Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիւ 150 Բանաձեւին Որդեգրման Լոյսին Տակ. «Նպատակս Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

December 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին միաձայնութեամբ որդեգրեց թիւ 150 բանաձեւը եւ այսպէսով, իր ձայնը միացուց Ներկայացուցիչներու տան, որ ամիս մը առաջ որդեգրած էր թիւ 296 բանաձեւը: Այսպէսով, ամերիկացի ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ ժողովները բացայայտօրէն կը յայտարարեն, որ Թուրքիա Ցեղասպանութեան ենթարկած է հայ ժողովուրդը, Ցեղասպանութեան արարքին մասին անոր ժխտողական քայլերը անհիմն են ու անընդունելի: Վերջ կը գտնեն արդարութեան մասին քաղաքական ու կողմնակի հաշիւներով սակարկութիւնները:

Սա մեր Դատի կենսագործման ճամբուն վրայ նոր յաղթանակ մըն է, արդիւնք` Հայ դատի մեր գործիչներուն հետեւողական աշխատանքին: Մէկ ամսուան տարբերութեամբ որդեգրուած զոյգ բանաձեւերը կը հաստատեն, որ եթէ ունիս արդար դատ մը, չես հրաժարիր անկէ, հետամուտ ես արդարութեան, անպայման որ միջոցները կը գտնես յառաջ շարժելու, որքա՛ն ալ որ աննպաստ ըլլան քաղաքական հովերը, արգելակող` այս կամ այն նախագահին կամ Թուրքիոյ վարձկանը դարձած ներկայացուցիչներուն խափանման փորձերը: Փաստը ահա կը ներկայանայ շօշափելի կերպով, ու պէտք է փարատէ, նախ եւ առաջ, կասկածներն ու երկմտութիւնները մեր` հայութեան թերահաւատներուն, պէտք է համոզուինք ու համոզենք, թէ մեր իրաւունքներուն հետապնդումը յառաջ պիտի տանինք քայլ առ քայլ, մինչեւ իսկ եթէ յիշեալ աննպաստ ալիքներն ու հովերը նահանջներ կամ տեղքայլի վիճակներ պարտադրեն երբեմն:

Աւելի քան դար մը առաջ, մեր դիւցազներգակ բանաստեղծը յայտարարած է. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Սա զգացական արտայայտութիւն չէ, որովհետեւ փաստերը կը շօշափենք արդէն…

***

12 դեկտեմբերի յաղթանակը վախճանակա՞ն է:

Բնականաբար ո՛չ: Անիկա պարզապէս դէպի յառաջ նոր քայլ մըն է, որովհետեւ վախճանական յաղթանակին համար, մեր դիմաց ունինք շարք մը փուլեր: Ամէնէն կարեւորներն են նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ իր ոճիրին ու անկէ բխած անարդարութեանց, յոռի հետեւանքներուն ճանաչումը, իսկ անկէ ետք ալ` արդար հատուցումը:

Արդար հատուցում ըսելով, կրկնենք, կը հասկնանք մեր պատմական հողերուն վերադարձը` իրաւատիրոջ, հայութեան ու Հայաստանին: Արդար հատուցման միւս երեսը կը կազմէ նիւթական հատուցում, ի դիմաց այն կորուստներուն, որոնք արձանագրուած են անցեալ աւելի քան մէկ դարու ժամանակամիջոցին: Միակ անկարելին` մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն կեանքի վերադարձն է, սակայն միջազգային օրէնքը կրնայ ձեւեր ցոյց տալ այս գծով ալ փոխհատուցման:

Ու մեր պայքարը պիտի շարունակուի դէպի վախճանական յաղթանակ: Արդարութեան արեւը պիտի շոգիացնէ բոլոր վերապահութիւններն ու կասկածները, պիտի փարատէ թերահաւատութիւնը: «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» ուխտը Հայ դատի զինուորագրեալներուն շուրջ պիտի համախմբէ հայութեան բոլոր ձեռքերը` պետական, կազմակերպական եւ գաղութային: Եթէ Հայ դատի զինուորագրեալներն են դէպի յաղթանակ առաջնորդող դրօշակիրները, վախճանական յաղթանակը պիտի պատկանի հայութեան ու Հայաստանին: Այսպէ՛ս գործած են Դաշնակցութիւնն ու անոր զինուորագրեալները:

12 դեկտեմբեր 2019

 

 

Նախորդը

Մենք Մեր Կատարած Բարեգործութիւնները «Չենք Ծախեր»

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպեցաւ Հոգեւոր Խմբակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.