Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

March 4, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Էջմիածինի Մայր Տաճարին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ` Սումկայիթի Ջարդերու Նահատակներու Հոգիներուն

27 փետրուարին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ հանգստեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած Սումկայիթի ջարդերու նահատակներուն:

Եկեղեցականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` կոտորածի ենթարկուած անմեղ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար:

Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը Սումկայիթի ջարդերու 38-ամեակին առիթով: «Էքս»-ի իր էջին վրայ նախարարութիւնը գրած է հետեւեալը. «1988 թուականին ազրպէյճանական ԽՍՀ ուժերու կողմէ կազմակերպուած Սումկայիթի կոտորածներու զոհերու յիշատակի այս օրերուն մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք սպաննուած հարիւրաւոր հայերու յիշատակին: Մօտաւորապէս կէս միլիոն մարդ բռնի տեղահանուած է: Յիշողութիւնը միայն անցեալը մտորելու մասին չէ: Ան կը վերահաստատէ մեր միացեալ պատասխանատուութիւնը` պաշտպանելու մարդու իրաւունքները, մերժելու ատելութիւնն ու ատելութեան խօսքը բոլոր դրսեւորումներով, միաժամանակ անսասան աշխատելով հաշտեցման եւ երկարատեւ խաղաղութեան համար»:

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակը Եւ «Սփիւռք» Գիտական Ուսումնական Կեդրոնը Նշեցին Ռոպեր Հատտէճեանի 100-Ամեակը

Փետրուար 25-ին Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ կայացաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած պոլսահայ գրող, «Մարմարա» թերթի երկարամեայ խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի ծննդեան 100-ամեակին:

Ձեռնարկը իրականացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի միացեալ նախաձեռնութեամբ:

Նախաձեռնութիւնը համախմբեց ականաւոր գրականագէտներ եւ արուեստի գործիչներ` խօսելու Ռոպեր Հատտէճեան գրողի, հասարակական գործիչի, հայ մարդու անցած մեծ ճանապարհին եւ անոր ձգած գրական ժառանգութեան մասին:

Ձեռնարկը վարեց բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, «Սփիւռք» կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեան:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան շնորհակալութիւն յայտնելով Մանկավարժական համալսարանի հետ մնայուն համագործակցութեան համար` շեշտեց. «Մեզի համար խորհրդանշական է նշել պոլսահայ մեծ մտաւորականին 100-ամեակը: Մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին նուիրուեցաւ ո՛չ միայն հայ գրականութեան, այլեւ` իր ժողովուրդին: Ան միշտ շեշտեց այն միտքը, որ պոլսահայ գրականութիւնը սփիւռքահայ գրականութիւն չէ` հիմնաւորելով, որ հայերը շատ աւելի հին ժամանակներէ ապրած են Պոլիս, քան` թուրքերը: Այո՛, յիրաւի, պոլսահայ գրականութիւնը կը սերի հայրենիքէն եւ այդ պատճառով իր տարբերող դերն ու տեղը ունի մեր գրական անդաստանին մէջ: Այդ է պատճառը, որ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը թէ՛ գիտաժողովներու եւ թէ՛ առանձին ժողովածուներու հրատարակութեան տեսքով պարբերաբար կ՛անդրադառնայ պոլսահայ գրողներու եւ այնտեղի գրական-մշակութային կեանքին»:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիէլեան եւս կարեւոր նկատելով արեւմտահայ գրականութեան շարունակականութեան հարցը` նշեց. «Եթէ մենք կը խօսինք արեւմտահայ գրականութեան շարունակականութեան մասին, ապա չենք կրնար չնշել Հատտէճեանը` իր «Առաստաղ» վէպով: Առաստաղը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն սահման, ո՛չ միայն բարձրութիւն, այլեւ` մեր գրականութեան մեծութիւնը եւ կարեւոր կը նկատէ անոր շարունակական ըլլալը»:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան: Ան կարեւոր համարեց Մանկավարժական համալսարանին հետ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան համագործակցութիւնը: Արտաշէս Շահբազեան նշեց, որ այդ կայացած համագործակցութեան վառ օրինակներէն մէկն ալ այս ձեռնարկն է` ի շահ մեր գրականութեան եւ մշակոյթին:

«Հատտէճեան իր մնայուն տեղն ու դերը ունեցաւ Պոլսոյ հայկական կեանքի վերաշխուժացման գործին մէջ: Ան իր հարիւրամեայ կեանքով, իր ազգային-մշակութային գործունէութեամբ, իր խմբագրած «Մարմարա»-ով դարձաւ այդ կեանքը ապրեցնողներէն մէկը», շեշտեց Շահբազեան:

Փրոֆեսէօր Վազգէն Գաբրիէլեան անդրադառնալով գրողի անցած բազմավաստակ ուղիին, նշեց, որ Հատտէճեան թէեւ չհասցուց ապրիլ իր երկրային կեանքին մէկ դարը, բայց անոր ձգած ժառանգութիւնը պիտի ապրի դարերով` ամրագրելով անոր դերը հայ գրականութեան մէջ` իբրեւ գրողի, խմբագիրի եւ իր ժողովուրդի ճակատագրով ապրող հայ մարդու:

Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքահայ մասնագէտներէն Արծրուն Աւագեան ընդգծեց, որ մեծերը իրենց ապրած տարիներով չեն աւարտեր իրենց կեանքը, մշակոյթի գործիչներուն, գրողներուն կեանքը կը սկսի անկէ ետք: Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդկար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ պոլսահայ մամուլին: Սփիւռքահայ իրականութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց մամուլի, որ կը ձեւաւորէ հասարակական-քաղաքական արժէքներ եւ հանրային գաղափարախօսական պայքար:

Հատտէճեանի գրական կերպարին ու մտաւորականի անհատականութեան անդրադարձաւ Երեւանի պետական համալսարանէն գրականագէտ Սամուէլ Մուրատեան: Ան ըսաւ, որ Պարոնեանի նման` Հատտէճեանն ալ մահուան դէմ կռիւ ունէր, յաղթած էր մահուան, եւ յաղթած էր ո՛չ միայն իր անձնական կռիւով, այլեւ` իր ստեղծագործութեամբ, հայապահպան գործունէութեամբ, պոլսահայ գրականութեան ծառը կանաչ պահելու յաւերժական խորհուրդով:

Տեղի Ունեցաւ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների Ժամանակը» Հեղինակային Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը

«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» հեղինակային ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 2020 թուականին Արցախի մէջ բռնկած պատերազմի իրադարձութիւնները` թէ ինչպէ՛ս «Կամաւորական շարժում» գումարտակի Պռօշեան գիւղի դաշնակցական կամաւորներու վաշտը մարտագիծի «Վարագնաթաղ» կոչուող բարձունքին խիզախօրէն ետ կը մղեն գրոհայիններու բոլոր յարձակումները: Հետեւաբար անառիկ կը մնայ Մատաղիս-Եղնիկներ պաշտպանական հատուածը` մինչեւ օգնական ուժերուն մօտենալը:

Էջմածինի Մէջ Կատարուեցաւ Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւնը

Երեքշաբթի, 24 փետրուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Տաթեւ արք. Սարգիսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Այս մասին յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Առաւօտեան Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագիչը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Շահան արք. Սարգիսեանն էր:

Սրբազան արարողութեան ընթացքին բարեյիշատակ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի աճիւնը զետեղուեցաւ ս. խորանին առջեւ եւ կատարուեցաւ սրբազան հօր վերջին օծման կարգը: Սրբալոյս միւռոնով օծուեցան Տաթեւ արքեպիսկոպոսին ճակատը եւ աջ ձեռքը: Այնուհետեւ եկեղեցականաց դասը բարձրանալով խորան` Տաթեւ սրբազանին վերջին հրաժեշտի խոնարհումը կատարեց:

Շահան արքեպիսկոպոս իր դամբանականին մէջ անդրադարձաւ հանգուցեալ սրբազանին կեանքին եւ գործունէութեան:

Սուրբ պատարագի աւարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանական գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ սրբազան հօր թաղման կարգը:

Լոյս Տեսաւ «Հայ Գաղթականութիւնը Ա. Աշխարհամարտի Տարիներուն Եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին (1914-1917)» Վերնագիրով Ուսումնասիրութիւնը

Օրհնութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Աւետիս Յարութիւնեանի «Հայ գաղթականութիւնը Ա. աշխարհամարտի տարիներուն եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին (1914-1917)» վերնագրով ուսումնասիրութիւնը:

Հետազօտութեան մէջ սկզբնաղբիւրներու համակողմանի ուսումնասիրման եւ համադրման միջոցով պատմական քննական եւ պատմական համեմատական վերլուծութեամբ ներկայացուած է Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն երիտթրքական կառավարութեան հակահայ քաղաքականութեան պատճառով յառաջացած հայ գաղթականութեան պատմութիւնը եւ  հայ գաղթականութեան ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ փոխկապակցուած հիմնահարցին համալիր վերլուծութիւնը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան Ա. Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի կովկասեան ռազմաճակատի ռազմական գործունէութիւններու գիտական ուսումնասիրումը միշտ ալ եղած է եւ կը մնայ պատմաբաններու եւ այդ հարցով զբաղող այլ հեղինակներու ուշադրութեան կեդրոնը: Այդ հարցերուն վերաբերեալ, սկսեալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներէն, ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուած է բաւականին ստուար գրականութիւն: Մինչդեռ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ գաղթականութեան պատմութեան ամբողջական լուսաբանումը դուրս մնացած է հայ պատմագրութեան ուշադրութենէն եւ յատուկ ուսումնասիրութեան առարկայ չէ դարձած:

Հեղինակը հետազօտելով գրեթէ չուսումնասիրուած հիմնահարցը աղբիւրներու համակողմանի վերլուծման եւ համադրման միջոցով` իր առջեւ հարց դրած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ գաղթականութեան փոխկապակցուածութեան հիմնահարցի պատմական քննական վերլուծութեամբ եւ գիտական անաչառ լուսաբանութեամբ հետեւեալները.

Ա) Ներկայացնել 1914 թուականի նոյեմբեր-դեկտեմբերեան, 1915 թուականի յուլիսեան, 1916 թուականի յուլիս-օգոստոսեան եւ 1916 թուականի նոյեմբերեան գաղթերու պատմութիւնը,

Բ) Բացայայտել Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն գաղթերու եւ յատկապէս 1915 թուականի յուլիսեան աղէտալի գաղթի միտումնաւոր կազմակերպման գործին մէջ ցարիզմի գաղութային քաղաքականութեան էութիւնը եւ շարժառիթները,

Գ) Ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կը կազմակերպուէր եւ կ՛իրականացուէր հայ գաղթականներու պետական օգնութեան գործառոյթը,

Դ) Լուսաբանել գաղթականական կոմիտէներու եւ բարեգործական հիմնարկներու գործունէութիւնը,

Ե) Ներկայացնել գաղթականներու ծանր վիճակը, տեղաբաշխումը եւ օգնութեան կազմակերպումը Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ,

Զ) Արժեւորել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անմնացորդ դերակատարութիւնը հայ գաղթականներու փրկութեան գործին մէջ,

Է) Պարզաբանել հայ գաղթականներու օգնութեան կազմակերպման հայանպաստ շարժման օգտաւէտութիւնը:

Հայաստանի Վանքերը` «Նեշընըլ Ճիոկրաֆի»-ի Լուսարձակին Տակ

Հայկական հինգ նշանաւոր վանքեր ընդգրկուած են «Նեշընըլ Ճիոկրաֆի»-ի նորագոյն յօդուածներէն մէկուն մէջ` ներկայացուելով իբրեւ բացառիկ պատմական մշակութային կոթողներ:

Գեղարդի, Տաթեւի, Նորավանքի, Սանահինի եւ Հաղբատի վանական համալիրները յատուկ տեղ գտած են հրապարակումին մէջ: Յօդուածագիրը ընդգծած է Հայաստանի դարաւոր պատմութիւնը եւ հայկական ճարտարապետութեան ազդեցիկ եւ տպաւորիչ ոճը:

Պարբերականը առանձնաբար անդրադարձած է իւրաքանչիւր վանքի կառուցման ժամանակաշրջանին եւ պատմական հանգամանքներուն: Գեղարդը ներկայացուած է իբրեւ ինքնատիպ ճարտարապետական ստեղծագործութիւն` յատկապէս նշելով անոր ժայռափոր եկեղեցիներն ու քարանձաւային մատուռները:

Տաթեւի վանական համալիրը յիշատակուած է նաեւ աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիներէն մէկով իր կապուածութեամբ, որ լրացուցիչ հետաքրքրութիւն կը հաղորդէ վայրին:

Նորավանքը առանձնացուած է իր արտաքին քարէ աստիճաններով, որոնք կերտուած են բացառիկ ճարտարագիտական լուծումներով:

Իսկ Հաղբատն ու Սանահինը ներկայացուած են իբրեւ միջնադարեան հոգեւոր եւ կրթական կեդրոններ` աչքի զարնող իրենց կամարակապ կառոյցներով եւ նուրբ փորագրուած խաչքարերով:

«Նեշընըլ Ճիոկրաֆի»-ն յաճախ ուշադրութիւնը կը դարձնէ Հայաստանին` իր էջերուն մէջ լուսաբանելով ո՛չ միայն պատմական մշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ` գինեգործական աւանդոյթները եւ զբօսաշրջային բազմազան կարելիութիւնները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Քեսապի Հայութիւնը 1909-Ի Աղէտի Օրերուն. Դէպի Պասիթ Եւ Լաթաքիա

Յաջորդը

Իրաւաբանական Հարուստ Փորձառութիւն Ունեցող Դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել Հայաստանի Նոյն Բնագաւառին Մէջ Եւս Կը Ներգրաւուի

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

February 25, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

February 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

February 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.