Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բանակցային Սկզբունքներու Վերաբանաձեւում

Դեկտեմբեր 11, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորագիրի բովանդակութիւնը ուշագրաւ է:

«Շնորհաւորում եմ Արցախի Հանրապետութիւնում  նշուող եռատօնի` Արցախի անկախութեան հանրաքուէի, Սահմանադրութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան միջազգային օրուայ առթիւ»:

Եռատօն շրջագծելով հանրապետութեան նախագահը ընդհանուր յայտարարները ընդգծեց երեք կարեւորագոյն ամրագրումներու մէջ` արցախեանը համատեղելով միջազգայինին հետ: Հանրաքուէն ազգերու  ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման առարկայացումն է: Սահմանադրութիւնը` անոր իրաւականացումը: Մինչ մարդու իրաւունքները անվտանգ ապրելու ու ազատ արարելու եւ ազգային պատկանելիութիւնը պահպանելու սկզբունք:

Պատահական չէ, որ վերջին շրջանին պաշտօնական Ստեփանակերտի տարբեր պատուիրակութիւնները, յատկապէս համաեւրոպական ատեաններու մէջ, մարդու իրաւունքներու սկզբունքէն մեկնած կ՛առաջադրէին արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման հրամայականները` Արցախը եւրոպական մարդկային իրաւանց տարբեր ձեւաչափերու կառոյցներուն մէջ ընդգրկելու առումով:

Դիւանագիտական մարտավարութեան որոշակի զուգահեռ կայ մօտեցումներու առումով` 9 դեկտեմբերին հետ: Հայոց ցեղասպանութիւնը ներառել բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման եւ կանխարգիլման միջազգային հռչակագիրին իսկ արցախահայութեան իրաւունքներուն միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխատանքները` մարդու իրաւունքներու համաշխարհային եւ այս պարագային համաեւրոպական կառոյցներուն յարաբերակցաբար:

Եռատօնի այս բանաձեւը ըստ էութեան Արցախի միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն ուղի ցոյց տուող բաժին ունի: Համատեղելով ազգի եւ մարդու իրաւունքները արցախահայութիւնը պիտի շարունակէ յենիլ ազգերու ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրինաչափութիւններուն վրայ` հանրաքուէով իրագործուած եւ սահմանադրութեամբ իրաւականացուած կամարտայայտութիւնը միջազգայնացնելու:

Եռատօնի այս խորհուրդի ընդգծումներէն օրեր առաջ, 6 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը Պրաթիսլաւայի մէջ կայացող ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական համաժողովին կը վերաբանաձեւէր հայկական կողմի հայեցակարգը արցախեան հակամարտութեան  հանգուցալուծման առումով:

Եօթը հիմնադրոյթները կը վերաբերէին հակամարտութեան միջնորդական ձեւաչափի անխախտելիութեան, հիմնահարցի բացառապէս  խաղաղ կարգաւորման, առանց ազրպէյճանական որեւէ սահմանափակման արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, անոր անվտանգութեան երաշխաւորման, հակամարտութեան լուծումներու ներառականութեան (եռակողմ. Ստեփանակերտի մասնակցութեամբ), ուժի կիրարկման բացառման, փոխզիջումնային լուծումի ապահովման առջեւ ազրպէյճանական խոչընդոտներու վերացման:

Եօթը կէտեր հիմնականին մէջ վերաբանաձեւումն են հայկական կողմի ցարդ որդեգրած բանակցային սկզբունքներուն կամ ընդհանուր հայեցակարգին: Յստակ են ինքնորոշման իրաւունքը, կարգավիճակի անդառնալիութիւնը, խաղաղ կարգաւորման գերակայութիւնը, ուժային միջոցները բացառելու հրամայականի շեշտումը, արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը:

Եօթը կէտերուն  հիմնաւորումներուն մէջ  բանաձեւուած են 94-95 թուականներու հրադադարը եւ ըստ էութեան ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ կայացած պայմանաւորուածութիւնը: Բառացիօրէն, երբ կ՛ըսուի, որ վտանգի նուազեցման մեքանիզմները պէտք է ներդրուին, այդ կարգին զինադադարի խախտումները հետաքննող եւ զինադադարի դրութեան դիտարկումի ԵԱՀԿ-ի մեքանիզմները,  ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման միջոցով, պարզ կը դառնայ, որ խօսքը ուղղակի կը վերաբերի Վիեննային:

Այստեղ մարդու իրաւունքի անուղղակի առնչութիւն կայ առաւելաբար Արցախի հայուն անվտանգութեան հրամայականին շեշտումով, յիշելով նախապէս Պաքուի կիրարկած ցեղային զտումներով յատկանշուող քաղաքականութիւնը: Բնականաբար մարդու կամքի արտայայտութիւնը կը ներառուի ազգային ինքնորոշման, հանրաքուէին եւ Ազրպէյճանէն անկախանալու անհատի որոշումին մէջ: Մարդու իրաւունքի առումով կայ նաեւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքը, որ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ տրուած անցագիրով լուծուած է, անվտանգութեան երաշխաւորման ստանձնման ընդհանուր հիմնադրոյթին ներքեւ:

Թէ՛ ազատ տեղաշարժի, թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ կրթութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ տարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր երաշխաւորութիւնը իրաւականացնելու օրակարգը ինքզինք զգալի կը դարձնէ ամէն առիթի: Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Երեւան-Ստեփանակերտ ռազմաքաղաքական դաշինքին:

Ռազմաքաղաքական դաշինքը ո՛չ միայն շահաւէտ է իրողական համագործակցութիւնը իրաւականացնելու առումով, այլ նաեւ կը նպաստէ հայկական կողմին որդեգրած բանակցային ձեւաչափը ներառական դարձնելու եռակողմ ընկալումով:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեանն Ու Նախարար Մնացականեանը Քննարկած Են Արտաքին Քաղաքականութեան Օրակարգային Հարցեր

Յաջորդը

«Պերլինի Մէջ Սպաննուած Վրաստանի Քաղաքացին Մոսկուայի Փապուղիին Մէջ Պայթումներու Կազմակերպիչներէն Մէկն Էր» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?