ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Գիտականօրէն անկարելի է փշաքաղուիլ ամբողջ երկու ժամ:
Եւ բնականաբար յօդուածիս վերնագիրը զարմանք յառաջացուց ձեզմէ շատերուն մէջ:
22 յուլիս 2025-ին ես «երկու ժամ փշաքաղուեցայ»:
Եւ անոնք, որոնք այդ օր Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կը գտնուէին, կրնան համաձայն գտնուիլ վերնագիրին հետ:
Սէրուժ Պաղտասարեանի կողմէ մշակուած եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած ստեղծագործութիւնները ամբողջ երկու ժամ կրցան այդ զգացումը պարգեւել:
Համերգը կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի (ֆորում) 30-ամեակին առիթով եւ Համազգայինի հովանաւորութեամբ։
Բոլորին ծանօթ երաժշտութիւններ էին այդ համերգին հնչածները, սակայն` տարբեր ոճով, տարբեր ձեւով ներկայացուած:
Հսկայ դահլիճը բերնէ բերան լեցուցած հանդիսատեսներուն մէկ մասը ծանօթ էր Սէրուժին մշակումներուն, իսկ մաս մըն ալ` անծանօթ այդ ոճին, սակայն` ծանօթ այդ մեղեդիներուն:
Անոնք, որոնք ծանօթ էին, ինչպէ՛ս ես, անհամբեր կը սպասէինք, թէ կենդանի եւ սիմֆոնիք կատարումը որքա՛ն ուժեղ պիտի ըլլար:
Կը սպասէինք տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս այդ կախարդական երաժշտութիւնները պիտի տարածուէին ամբողջ սրահին մէջ:
Կը սպասէինք տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընկալէ հանդիսատեսը այս ոճը, արդեօք մեզի պէս պիտի զգա՞յ, արդեօք պիտի սիրէ՞:
Սպասումներ, որոնք շատ հաւանաբար Սէրուժին կը պատկանին, բայց մենք, որովհետեւ շատ կը սիրենք, որովհետեւ շատ կը լսենք, այդ մշակումները մերը կը համարէինք:
Իսկ անոնք, որոնք ծանօթ չէին, համերգը սկսելէն քանի մը վայրկեան ետք իսկ արդէն կ՛ըմբոշխնէին բարձրորակ, իւրայատուկ, տարբեր երաժշտութիւնը:
Այլեւս անոնք այս ոճին անծանօթ չէին:
Առաջին իսկ վայրկեանէն այդ մեղեդիներու ալիքները զիրենք կապեց, եւ բոլորիս միացուց` հայ երաժշտութեամբ, ստեղծագործներու հանճարով, Սէրուժին տաղանդով եւ նուագախումբին բարձրորակ կատարումով:
Սրահին մէջ օդը տաք էր, ոչ միայն որովհետեւ յուլիս էր, այլ` այդտեղ կազմուած ուժի եւ ջերմութեան պատճառով:
Սրահին մէջ կը զգացուէր կարօտը` ազգայինին, սէրը` մշակոյթին, կարիքը` նորին:
Նոր օրերը նոր ոճեր պէտք ունին: Սէրուժը յաջողեցաւ իրագործել այդ մէկը:
Եւ վերջապէս, նշեմ երկու հետաքրքրական երեւոյթ. մէկը, որ այդ համերգին կատարուեցաւ, իսկ միւսը այդ համերգէն անդին կը կատարուի ու պիտի կատարուի:
Համերգին ներկայ էր նաեւ հանրածանօթ յօրինող Արա Գէորգեանը, որ ելոյթէն ետք համացանցի վրայ տարածեց Սէրուժին երաժշտութենէն բաժին մը` գնահատելով անոր կատարած գործը:
Ինչո՞ւ սակայն կը նշեմ Արա Գէորգեանը:
Կը նշեմ, որովհետեւ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին` դպրոցներ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ, տեսերիզներու կամ բեմական ներկայացումներու ժամանակ, միշտ կ՛օգտագործէին Արա Գէորգեանի երաժշտութիւնները: Բոլորիս շատ ծանօթ երաժշտութիւններ:
Իսկ այսօր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, այլեւս կը լսենք, ու վստահ եմ, պիտի լսենք Սէրուժին մշակած երաժշտութիւնները:
Երեւոյթ մը, որ գեղեցիկ է, հպարտութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ:
Ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը պիտի կրկնուին 20 մարտ 2026-ին, երբ տեղի պիտի ունենայ «Սիմֆոնիք ֆոլք»-ի երկրորդ համերգը, եւ կրկին շատեր առիթ պիտի ունենան «երկու ժամ փշաքաղուելու»:


