ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
Ըսի արդէն, թէ սփիւռքին համար Քիւրքճեանի նախընտրած անունը «Տարաշխարհ»ն է: Ի՞նչ կամ ինչե՞ր կը թելադրէ այս անունը:
Գիտենք, որ բառը կար մեր լեզուին մէջ 5-րդ դարէն եւ կը նշանակէր «հեռաւոր աշխարհ», կ’ըսէ «Նոր բառգիրք»-ը:
Թէեւ Քիւրքճեան «Սփիւռք» անունը գործածած է, եւ 2022-ին ալ լոյս տեսած իր յօդուածներուն ժողովածուն անուանած` «Սփիւռք եւ ինքնացում», սակայն կը կարծեմ, որ անունը տեսած էր ըստ իր «Տարաշխարհ»-ին: «Տարաշխարհ»-ը իրեն համար միայն «հեռաւոր աշխարհ»-ը չէր, այլ` հեռաւորութեան մէջ տարածք (dimension) «աշխարհաստեղծ» գիտակցութեան, որով ինքնացումը կ’աճի` նուիրագործելով այլութիւնը…
Կար աշխարհ մը, որ անցեալին մէջ մնաց: 1915-ի Աղէտը` ահաւոր կոտորածներուն հետ, կորուստը եղաւ դարաւոր կեցութեան մը, ժառանգութեան մը եւ մեկնակէտը զանգուածներու տարագրութեան: Տարաշխարհին սկզբնաւորութիւնը տարագրական է, եւ այս տարագրութիւնը պատմաքաղաքական է:
«Նոր բառգիրք»-ի «Տարագրութիւն» բառին դիմաց դրած հոմանիշներ են` վտարանդիութիւնը, օտարութիւնը, խոտորումը (այսօր պիտի ըսուէր` այլասերումը): Գրաբարեան ժամանակներէն ցարդ կիրարկուող նշանակութիւններ են ասոնք, որոնք պատմաքաղաքական բնոյթի են: Պիտի աւելցնէի` ընկերային եւ գաղափարաբանական բնոյթի են:
Քիւրքճեան անհրաժեշտ տեսած է պատմաքաղաքական նշանակութեան «իմաստաբանական շրջում»-ը կատարել եւ զանցել զայն, ու այն շրջումը եւ զանցումը «տարագրութիւն» բառը արձանագրած է «տարա-գրութիւն» ձեւով: Ասիկա միաժամանակ պատմական դէպքով յառաջացեալ «Տարաշխարհ»-ին իմաստափոխութիւն մը կ’ենթադրէ. թէեւ ասոր չէ տուած «տարա-գրութիւն»-ին նման ձեւ, այսինքն չէ գրած «Տար-աշխարհ», սակայն ըստ «տարա-գրութիւն»-ին հասկցած է զայն:
Արդ, «տարա-գրութիւն» բառին «տար»-ը հասկցած է որպէս «դուրս»-ը, «այլ»-ը, «ուրիշ»-ը, «միւս»-ը, «օտար»-ը: Ուրեմն` տարա-գրութիւնը անոնց «գրութիւն»-ն է: Ի՞նչ կը նշանակէ այս «գրութիւն»-ը:
Ինք ծագումնաբառը` յունարէն «էքսորիա»-ն թարգմանած է «արտասահմանում»: Համաձայն այս թարգմանութեան ալ` «գրութիւն»-ը ընկալած իբր «սահմանում»: Հետեւաբար տարա-գրութիւնը «դուրս»-ի, «այլ»-ի, «ուրիշ»-ի, «միւս»-ի եւ «օտար»-ի մասին «գրութիւն»-ն է` իբր սահմանում, որ կը ճակատի անոնց. կը ճակատի` ոչ թէ իբր մերժումի արարք, այլ իբր չափուիլ մը` անոնց ծովածաւալ կամ անջրպետային իրականութեան հետ, եթէ կարելի է սարաֆեանական պատկերները գործածել:
Ըսի, թէ տարա-գրութիւնը մեկնակէտին ունի պատմաքաղաքական դէպք տարագրութիւնը: Պատմաքաղաքականը երբ կը տիրապետէ գիտակցութեան, օտարում կը պատճառէ, կը քարացնէ: Այն օտարումը կամ քարացումը մեր լեզուին մէջ ծանօթ է «հայապահպանում» բառով: Ասոր սերտօրէն կապուած է պատմական դէպքին «անանձնական եւ արտաքնացած ներկայապաշտութիւն»-ը (այս «ներկայապաշտութիւն»-ը կը մեկնեմ իբր ներկային մէջ պաշտումը ոչ ներկային), այլ խօսքով` ատոր անձնականացման կամ իւրացման անկարողութիւնը, որուն հետ կու գայ մերժումը` այժմին, վայրին, դրսութեան, այլութեան, ուրիշութեան, միւսութեան եւ օտարութեան: Ասկէ` ձուլումի գաղափարաբանութիւնը: Գաղափարաբանութիւն, որ կ’ապրի մարդ/հայ կեղծ երկընտրանքը: Երկընտրանք, որ ծնանողն է եւ դիեցնողը ձուլման:
Երբ պատմաքաղաքականին որպէս անցեալի դէպք օրինավիճակը կ’անտեսուի կամ կը մոռցուի, մտահերձում մը տեղի կ’ունենայ: Եւ մտահերձումը կը հերքէ այժմին ու վայրին, դրսութեան, այլութեան, ուրիշութեան, միւսութեան եւ օտարութեան փորձառութիւնը: Մինչդեռ այն փորձառութիւնը ո՛չ առասպել է, եւ ո՛չ ալ` ցնորք, այլ` գոյութենական եզր, որ «էապէս» շարժուն է, աւելի՛ն, «շարժապաշտ» է: Եւ որպէս «շարժապաշտ»` «կենսական կը գտնէ» «դուրս»-ին, «այլ»-ին, «ուրիշ»-ին, «միւս»-ին եւ «օտար»-ին «ստանձնումը, համարկումը սեփական ամբողջին»: «Սեփական ամբողջ»-ը անցեալին մէջ չի բնակիր, այլ` այժմին ու վայրին, եւ անցեալն ու ժառանգութիւնը ունի իբր ձեւաւորելի ատաղձ:
Անհրաժեշտ է, որ պատմաքաղաքական դէպքը անձնականանայ, պիտի ըսէի` քննութեամբ եւ վերաքննութեամբ իւրացուի, որպէսզի ներկայի ճանաչումին եւ վաղուան ծրագրումին ծառայէ: Որպէսզի պատմական դէպքը ստանձնուի, զայն նաեւ պէտք է կարդալ նորովի` ըստ դրսութեան, ուրիշութեան, այլութեան, միւսութեան եւ օտարութեան ժամանումին:
Ինչպէս ստիպողութիւն է զանցել պատմաքաղաքական տարագրութեան միեզր հասկացողութեան տիրապետութիւնը, նաեւ ստիպողութիւն է զանցել անհատական տարագրութիւնը, որ ծնողական, ընկերային ազդումներով յօրինուած նախագիտակիցն է: Անհատական տարագրութիւնը, երբ կը մտնէ զանցումի գործունէութեան մէջ, նախ պատմաքաղաքականը կ’անձնականացնէ «այն չափով միայն, որ կարելի է», ապա` եւ ամէն ինչ¬ որ նախագիտակիցէն կու գայ իբր ճնշում:
Անձնականացումը` «կարողական ինքնութեան մը առաջին ինքնահաստատում»-ն է, առաջին այլացումը պատմաքաղաքականէն եւ նախագիտակիցէն: Է «աղբիւրը` միւս այլացումներուն», այլեւ աղբիւրը` «ինքնութեան եւ ինքնագիտակցութեան, տարա-գրութեան»: Այսպէս կը սկսի պատմաքաղաքական տարագրութեան, ինչպէս նաեւ նախագիտակիցին «վաւերականացում»-ը: (Անկասկած այս վերջին բառով կը ծագի հարցումը` թէ պատմաքաղաքական տարագրութիւնը վաւերական չէ՞ր: Ինք գրած է. «Պատմական տարագրութիւնը վաւերական տարագրութիւն է/չէ»: Իրաւ որ բարդ խօսք մըն է ասիկա: Պարզ բացատրութիւն մը տալով, կարելի է ըսել, թէ «վաւերական» է` իբր անցեալի իրողութիւն: «Վաւերական» չէ` իբր գոյութենական իրականութիւն: Նոյնը կարելի է բանաձեւել նաեւ նախագիտակիցին համար…): «Վաւերականացում»-ը «Տար-աշխարհին ստեղծումն է:
Պատմաքաղաքականին անձնականցումը, կամ «արժէքային չափանիշ» ենթադրող անհատականացումը իր առաջին հանգրուանին ծնողքի եւ ժառանգականութեան նախագիտակիցը ունի: Ասոր կրնայ հետեւիլ, ասով կ’աճի «սեփական պատմութեան կուտակում»-ը, որ ինքնութեան հիւսքն է արտաշխարհին: Աճումին հետ կարելի կ’ըլլայ խօսիլ «ուրիշ վայրի մասին»: Կարելի կ’ըլլայ խօսիլ «ուրիշ» օրինավայրի մասին («ուրիշ»-ին հետ ի մտի ունենալ նաեւ իր ընկերները): Օրինավայր, որ տարբեր է հայրերու օրինավայրէն: Այն խօսիլը` արտաշխարհին հետ տրամախոհութեամբ կը զարգանայ եւ կը հասնի «միւս»(ի) գիտակցութեան (այս «միւս»-ին հետ եւս ի մտի ունենալ իր ընկերները), տարա-գիտակցութեան օրինավայրին: Ու ասիկա ոչ միայն հասնիլն է, այլեւ հասնումն է «Վեհափառ… անզեղչելի»-ին (յիշել բոլոր ընկերները) մէջ:
Այս հանգրուանին է, որ սեփական գիտակցութիւնը իր «բարձրագոյն աստիճան»-ը կը գտնէ: Կը ճակատի «Վեհափառ» գիտակցութեան: Եւ ասիկա «նուաճեալ քայլ» է, որով պատմաքաղաքական եւ անհատական տարագրութիւնները կը զերծուին իրենց տիրապետութեան ուժէն: Հոս է, որ Բանով ստանձնելի կ’ըլլան «դուրս»-ը, «այլ»-ը, «ուրիշ»-ը, «միւս»-ը, «օտար»-ը: Որովհետեւ կը փորձեն, կը ճգնին գիտնալ զանոնք, կը վերածեն գիտութեան կամ տեսութեան, որ «ազատագրուած խօսք» է` «ազատագրուած փրաքսիս ծնող», ինքնութիւնը վերածող տարա-գրութեան, բնակիչին` Տար-աշխարհի: Տար-աշխարհը տարագրութեանց տարաշխարհին ուրացումը չէ, այլ ազատ-ա-գրուած, ազատ-ա-գրելի տարաշխարհն է` վասն վաւերական լինելութեան: Արդ, անիկա այժմն է, վայրն է ո՛չ թէ վտարանդիութիւն, ո՛չ թէ խոտորումին, ո՛չ թէ ժխտական օտարութեան, այլ` իսկապէս տարբերը, գաղափարաբանականէն ազատագրեալ նոր սահմանումին… նոր սահմանումներուն աշխարհը:
Քիւրքճեանի մտածումին ընդհանուր նայուածք մըն է ցարդ պարզածս:
(Շարունակելի 2)



