ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9-ը կրնայ սովորական թուական մը թուիլ: Բայց hայութեան համար ան կը հանդիսանայ անկիւնադարձային թուական մը, երբ այդ օրը, 71 տարիներ առաջ, 1948-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) որդեգրեց ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ պատժելիութեան ուխտը: Ցեղասպանութեան ուխտը գործադրելի դարձաւ 12 յունուար 1951-ին: Այս ուխտը ընդունած եւ վաւերացուցած են աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները, ներառեալ` Թուրքիան եւ Հայաստանը:
Այնքան ժամանակ, որ Հայաստանը կը մնայ կոտորակուած, եւ հայութիւնը` իրաւազրկուած, մենք պիտի շարունակենք գտնուիլ Ցեղասպանութեան ուխտի գործադրման դէմ յանդիման: Մեր պարտաւորութիւնն է անշեղօրէն հետամուտ ըլլալ Ցեղասպանութեան ուխտի կիրարկման` իբրեւ յառաջապահները ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման, պատժելիութեան եւ հատուցման:
Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրման ու զարգացման մասին հարեւանցի ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, թէ ան ի զօրու եւ կիրարկելի է Հայոց ցեղասպանութեան պարագային: Իբրեւ Ցեղասպանութեան ուխտի ընդունման նախադրեալ որոշում` ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը 1946-ի դեկտեմբեր 11-ին արդէն իսկ որդեգրած էր թիւ 95(1) բանաձեւը: Թէ՛ այս բանաձեւի եւ թէ՛ Ցեղասպանութեան ուխտի հիմնաւորման մաս կը կազմէին հայկական ջարդերը: Անոնք հաստատեցին, որ հայկական ջարդերը այն բնոյթի ոճիր են, որ ՄԱԿ-ը կը նպատակադրէ արգիլել` մեկնելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միջազգայնօրէն ընդունուած սկզբունքներէն եւ օրէնքներէն:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի պատերազմական ոճիրներու յանձնաժողովը իր 1948-ի նիստին վկայակոչեց հայկական ջարդերը` զանոնք նկատելով ճիշդ այն բնոյթի արարքներէն, որոնք կը ներառուին «մարդկութեան դէմ ոճիրներու» արդի բնորոշումին մէջ եւ նախընթաց կը նկատուին Նիւրենպերկի դատավարութեանց համար: Ապա, 1985-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովը ընդունեց ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման վերաբերող տեղեկագիրը, ուր կրկին կը վկայակոչուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տեղեկագրով յանձնաժողովը հաստատեց, որ` «Նացիներու ապօրինութիւնը դժբախտաբար 20-րդ դարու ցեղասպանութեան միակ պարագան չէր: Ատոր համապատասխանող այլ օրինակներու շարքին կը պատկանին … 1915-1916 հայերուն դէմ գործադրուած օսմանեան ջարդերը»:
Ցեղասպանութեան ուխտը նաեւ օրինական յետադարձ ուժի (ex post facto) մէջ է: Ան կիրարկելի է ցեղասպանական որեւէ ոճիրի պարագային` անկախ անոր գործադրման թուականէն: Այս հիմամբ, ՄԱԿ-ի 26 նոյեմբեր 1968-ի Պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու գծով ժամանակի սահմանափակումներու անկիրարկելիութեան համաձայնագիրը եկաւ հաստատելու ցեղասպանութեան ոճիրներու անժամանցելիութեան օրէնքը:
Այս բոլորին զուգահեռ, գոյութիւն ունին անցեալէն եկող բազմաթիւ քաղաքական եւ իրաւական աքթեր, որոնք յաւելեալ հիմնաւորում կը տրամադրեն Ցեղասպանութեան ուխտի յետադարձ ուժին ու հայկական պարագայի կիրարկելիութեան:
Նախ` Ա. Համաշխարհային պատերազմի դաշնակից պետութեանց միատեղ յայտարարութիւնը: 24 մայիս 1915-ին Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւ Ռուսիա միացեալ յայտարարութեամբ մը ազդարարեցին օսմանեան կառավարութիւնը, որ իր հայ բնակչութեան դէմ կատարուող սպանդները պիտի համարուին «մարդկութեան դէմ ոճիր»:
Երկրորդ` 1920-ի Սեւրի դաշնագիրը: Սեւրի դաշնագրի 230-րդ յօդուածը կը տրամադրէ դատական ատեաններու հաստատումը` հայկական ջարդերուն համար, իսկ 144-րդ յօդուածը կը տրամադրէ հայութեան լքեալ գոյքերուն վերադարձը իրենց իրաւատիրոջ:
Երրորդ` Մեծն Բրիտանիոյ 1919-ի որոշումը: 18 յունուար 1919-ին Մեծն Բրիտանիոյ անունով ծովակալ Արթըր Քելթրոփ պաշտօնապէս իմացուց օսմանեան կառավարութեան այն որոշման մասին, որ Բրիտանական կառավարութիւնը համապատասխան պատիժներ պիտի տնօրինէ հայկական ջարդերու պատասխանատուներուն նկատմամբ:
Չորրորդ` 1945-ի Լոնտոնի համաձայնագիրը: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Դաշնակիցները 8 օգոստոս 1945-ին (այսինքն` Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրումէն երեք տարի առաջ) հաստատեցին Լոնտոնի համաձայնագիրը, որ կ՛որդեգրէր Միջազգային զինուորական ատեանի մը ստեղծումը` պատերազմական ոճիրներու համար: Այս համաձայնագրին 6-գ յօդուածը կը վերաբերէր ցեղասպանութեան ոճիրի դատավարման: Իբրեւ նախընթաց` համաձայնագրին հեղինակները հիմք ունեցան 1915-ի հայկական ջարդերը: Հիմնաւորելու համար 6-գ յօդուածը, համաձայնագրին հեղինակները, իբրեւ նախընթաց, վկայակոչեցին 1920-ի Սեւրի դաշնագրի 230-րդ յօդուածը եւ զայն նկատեցին տիպար օրինակ մը` մարդկութեան դէմ ոճիրները դատելու կոչուած զինուորական ատեանի մը հաստատման:
Այս բոլորը այսօր կրկին անգամ մեր ժողովուրդի իրաւազրկումի վերացման լուսարձակը կը զետեղեն իրաւական ու քաղաքական երկու իրողութիւններու վրայ: Իրողութիւններ, որոնք ուղղակի եւ անմիջական աղերս ունին հայութեան պահանջատիրական աշխատանքին: Առաջինը ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտին ներկայացուցած կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնն է: Իսկ երկրորդը` Հայաստանի պետական քաղաքականութեան ու գործունէութեան մէջ ցեղասպանութեան օրակարգի հետապնդման նախաձեռնութիւնը:
Այս երկու իրողութիւնները ցարդ չեն ենթարկուած զուգորդումի ու գործնականացումի` Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հետապնդման նպատակադրութեամբ: Այսինքն` Ցեղասպանութեան ուխտին տրամադրած պատժելիութեան սկզբունքը, որ ինքնըստինքեան կը ներառէ նաեւ հատուցման պայմանները, եւ Հայաստանի կողմէ այդ սկզբունքին պետական հետապնդման ու Հայոց ցեղասպանութեան գծով անոր կիրարկման նախաձեռնութիւնը կը մնան տարանջատուած բնագաւառներ:
Արդեօք պիտի կարենա՞նք հասնիլ այն փուլին, երբ հայութիւնը իր հայրենի պետականութեամբ ու սփիւռքեան կարողականութեամբ, պիտի սկսի վերջ դնել այդ տարանջատման ու վճռէ գործնականացնել ցեղասպանական արարքի պատժելիութեան իրաւական սկզբունքը` Հայոց ցեղասպանութեան պարագային:
Ա՛յս իրավիճակով այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք Ցեղասպանութեան ուխտի կիրարկման մեր կամեցողութեան ու պատրաստակամութեան:
Մինչ այդ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի իւրաքանչիւր օր, երբ հայ մը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը սփիւռքի տարածքին…
9 դեկտեմբեր 2019
(Սեդօ Պոյաճեան իրաւաբան է եւ վարած է Ուաշինկթընի Հայ դատի վարիչի պաշտօնը)