Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի Պարուսոյց Ժաքլին Սարխոշեանի Եւ Պատասխանատու Ռոզալին Կէօզիւպէօյիւքեան-Յակոբեանի Հետ

Դեկտեմբեր 12, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պալէի դպրոցը 13-14 դեկտեմբեր 2019-ին, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի ներկայացնէ «Տը նաթքրաքըր» պալէն «Նապիլ Քահալէ» սրահին մէջ, Սին Էլ Ֆիլ: Այս ծրագրի յղացման եւ իրականացման աշխատանքներուն մասին աւելի մօտէն իմանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Ժաքլին Սարխոշեանի եւ պալէի դպրոցի պատասխանատու Ռոզալին Կէօզիւպէօյիւքեան-Յակոբեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պալէի դպրոցի հիմնադրութեան եւ աշխատանքներուն մասին:

ԺԱՔԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պալէի դպրոցը հիմնուած է 2014-ին: Սկիզբը երկու դասարան ունէինք, հիմա արդէն` եօթը: Ըսեմ, որ բնական է, որ թիւը նուազի մանաւանդ` բարձր դասարաններուն համար. պարողները ինքնաբերաբար կը հրաժարին, երբ կը հասկնան, որ չեն համապատասխաներ պալէի չափանիշներուն` թէ՛ գիրութեան պատճառով,  թէ՛ ճկունութեան: Ասիկա պալէի կեանքին բնական երեւոյթներէն մէկն է, օրինակ` իմ պալէի դասարանս սկսանք 40 հոգիով եւ աւարտեցինք 8 հոգիով:

Համազգայինի պալէի դպրոցը կազմելէն անմիջապէս ետք ծրագիր մշակեցինք` հիմնուելով Վականվայի ռուսական պալէի ծրագրին վրայ, որ ամէնէն զօրաւորն է պալէի ծրագիրներուն մէջ` իմ եւ ուրիշներու կարծիքով: Վականվան հայ կին մըն է, որ ռուսական դպրոցի համար գիրք գրած է, որով կ՛ուսանին մինչեւ այսօր: Իր անունով նաեւ կայ պալէի դպրոց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, որ ամէնէն զօրաւոր դպրոցն է: Ես` որպէս պարուսոյց, հոս կը շարժիմ Վականվայի ծրագիրով: Առաջին տարին մենք պալէի ելոյթ չտուինք, որովհետեւ երկու դասարան ունինք միայն: Երկրորդ տարին ելոյթ տուինք, յաջորդող տարիներուն միացուցինք պալէի ելոյթները «Գայեանէ»-ին հետ, իսկ անցեալ տարի մենք պալէի առանձին ելոյթով հանդէս եկանք:

ՌՈԶԱԼԻՆ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Այս տարի պալէն ունի եօթը դասարան` 60 աշակերտ: Ժիզել դասարանէն, որ վերջընթեր դասարանն է, բաւական աշակերտներ մաղուեցան: Եթէ այս դասարան հասած են, կը նշանակէ, որ փոյնթ շուզով կը սկսին պարել, այսինքն բաւական յառաջ գացած են պալէի մէջ: Ամէն տարուան պէս, այս տարի ալ նոր բաժին բացած էինք փոքրիկներու համար, անոնք 4-5 տարեկանէն կը սկսի, եթէ ուսուցչուհին յարմար գտնէ, որ պատրաստ են պարի: Այս փոքրիկներու դասարանը այս տարի կը հաշուէր 10 աշակերտ, միշտ ալ այդպէս եղած է:

«Ա.».- Խօսինք այս տարուան ձեր ներկայացնելիք ծրագիրին մասին:

Ժ. Ս.- Անցեալ տարի պալէի մեր դասարանները առանձին պարերով հանդէս եկան, իսկ մեծերը տարբեր պալէներէ հատուածներ ներկայացուցին: Ասիկա մեծ քայլ մըն էր իրենց համար: Անցեալ տարուան ելոյթին հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանէն իմ աշակերտուհիներէն մէկը, որ խթան հանդիսացաւ այստեղի իմ աշակերտներուս, որպէսզի ձգտում ունենան եւ իմանան, թէ ո՛ւր պիտի հասնին, ինչպէ՛ս պիտի աշխատին, որպէսզի հասնին իրենց նպատակին: Անցեալ տարուան յաջող ելոյթէն ետք մենք որոշեցինք, որ այս տարի փոքրերուն համար պատրաստել տօն, որոկհետեւ բոլորը կը սիրեն Կաղանդը: Բոլոր ծնողները տօնական այս շրջանին ամէն բան կ՛ընեն, որպէսզի իրենց զաւակները ուրախ պահեն, որպէսզի մանկութիւնը եւ հեքիաթային աշխարհը իրենց քով աւելի երկար մնան: Մենք մեծ ենք, բայց փոքրերու հետ աշխատելով` հոգիով փոքր կը մնանք եւ նոյնպէս կը հաւատանք Կաղանդի ուրախ անակնկալներուն եւ կախարդանքներուն:

Ռ. Կ. Յ.- Անցեալ տարեշրջանի աւարտին` մայիսին, Ժաքլինը առաջարկեց «Տը նաթքրաքըր»-ը ներկայացնել դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Ասիկա մեզի համար սովորական առաջարկ մը չէր, որովհետեւ մենք վարժուած էինք ամբողջ տարի մը աշխատիլ ծրագիրի մը վրայ եւ զայն ներկայացնել մայիսին կամ յունիսին: Ուրեմն մայիս ամսուն մեր բոլոր ծնողները ժողովի կանչեցինք եւ ուզեցինք շօշափել անոնց տրամադրութիւնը, որովհետեւ յաջողցնելու համար այս ծրագիրը դեկտեմբերին, պէտք էր մեծ աշխատանք սկսէինք տանիլ դեկտեմբերէն շատ առաջ: Մենք այդ հանդիպումին ծնողները մթնոլորտի մէջ դրինք, որ սեպտեմբերի կէսէն սկսինք խտացեալ փորձեր կատարել: Այս ծրագիրով խանդավառուեցան թէ՛ ծնողները, թէ՛ աշակերտները: Մեր ծնողները ամէն ձեւով աշխատեցան օգտակար դառնալ այս ծրագիրի իրականացման: Սեպտեմբեր 16-ին մեր փորձերը սկսանք` երբեմն շաբաթը երեք անգամ եւ աւելի փորձ ընելով: Այսպէս, պալէի վեց դասարանները սկսան փորձերու` բացի «Էլզա» փոքրիկներուն դասարանէն: Տքնաջան աշխատանքէ ետք, մեր աշակերտները հիմա պատրաստ են բեմ ելլելու: «Տը նաթքրաքըր»-ը աշխարհի չորս կողմը ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան մէջ կը ներկայացուի: Մեզի համար շատ մեծ քայլ է այս ծրագիրը ներկայացնել Լիբանանի մէջ, մանաւանդ` երկրի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ:

Ժ. Ս.- Մանկութեանս ես պարած եմ մկնիկի դերով, ձիւնի փաթիլի. ամէն տարի դեկտեմբերին մենք կը պարէինք այս պալէն` երկու ամիս շարունակ, շաբաթը երկու անգամ, օրը երկու անգամ, այնպէս եղաւ եւ ես հասայ մինչեւ մեծ Քլարայի դեր, ամբողջ իմ ուսումնական տարին «Տը նաթքրաքըր»-ը պարած եմ: Պատկերացուցէք` 11 տարի պարես նոյն պալէն, ամէն տարի նոր դեր խաղալով: Ամէնէն հետաքրքրականը ինծի համար այն էր, որ երբ մկնիկ էի, կը նայէի աւելի մեծ պարողներու, աւելի մեծ դերերու եւ կը ցանկայի հասնիլ անոնց, հիմա հոս ալ նոյնը եղաւ, մեր պզտիկները` աշակերտներս, ցանկութեամբ կը նային փոյնթ շուզով պարողներուն: Գիտէք` հինգ տարուան փորձերէն ետք աշակերտներս արդէն փոյնթ շուզով բեմ կը բարձրանան, անհաւատալի իրողութիւն է, ասիկա պատմութեան մէջ չէ եղած:

Այս տարի մենք ներգրաւած ենք նաեւ «Քնար» պարախումբի մեծ պարողները, որպէսզի տարբեր դերերով հանդէս գան ու մարմնաւորեն տարբեր կերպարներ:

Իրապէս մենք շատ լուրջ մօտեցանք այս ծրագիրին: Մեր աշակերտները արդէն կը տեսնեն, թէ ինչպէս ժրաջան կ՛աշխատին բոլորը, եւ ի՜նչ մթնոլորտ կը տիրէ մեր քով փորձերու ընթացքին: Ինծի համար այս քայլը մեծ յաղթանակ է, որովհետեւ ջերմ ու դրական մթնոլորտի մէջ աշակերտները հասկցան, թէ ո՛ւր պէտք է երթան: Բազմաթիւ ծնողներ արտայայտուեցան` ըսելով, թէ որքա՜ն լաւ եղաւ այս ծրագիրի ներկայացումը, որովհետեւ աշակերտները իրենց ձգտումներու մասին կ՛արտայայտեն` պալէի կեանքին հետ կապուած: Այս ծրագիրը այնքան աշակերտներուն վրայ ազդած է, որ տան մէջ ու ամէն տեղ իրենց պարի շարժումները կը կատարեն, որովհետեւ չեն ուզեր թերանալ, որպէսզի ամէն ինչ լաւ ըլլայ: Անոնք դրական զգացումներով լեցուած են:  Երեւոյթ մը կայ, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ  կարեւորութեամբ. մեր աշակերտներուն մէջ նախանձի երեւոյթը չկայ: Ես յաջողած եմ իրենց մէջ դնել առողջ մրցակցութեան գաղափարը, հեռու` նախանձէն: Այս բնագաւառին մէջ շատ բնական են նախանձի վատ դրսեւորումները, բայց ես կրցած եմ այնպէս դաստիարակել զանոնք փորձերու ընթացքին, որ վատ նախանձը տեղ չգտնէ անոնց մէջ: Մեր դպրոցի մթնոլորտը այսօր շատ առողջ է եւ ջերմ:

Ես շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նախ ծնողներուն, որովհետեւ երկրի այս նեղ օրերուն անոնք համբերատար 2-3 ժամ իրենց զաւակները բերին փորձի` շաբաթը քանի մը օր: Պայմանները իրապէս մտահոգիչ են` թէ՛ նիւթական գետնի վրայ, թէ՛ հոգեկան, յայտնի չէ, թէ վաղը ի՛նչ կրնայ բերել բոլորիս:

Շնորհակալ եմ նաեւ պզտիկներուն, որոնք համբերատար կը դիմանան ինծի, որովհետեւ փորձի ատեն իմ աշխատանքս կը կատարեմ բծախնդրութեամբ, այս պատճառով ալ կը դառնամ բաւական խիստ: Գործէն ետք ես կը դառնամ շատ ջերմ ու սիրալիր բոլորին հանդէպ, որոնք իմ երեխաներն ու իմ ընկերներն են:

Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել «Քնար» ու «Գայեանէ» պարախումբերուն, որ չմերժեցին  մասնակցիլ ծրագիրին: Իրենք իրենց անձնական գործերը մէկ կողմ դրին, եկան ու մասնակցեցան փորձերուն, ասիկա մեծ բան է ինծի համար:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Ռոզալինին, որ իմ աջ բազուկն է եւ կազմակերպչական բոլոր հարցերուն համապատասխան լուծում մը գտնէր, շնորհակալութիւն` նաեւ Նայիրի Ալեքսանտրեան-Կէօզիւպէօյիւքեանին, որովհետեւ եթէ իր գաղափարները չըլլային` տարազի եւ բեմի յարդարանքի հետ կապուած, այսքան գեղեցիկ դուրս պիտի չգար ներկայացումը:

Ռ. Կ. Յ.- Դժուար պայմաններուն մէջ եղան այս բոլորը, նիւթական շատ մեծ դժուարութեան դիմաց կանգնած էինք, չէինք ուզեր աւելորդ բեռ ըլլալ ծնողներուն վրայ: Ժողովրդային ցոյցերու օրերուն որոշ շրջան մը փորձերը դադրեցուցինք, յետոյ նորէն սկսանք` արկածախնդրութեան դիմելով: Ես ալ, իմ կարգիս, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ծնողներուն, որովհետեւ իրենցմէ միայն մէկը եթէ ոչ ըսեր, մեր ծրագիրը պիտի չիրականանար: Բոլոր ծնողները միաձայնութեամբ պատասխանատուութիւն վերցուցին այդ դժուար օրերուն փորձի բերել իրենց զաւակները: Ըսեմ, որ մեր աշակերտները մայիսէն «Տը նաթքրաքըր»-ի հեքիաթային աշխարհին մէջ մտած են, իրենց կեանքին մէջ մեծ փորձառութիւն մըն է ասիկա, որ բնաւ պիտի չմոռնան: Շատ խանդավառ են: Եւ որովհետեւ «Տը նաթքրաքըր»-ի նիւթը համաշխարհային է, մենք բացուած ենք նաեւ օտար հանդիսատեսին. մեր տոմսերը առաջին անգամ ըլլալով կը ծախուին «Անթուան» գրատան մէջ: Լիբանանեան մակարդակի վրայ առաջին անգամն է, որ նման ներկայացում կը պատրաստուի, ասոր համար ալ օտար անդրադարձները այս մասին շատ դրական են:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Ուխտի Դէմ Յանդիման

Յաջորդը

Թրքական Գումարները Ծերակուտական Կրեհեմը Դրդած Են Արգելափակելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?