Իրաւաբանական Հարուստ Փորձառութիւն Ունեցող Դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել Հայաստանի Նոյն Բնագաւառին Մէջ Եւս Կը Ներգրաւուի
ԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Դեկտեմբեր 2025-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը իրաւարարութեան գրասենեակի նոր կեդրոնի մը, որուն մաս կը կազմէ Լիբանանէն «Eptalex» իրաւաբանական ընկերութեան (Լոու ֆըրմ) գործընկեր եւ իրաւաբանական բաժանմունքի ղեկավար, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աւելի քան 25 տարուան իրաւաբանական փորձառութիւն ունեցող դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել: 2007-էն ի վեր անդամակցելով Պէյրութի փաստաբաններու պալատին` դոկտ. Ալին Դանիէլեան յաճախ հանդէս կու գայ...




















