմա իմ ներկայութիւնս իրեն տեսակ մը նոր թափ տուած էր: Իր դէմքէն կարելի էր այս գաղտնիքը կռահել: Քաղաքավար բարեւեցի: Ինքն ալ «Աստծօ բարին» մը ըսաւ ու դէպի խանութ զիս առաջնորդեց: Բառերը որոշ ջերմութեամբ մը արտայայտած էր, անոր համար սրտիս մէջ հաճելի տաքութիւն մը պատեց:

«Լեզուն միշտ միջոց էր նպատակին հասնելու», ըսած էին մեր մեծերը եւ ճիշդ էին: Ահա՛ օրինակը: Բայց յանկարծ զգացի, որ անհանգիստ ջիղ մը ունէր, որ կը տրոփէր, ինչպէս` մտքի մէջ պահուած ցանկութիւն: Նշմարեցի, որ ձեռքին մէջ ամուր նամակ մը բռնած էր:

– Պարո՛ն, ինճ կղնի, «ամել մաարուֆ», հաճիս, ընծի համար կարդաս այս մաքթուպս, «մըն Ֆրանսա» Ֆրանսայէն է, էմմոյէս էկեր է. նայինք… պէլքի բան ի կաէ»:

Յուզուած խօսեցաւ ու արագ մը ինծի յանձնեց պահարանը: Բառեր կան, որոնք իրենց ետին կը պահեն ամէն բան: Այս մէկը անոնցմէ էր:

Մէյ մը դէմքին նայեցայ: Ահա՛ պերճախօս վկայութիւն մը: Է՜հ, Աստուած… Կը նմանէր հին նկարի մը: Աչքերէն կրնայիր կարդալ նաեւ հոգին: Ճակատը մոմի պէս դեղնած էր, իսկ յօնքերուն ներքեւ կարելի էր նշմարել մտահոգ խորշոմներ ու նոյնքան ալ ծանր կոպերով յոգնած աչքեր: Եւ աւելի՛ն. նիհար երակներով եւ ջիղերով ծածկուած վիզ եւ մանաւանդ մարմնին մէջ ալիք-ալիք առնող հիւսք: Ինծի համար արագ-արագ արտասանած բառերը ե՛ւ աղաչական, ե՛ւ հնչեղ, ե՛ւ աղօթքի նման էին: Կը զգայի նաեւ, որ իր հոգին ալ` անհաշտ: Ո՛վ գիտէ, որքան ատենէ ի վեր գալուստս երազած էր: Վայրկեանին աչքերը փորձեց սուզել աչքերուս մէջ` պատասխան մը սպասելով:

– Սիրո՛վ,- ըսի ու երբ պահարանը կը փորձէի բանալ, զիս դարձեալ աղաչական կանխեց.

– Մէկ վըրկյեն, «հապիպի՛»,- ըսաւ ու գնաց աթոռ մը բերաւ ու ձեռքով նշան ըրաւ, որ նստիմ:

Ի՜նչ ազնիւ մարդ է եղեր, դարձեալ մտքովս անցուցի, որ չ՛ուզեր ոտքի կեցած կարդամ:

Ապա նստելէս եւ աթոռին վրայ տեղաւորուելէս ետք, դարձեալ փորձեցի պահարանը բանալ:

– Մէկ վըրկեէն,- կրկին լսեցի ձայնը, աւելի բարձր եւ հաստատ:

Ցնցուեցայ ու արագ մը ոտքի ելայ` սխալ բան մը ընողի իրավիճակ հագած:

Այս անգամ ինծի աւելի մօտեցաւ: Նախ աթոռիս ուղղութիւնը փոխեց եւ ապա զիս նստեցուց դէմքս դէպի փողոց, կռնակս իրեն: Զարմացայ: Կարծես սափրիչի աթոռի վրայ  նստած ըլլայի: Բայց անմիջապէս իր պատճառաբանութիւնը եկաւ փարատելու ամէն հարցական:

– Է՛ս անկանճներդ պէքք է խբեմ, որ դուն չլսե՛ս, էսի մախսուս ընծի համար մաքթուպ է,- ըսաւ` զիս նետելով առաւել խոր զարմանքի մէջ:

Ուրեմն ես նամակը պիտի կարդայի եւ որպէսզի կարդացածս «չլսէի», ինք ականջներս փակելով` զիս մտիկ պիտի ընէր:

Ահա անկապ տագնապ: Ահա՛… Չտեսնուած մտածելակերպ: Խակ մտածում:

Վայրկեանին ժպիտս դէմքիս վրայ սառեցաւ: Ներքնապէս ալեկոծ վիճակ մը զգացի մէջս, ինքնածին, որ նոր տագնապի մը ծնունդ կու տար:

Բայց չէ՞ որ այս ձեւով ե՛ս զիս ալ խաբած պիտի ըլլայի: Ինչպէ՞ս ինքզինքս պիտի համոզէի նման իրականութեան մը առջեւ: Ո՞ւր կ՛ապրէինք: Ո՞ր մէկ դարը…

Իր արտասանած բառերը ունէին մէկ չափ եւ մէկ կշիռ: Զգացի, որ ստեղծուած մթնոլորտը պահածոյ պտուղներու համ ունէր: Խանութէն ներս «կեանքը» այլեւս ինծի համար հակասական դարձած էր, ու վայրկեան առաջ կ՛ուզէի անկէ հեռանալ:

Մինչ ես հազիւ պահարանէն դուրս բերած էի մէկ էջնոց եւ հայերէն գրուած այդ նամակը, ինք, իր երկու աղտոտ, իւղոտ եւ «հոտաւէտ» ձեռքերով ու մատներով արագ մը ականջներս փակեց:

Դուրսէն, եթէ դիտող մը ըլլար, մեզի խենթ պիտի կարծէր: Անօրինակ վիճակ:

Ու ես հնազանդ «աշկերտի» նման` «գործիս» անցայ: Որոշեցի ընթերցումս բարձրաձայն շարունակել ու այդ «անիծեալ» նամակին մինչեւ վերջին բառը կարդացի` առանց գլուխս իրեն ուղղութեամբ դարձնելու, միաժամանակ բացատրելով իր չհասկցած բառերը:

Այլ խօսքով, բացատրեցի հայերէն «ծանտըր» բառերը: Կը զգայի, որ իսկապէս բառերս անճոռնի պարած էին բերնիս մէջ: Ձայնս նոյնպէս կարծես հեքիաթի աշխարհէն կու գար, ու ամէն ինչ` տեսարան:

Վերջապէս հասած էի նամակի վերջին բառին: Մտքիս խաղաղութիւնը փնտռելու համար պահ մը հանգիստ տուի ինքզինքս: Ոտքի ելայ ու դարձայ իրեն: Վրաս գլուխս շտկեցի եւ արագ մը  թաշկինակովս ալ ականջներս մաքրեցի եւ սպասեցի իր ձայնին:

Նշմարեցի, որ ուրախութեան տող մը կար դէմքին վրայ: Իր մուրազին հասած էր: Նամակը ողբերգական չէր: Սովորական եւ նոյնքան ալ` դասական: Պարզ եւ կարօտով լեցուն:

Երկար շունչ մը քաշեց: Նոյնն ալ` ես: Աթոռս վերցուց, մէկ կողմ տարաւ ու նոյն այդ աղտոտ ձեռքերովը ինծի գոհունակ եւ երախտապարտ շնորհակալութիւն մը յայտնելու համար ամուր սեղմեց ձեռքս: Հին բարեկամութիւնը յիշող անձի մը կը նմանէր: Աղօթքի նման արագ-արագ լեզու «թափեց», ապա օրհներգ եւ «մերսիներ» նուիրեց ու «երթաս բարով»-ով մըն ալ զիս ճամբեց:

***

Ու անկէ ետք, ամէն անգամ, երբ Ֆրանսայի իմ ազգականներէս նամակ ստանայի, միտքս ինքնածին հեռուները կ՛երթար ու միշտ կը փորձէր վերակազմել յուշերս եւ մտքիս մէջ ամփոփել ապու Միշոյի տարիներ առաջ Հալէպի աշնանային այդ անուշ  երեկոյի «բեմադրութիւնը»:

Ա՜խ, ապո՛ւ Միշօ, ո՞ւր կրնաք գտնել նման «մարդ», եւ ինչպէ՞ս պէտք է ծածկել մարդոց մտքի նմա՛ն ողբալի խեղճութիւնը: Ինչպէ՞ս:

Այս բոլորը` անոր համար, որ այսօր Ֆրանսայէն նոր նամակ մը ստացայ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Թիլելի Ակումբի Բնակիչները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?