Էրտողանի Կողմնակիցները Կը Սպառնան Նոր Ցեղասպանութիւն Գործել Հայերու Դէմ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Պոլսոյ Փաստաբաններու միութեան անդամ խումբ մը ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններ յօդուած մը հրապարակած են նոյեմբեր 2019-ի իրենց տեղեկագիրին մէջ` սպառնալով անգամ մը եւս «տեղահանել» բոլոր հայերը Թուրքիայէն: Յօդուածի հեղինակ Մուսթաֆա Չալիք կը գրէ, որ «տեղահանութիւնը» կ՛ըլլայ «ամէնէն մեղմ գործողութիւնը» հայերու դէմ: Քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հեղինակը զայն կը...


















