ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Որքան ուրախալի ու բերկրալի է, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ տակաւին կան մշակութային հնչուն արձագանգներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը յիշեցնեն ու կ’աւետեն երանելի եւ փառքի օրերն ու ժամանակները, երբ մշակութային կեանքը իր զանազան դրսեւորումներով, արտայայտութիւններով ու դերակատարութիւններով, ոչ միայն կը մնար պատնէշի վրայ, այլ նաեւ կենդանութիւն ու շունչ կու տար լիբանանահայ մշակութասէր հասարակութեան:
Ճիշդ է` եղան անխուսափելի պահեր, երբ անոնց մեծ մասը, կամայ թէ ակամայ, խամրեցաւ, բայց չվերացաւ, անշքացաւ, բայց չմթագնեցաւ, եւ կամ` լուսանցքայնացուեցաւ, բայց չխաւարուեցաւ, որովհետեւ լիբանանահայութեան մէջ լոյսի եւ յոյսի աղբիւրները չէին կրնար ցամքիլ, չորնալ կամ սպառիլ մէկ օրէն միւսը, ընդհակառակը, անոնք անպայմանօրէ՛ն կը վերաճէին, կը վերականգնէին:
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը միշտ ալ եղած է ու կը մնայ այն փարոսը, որ չի կրնար մարիլ, անէանալ ու չքանալ, այնքան ատեն որ իր մէջ կան` կիրքն ու լիցքը, կամքն ու տեսիլքը երբեք չհրաժարելու իր բեղմնալի երթէն:
Այսօր, որքան ալ տժգոյն ու մռայլ փուլերէ կ’անցնի հայ ժողովուրդը քիչ մը ամէն տեղ, սակայն, իր մէջ վճռակամութիւնը, տոկունութիւնը ու դիմադրականութիւնը կը մնան կանգուն, առնուազն տեղի չտալու կամ չնահանջելու` պարտադիր կամ ստիպողական արգելքներու դէմ:
Հայու նկարագիր թէ բնաւորութիւն, համոզում թէ հաւատք` ատոնք չեն կրնար հիմնովին ձեւափոխուիլ կամ այլասերիլ, այնքան ատեն որ հայու ոգիին եւ արմատներուն կանչն են, որոնք զինք կը մղեն, կ’առաջնորդեն ու կը յուսադրեն:
Թերեւս այդ է պատճառներէն մէկը, որ հայ ժողովուրդը քալած եւ ընթացած է այնպիսի ուղիներէ, որոնք զինք կ’ամրապնդեն ու կ’արժեւորեն` երբեք չյուսահատելու, չընկճուելու, այլ` միշտ մնալու իր ակունքներուն եւ ինքնութեան հարազատ կերտիչներէն մէկը:
Ասոնք կը նկատուին այն հիմունքներն ու մեկնարկները, որոնք հայ ժողովուրդին տուած են` ԱՊՐԵԼՈՒ կեանք, ԲԱԲԱԽԵԼՈՒ ոգի, ԾԱՂԿԵԼՈՒ նորափիթներ` յանուն իր գոյութեան, կեցութեան եւ յարատեւութեան, իսկ անոնք բնաւ չեն եղած (ու չե՛ն) անբաւարար պայմաններ, որոնք կրնային զինք թուլացնել կամ ջլատել:
***
Ամէն առիթով (իսկ այդպիսիք երբեք չեն պակսիր), երբ` կը խօսինք, կը յիշենք կամ կ’անդրադառնանք հայ ժողովուրդին այս ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ, մեր առջեւ կը պարզուին իրականութիւններ եւ իրողութիւններ, որոնք տեղի կ’ունենան մեր աչքին առջեւ ու մեր տեսադաշտային ծիրերէն ներս:
Իսկ ատոնք ի՞նչ կրնան ըլլալ, եթէ ոչ` մեր մշակոյթով ապրիլ, սնանիլ, դաստիարակուիլ եւ ոգեշնչուիլ, որովհետեւ այս են այն տուեալներն ու գործօնները, որոնք մեզ պահած են, խնամած ու թարմացուցած, որպէսզի երբեք չհեռանանք կամ չբաժնուինք մեր էութենէն:
Այս համազգային ու համաժողովրդային զգացումները եւ ապրումներն են, որոնք միշտ մնացած են մեր գոյապահպանութեան գլխաւոր թիկունքները, առանց որոնց` դժուար պիտի ըլլար նոյնիսկ նուազագոյն նշոյլներով դիմանալ հոսկէ կամ հոնկէ եկած, ծանօթ եւ անծանօթ հարուածներու:
Ահաւասի՛կ, ինչպէս այլ բնագաւառներ, հայ ՄՇԱԿՈՅԹՆ է, որ ամէնէն աւելի կրցաւ հայ ժողովուրդը պահել արթուն ու զգաստ, ամրակուռ եւ բերքառատ ցուցանիշը հայ ժողովուրդին:
Այս հպանցիկ, բայց անհրաժեշտ մտորումները արդէն ցոյց կու տան, թէ լիբանանահայ մշակութային կեանքը ուրկէ՛ կը սկսի, ո՛ւր կ’ընթանայ եւ ինչի՛ կը յանգի, երբ կը տեսնենք ու կ’ապրինք, որ ան կը մնայ իր անհրաժեշտ բարձունքին վրայ, թէկուզեւ` ՀԱՄԵՍՏ, ԺՈՒԺԿԱԼ ու ՉԱՓԱՒՈՐ պայմաններու մէջ, բայց` միշտ նպատակէտային, արժէքաւոր ու մշակութային ոգեշնչելի ուրուագիծերով:
Այս պարագային, խօսքը կը վերաբերի լիբանանահայ թատրոնի նորագոյն իրագործումներէն մէկուն, որ հակառակ բոլոր դժնդակ ու ճնշիչ պայմաններուն` դարձեալ հրապարակ կու գայ, երբ հանրութեան կը ներկայացնէ «Ամուսինը ծուղակի մէջ»-ը` բեմադրութեամբ, հանրայայտ բեմադրիչ-դերասան, արուեստագէտ, հեղինակ, թարգմանիչ եւ գեղարուեստի մարզերէն ներս լաւագիտակ, փորձագէտ ու մասնագէտ Յարութ Գնդունիի:
Յարութը հանգիստ ու դադար չունեցող, չվհատող եւ չյանձնուող այն արուեստագէտներէն է, որ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր (վստահաբար նաեւ վաղը) պիտի մնայ հայ բեմին արժանաւոր ու հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը, որ ԱՌԱՆՁԻՆԸ կը գլխաւորէ, կը կազմակերպէ, կը հրամցնէ, կը շքեղազարդէ ոչ միայն լիբանանահայ թատրոնի հմայքն ու հրայրքը, այլեւ` զայն կը պայծառացնէ ու կը լուսաւորէ թատերական աշխարհի երանգներով ու պատկերներով:
***
Այն հաճոյքն ու գոհունակութիւնը, որ ապրեցաւ հանդիսատես հասարակութիւնը (6, 7 եւ 8 փետրուար 2026-ին), աւելի քան պերճախօս էր, թէ ներկայացուած թատրերգութիւնը իր խորքով ու բնոյթով, դերակատարներով ու մասնակիցներով (բեմ թէ յետնաբեմ), իրենց գրաւիչ, անմիջական, հաղորդական ու անգին կապերով արդէն ցոյց կու տային, որ թէ՛ նիւթը, թէ՛ գործողութիւնները, թէ՛ բեմադրիչը կրցած էին ո՛չ միայն թափանցել այս ամբողջ ներկայացումի բովանդակութեան մէջ, այլ նաեւ` զայն վերածել աշխուժ համապատկերի մը, ուր իւրաքանչիւր դերակատար հանդէս կու գար իրեն յատուկ, բայց բեմադրական մասնագէտի ցուցմունքներով ու վարժութիւններով` ներկայացման տալով ԻՍԿԱԿԱՆ իրապաշտական միջավայր մը եւ ընտանեկան ներքին կարգուսարքի հոլովոյթ մը:
Այս եւ յարակից կարգ մը տնօրինումներ, դերասան-խաղարկութիւններ, յարաբերութիւններ, գործողութիւններ, պատկերներ, առաւել եւս կը գրաւէին ակնդիրներուն հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը:
***
Անխուսափելի է չյիշատակել, գէթ` քանի մը տողով կամ արձանագրութեամբ, որ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի «զաւակները», ինչպէս իր նախորդ ներկայացումներուն մէջ, նաեւ այս առիթով, յատուկ հոգատարութեամբ, բծախնդրութեամբ ու համբերութեամբ, «կրթած ու դաստիարակած» էր բեմական արուեստով, զանոնք պահելու համար իրենց «հուն»-ին մէջ, տեղ մը` գնդունիական, բայց, վերջին հաշուով, յանուն թատերական եղելութեան եւ արուեստի համատեղութեան:
Կ’արժէ յիշել այն «դերակատարները», որոնք իրենց դերերով ու երեւումներով եւ, ընդհանրապէս, մասնակցութեամբ կրցան իրենց շնորհներով, ձիրքերով ու համարձակութիւններով «բան մը» տալ ոչ միայն իրենց ունեցած ունակութիւններէն, որքան ալ խոնարհ, բայց արժանացան ներկայ թատերասէր հասարակութեան ողջոյններուն ու ծափահարութեանց. ուստի, կը կարծենք, թէ ատոնք ալ բաւարար պէտք է ըլլան, արժանի «ԲԱԺԻՆ» մը տալ անոնց` նկատի ունենալով, որ անոնք իսկապէս արժանի եղան համապատասխան քաջալերանքի ու զօրակցութեան:
Դերակատարներէն իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ փորձերով, կարողութիւններով ու կարելիութիւններով կրցաւ իր դերով ինքզինք արդարացնել, տալ ապացոյցը, թէ թատրոնի սիրահար մըն է, անոր ծառայող եւ երկրապագող, ոչ միայն անձնական գոհունակութիւն ապրելով, այլ նաեւ` ներկայ ակնդիրները եւս մասնակից դարձնելով այդ վայելքին:
Թատերագէտ, թատերագիր, թարգմանիչ ու փորձագէտ, բազմատաղանդ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ինքզինք գերազանցեց` բեմ հանելով «Ամուսինը ծուղակի մէջ» կատակերգութիւնը (հեղինակ` Ռէյ Քունի)` իր թարգմանութեամբ ու պատշաճեցումով: Լիբանանահայ թատերասէրներու ճաշակի բազկերակին ծանօթ ըլլալով, ան այս գործը ընտրած ու հրամցուցած էր` իբրեւ ուսանելի ու ժամանցելի հաճելի զբաղմունք, իր դերասանական անձնակազմը ձեւաւորելով ընտրութեամբ, պատշաճութեամբ ու հետեւողութեամբ, եւ անոնք բոլորն ալ կրցան իրենց կերպարներուն մէջ մնալ աշխուժ ու կենդանի, շարժուն ու կենսունակ:
Յիշեցումի կարգով` արձանագրենք անոնց անունները.
– Սիմոն Եափուճեան, որ այս անգամ եւս գտնուեցաւ իր ամբողջական կերպարին մէջ` տպաւորիչ խաղարկութեամբ եւ անմիջական երեւումներով:
– Մելիք Պետրոսեան` նոր բեմական ուժ մը, որ կրցաւ ինքզինք արժեցնել եւ յուշել` այս մարզէն ներս մնայուն դերեր ստանձնելու ինքնավստահութիւնը:
– Լուսինէ Տագէսեան` խոստմնալի ներկայութիւն մը, վստահաբար` նոր դերերով հանդէս գալու շնորհալի հասունութեամբ:
– Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան, որ բեմին վրայ վերերեւումով ապացուցեց, թէ ինք կարող է շարունակել իր երթը` տարբեր ու համոզիչ խաղարկումներով:
– Հրակ Մամիկոնեան կրցաւ իր դերին մէջ մնալ` իր համեստաբարոյ նկարագիրով, տարբեր դերերով հանդէս գալու հաւանականութեամբ:
– Երան Գոյունեան արժանաւոր է, եթէ շարունակէ մնալ հայ բեմին ծառայելու իր հաւատարմութեամբ:
– Հայզաւակ Լէփէճեան` հայ բեմի վեթերան հաղորդական վաստակաւոր մը, որուն ներկայութիւնը աւելի քան հարստացնող է, թատրոն վայելելու հմայքով:
***
Անշուշտ այս գործը աւելի զարդարուն ու ծաղկուն դարձնելու համար, բեմադրիչին ու դերակատարներուն կողքին, նոյնքան ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ են այն ուժերը, որոնք իրենց բեմավարութեամբ (Հրակ Մամիկոնեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Վիգէն Քէօշկէրեան), որմազդ (Բալիկ Սրապոնեան), բեմայարդարում (Դանիէլ Քէօրօղլեան), սրահի պատասխանատուներ (Յակոբ Սրապոնեան, Սեդա Լէփէճեան), զգեստներ (Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան), յայտագրի պատրաստութիւն (Մելիք Պետրոսեան), լոյս ու ձայն (Սուրէն Խտըշեան), կրցան պայծառ սլացք ու գոյն տալ առհասարակ թատրերգութեան յաջողութեան:
***
Լիբանանահայ թատրոնը նոր եւ ուշագրաւ բարենիշ մը արձանագրեց` «Ամուսինը ծուղակի մէջ»-ով, բայց երբեք… ծուղակի մէջ չինկաւ, ընդհակառակը, կրցաւ գեղարուեստօրէն ինքզինք դուրս պահել վտանգաւոր որոգայթներէն, դիտորդ հանդիսատեսը տեղափոխելով աւելի բարօր հորիզոններ` թատրոնի միջոցով ու բեմական գրաւիչ հնարքներով, հանդիսատեսներուն իսկ վկայութեամբ ու համաձայնութեամբ:
Եթէ այս պարագային շահողն ու գերակշռողն էին թատրոնն ու անոր հետ առնչուող ոլորտները, կազմակերպիչներ, դերակատարներ, գործակիցներ եւ ընթացիկ լծակներ, թատերասէրները եւս արժանի էին յատուկ ուշադրութեան` ցոյց տալով իրենց սէրը ու հետաքրքրութիւնը թատրոնի նկատմամբ:
Մեզի կը մնայ սրտագին շնորհաւորել «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը, որ 2014-էն ի վեր հանդէս եկած է` ԵՕԹը բեմադրութիւններով, թատրոնի տեղն ու դերը ոգեկոչելով եւ անոր բերած նպաստները, ջերմութիւնը ու ոգին փոխանցելով բոլորին` շնորհիւ բազմաշնորհ Յարութ Գնդունիին եւ իր նուիրեալ «զինուորագրեալ» հաւատարիմներուն, որոնք անձնազոհութեամբ եւ ամբողջականութեամբ կառչած մնացին ու կը մնան իրենց բազմաշնորհութեան` ի սպաս լիբանանահայութեան գեղարուեստականութեան պահպանումին, վերելքին ու գոյատեւման:
(Պէյրութ)




