Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Գումարները Ծերակուտական Կրեհեմը Դրդած Են Արգելափակելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը

Դեկտեմբեր 12, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

13 նոյեմբեր 2019-ին ծերակուտական Լինզի Կրեհեմի կողմէ (հանրապետական, Հարաւային Քարոլայնա) Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի վերաբերեալ ծերակոյտի քուէարկութեան արգելափակումը մտորումներու տեղի տուաւ, թէ ի՛նչ բան դրդած է զայն` այդպէս վարուելու: Պատճառները կը տատանէին` սկսած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սպիտակ տան մէջ իր հանդիպումէն` անոր քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ, մինչեւ անոր կտրուկ շրջադարձերը քանի մը այլ հարցերու շուրջ եւ նախագահ Թրամփի թրքամէտ քաղաքականութեան ենթարկուիլը:

Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ ծերակուտական Կրեհեմի քուէարկութիւնը բացատրելու եւս մէկ ծանրակշիռ պատճառ են այն գումարները, զորս ան ստացած էր թուրք ամերիկացիներէ` իր քաղաքական քարոզարշաւներուն համար:

Եան Ճ. Լինչ յօդուած գրած է «Ahwalnews.com» կայքին մէջ` փաստագրելով թրքական նուիրատուութիւնները ծերակուտական Կրեհեմի քարոզարշաւներուն: Այս գումարները կ՛աւելնան այն միլիոնաւոր տոլարներուն վրայ, զորս Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վճարէ Ուաշինկթընի մէջ գործող լոպիիստական ընկերութիւններուն, որպէսզի Քոնկրեսի մէջ խոչընդոտեն Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը: 11 հոկտեմբեր 2019-ին «Akin Gump Strauss Hauer & Feld» ընկերութիւնը աւելցուեցաւ Թուրքիոյ համար լոպիիստական գործունէութիւն ծաւալող ամերիկեան ընկերութիւններու երկար ցանկին: Հետաքրքրական է, որ այս լոպիիստական ընկերութիւնը վարձած է «TransAtlantic Petroleum» թեքսասեան ընկերութիւնը, որ շահեր ունի Թուրքիոյ նաւթակազային ոլորտին մէջ: «Akin Gump» լոպիինկ կ՛ընէ` Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումը խափանելու համար, բանաձեւ մը, զոր Ներկայացուցիչներու տունը մեծամասնութեամբ ընդունեց  29 հոկտեմբեր 2019-ին:

Լինչ հաղորդած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարներ չէ ծախսած լոպիինկի գծով, իսկ Ուաշինկթընի մէջ գործող ամերիկահայ կազմակերպութիւնները լոպիինկի համար շատ քիչ գումար ծախսած են` թրքական կառավարութեան ծախսած միլիոնաւոր տոլարներու համեմատութեամբ: «Ըստ Միացեալ Նահանգներու հարկային վարչութեան (IRS) վերջին տուեալներուն, Ամերիկայի հայկական համագումարը (ԱՀՀ) 2017-ին հաւաքած է մօտաւորապէս 2 միլիոն տոլար, սակայն իբրեւ 501 (գ) (3) ոչ առեւտրական խումբ, անոր չէ թոյլատրուած ծախսել իր պիւտճէին զգալի մասը լոպիինկի համար: Համաձայն Լոպիինկի բացայայտման օրէնքով (LDA) պահանջուող տեղեկատուութեան, ԱՀՀ-ը 2018-ին լոպիիստական գործունէութեան համար  ծախսած է 95 հազար տոլար, իսկ մինչեւ այսօր` 2019, ծախսած է 80 հազար տոլար: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը արձանագրուած է իբրեւ 501 (գ) (4) ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ յանձնախումբը կրնայ իր պիւտճէին մեծ մասը ծախսել լոպիինկի համար: 2017-ին Հայ դատի յանձնախումբի ընդհանուր եկամուտը կազմած է 850 հազար տոլար, սակայն կազմակերպութիւնը լոպիինկի համար վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, ամէն տարի ծախսած է միայն 120 հազար տոլար` համաձայն LDA-ի բացայայտումներու»:

29 հոկտեմբեր 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումէն ետք, Թուրք-ամերիկեան Ազգային ղեկավար կոմիտէն (TASC) գործի անցաւ կասեցնելու համար Ներկայացուցիչներու տան նմանօրինակ բանաձեւի ընդունումը ծերակոյտին մէջ:

Ըստ Լինչի, «TASC-ի ղեկավարութիւնը եւ անոնց գործընկերները անմիջական կապեր ունին Էրտողանի ներքին շրջանակներուն հետ եւ` Կրեհեմի անհատական քաղաքական նուիրատուութիւններ կատարելու սովորութիւն: … TASC-ի համանախագահ դոկտոր Հալիլ Մութլու Էրտողանի զարմիկն է: Ան եւ իր կինը 8 օգոստոս 2016-ին ընդհանուր առմամբ 10 հազար 800 տոլար նուիրած են «Team Graham Inc.»-ին, 2020-ին ծերակոյտին մէջ իբրեւ ծերակուտական վերընտրման քարոզարշաւին համար: Անոնց անհատական նուիրատուութիւնները` 5400 տոլար իւրաքանչիւրը, առաւելագոյնն է, որ անհատը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնայ տալ քաղաքական քարոզարշաւին, ամէն ընտրական փուլի: Մութլուի գործատուն` Մասաչուսեց քաղաքը գտնուող Պէյսթէյթ բժշկական կեդրոնը Team Graham-ի նուիրատուութիւններու ամէնէն մեծ աղբիւրներէն  մէկն է:  Ընթացիկ ընտրական փուլի մէջ հիւանդանոցի աշխատակիցները նուիրաբերած են 21 հազար 600 տոլար, 2020 թուականի ծերակուտականի համար քարոզարշաւին»:

Թուրքիոյ հետ կապուած եւս մէկ ընկերութեան` «Nimeks Organics»-ի աշխատակիցները շարքին են ծերակուտական Կրեհեմի քարոզարշաւի գլխաւոր նուիրատուներուն. անոնք այս ընտրական փուլին տրամադրած են ընդհանուր առմամբ 16 հազար 200 տոլար անհատական նուիրատուութիւններ: «Nimeks բնական մթերքներու խումբի ապրանքային գիծ է Փենսիլվենիոյ մէջ եւ սննդամթերք կը ներմուծէ Թուրքիայէն: Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մուրատ Կուզել նաեւ TASC-ի գանձապահն է», կը տեղեկացնէ Լինչ:

Աւելի՛ն. Կուզելի ընտանիքը ընդհանուր առմամբ 8100 տոլար նուիրած է Կրեհեմի նախագահական քարոզարշաւին, 28 յունիս 2016-ին, «Հակառակ այն բանին, որ նախորդ տարուան դեկտեմբերին Կրեհեմ դուրս եկած էր այդ մրցարշաւէն: Նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս ետք», հաղորդած է Լինչ: «Միայն քանի մը շաբաթ անց Կուզել եւ անոր ընտանիքը եւս 10 հազար 800 տոլար նուիրեցին Team Graham-ի` մէկ օր առաջ, երբ Մութլուի ընտանիքը նոյն գումարը նուիրած էր 8 օգոստոսին: Ո՛չ Մութլուները, ո՛չ Կուզելները կը հանդիսանան Կրեհեմը ընտրողները. ան կը ներկայացնէ Հարաւային Քարոլայնան»:

Տարօրինակ է, որ Կուզել հանրապետական ծերակուտականին գումար կը նուիրէր այն ատեն, երբ «ան Դեմոկրատական ազգային յանձնախումբի ժառանգութեան խորհուրդի նախագահն էր եւ մօտաւորապէս 300 հազար ամերիկեան տոլար նուիրած էր Հիլըրի Քլինթընի նախագահական քարոզարշաւին աջակցող դեմոկրատական յանձնախումբերուն», կ՛ըսէ Լինչ: Կուզել պէտք է լուրջ պատճառ ունենար` ըլլալով կուսակցութեան մը յանձնախումբին ղեկավարը, որպէսզի գումար նուիրէր իրենց հակառակորդին:

Կուզել սերտ կապեր հաստատած էր նախագահ Էրտողանի փեսայ եւ Թուրքիոյ գանձարանի ու ֆինանսներու նախարար Պերաթ Ալպայրաքի, նախագահի զաւկին` Պիլալ Էրտողանի եւ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալինի հետ: Ժամանակ առ ժամանակ Կուզել «կը խնդրէ թուրք պաշտօնեաներու օգնութիւնը` իր քաղաքական գործունէութիւնը համակարգելու համար», ինչ որ, ըստ Լինչի, յայտնի դարձաւ Ալպայրաքի ելեկտրոնային փոստը կոտրելէ ետք:

Զարմանալի չէ, որ Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոն (ՊԴՊ) կը քննէր TASC-ի պաշտօնեաները: «8 սեպտեմբեր 2016 թուակիր ելեկտրոնային նամակին մէջ TASC-ի համահիմնադիր Իպրահիմ Ույար ըսած է Ալպայրաքի, որ ՀԴՊ իրեն հարցուցած է, թէ արդեօք TASC եւ թրքական այլ կազմակերպութիւններ ներգրաւուա՞ծ են թրքական կառավարութեան անունով ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ միջամտելու փորձերուն: Ույար նաեւ նշած է, որ հարցաքննուած են քանի մը այլ անձեր, որոնց շարքին` Կուզել եւ Թրքական ժառանգութեան կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Հալիլ Տանիշմազ»: Տարիներ առաջ Ալպայրաքին ուղարկուած ելեկտրոնային նամակներու մէջ Տանիշմազ անգամ մը առաջարկած էր «քողարկուած» լոպիիստական քարոզարշաւ իրականացնել` «Ամերիկայի մէջ լոպիիստական գործունէութիւնը սահմանափակող ֆինանսաւորման կանոնները եւ հարկային խոչընդոտները յաղթահարելու համար»: Երբ ելեկտրոնային նամակները բացայայտուեցան, Տանիշմազ հեռացաւ Թրքական ժառանգութեան կազմակերպութենէն, հաղորդած է Լինչ:

«Turkish Coalition Northeast PAC» եւս գումար նուիրած է ծերակուտական Կրեհեմի քարոզարշաւին: Այս տարուան ապրիլին ընկերութիւնը առաւելագոյն թոյլատրելի գումարը` 5000 տոլարի նուիրատուութիւն ըրաւ Team Graham-ի` «անոր ամենամեծ նուէրը թեկնածուի յանձնաժողովին, ներկայի ընտրական փուլին», պարզած է Լինչ:

Երբ ծերակուտական Կրեհեմը Միւնիխի մէջ կայացած համաժողովի ընթացքին իր ելոյթին մէջ սատարեց Թուրքիոյ, Team Graham 1000 տոլար ստացաւ ամերիկեան Greenberg Traurig, LLP լոպիիստական ընկերութենէն, զոր կը վարձէ Թուրքիան:

Ծերակուտական Կրեհեմ 10 յունուար 2019-ին հանդիպեցաւ «Greenberg Traurig»-ի լոպիիստներուն` Թուրքիա կատարած իր այցելութենէն շաբաթ մը առաջ. հոն ան պիտի հանդիպէր Էրտողանի: Թուրքիա գտնուելու ընթացքին Էրտողան ծերակուտական Կրեհեմը հրաւիրեց հետը համերգի երթալ, բան մը, զոր Կրեհեմ որակեց իբրեւ «իր կեանքի լաւագոյն իրադարձութիւններէն մէկը»:

Լինչ եզրափակած է իր զեկոյցը` պնդելով. «Պարզ է, որ թրքական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական գործողութիւններու յանձնաժողովներու համախմբուած ցանցը, որ կապեր ունի Էրտողանի ընտանիքին հետ, կը կարծէ, թէ Կրեհեմ արժանի է իրենց ժամանակի եւ քաղաքական նուիրատուութիւններու ներդրման»:

Մենք չենք գիտեր 2016-ին կատարուած` ՀԴՊ-ի հետաքննութեան արդիւնքը TASC-ի եւ թուրք-ամերիկեան այլ կազմակերպութիւններու վերաբերեալ, այսուամենայնիւ, կարծես թէ բաւարար հիմքեր կան ուսումնասիրելու համար անոնց կողմէ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին»  օրէնքի հնարաւոր խախտումը` իբրեւ չարձանագրուած լոպիիստներ` օտարերկրեայ կառավարութեան համար®

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Հարցազրոյց Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի Պարուսոյց Ժաքլին Սարխոշեանի Եւ Պատասխանատու Ռոզալին Կէօզիւպէօյիւքեան-Յակոբեանի Հետ

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?