Ամենաերջանիկ ժողովուրդները անոնք են,
որոնք իրենց անցեալի պատմութենէն կը հեռանան:
Ճիշդ կ՛ըլլար, եթէ երբեք գիտնայինք, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ե՞րբ արտասանած է այս տողը եւ ինչպիսի՞ պարունակի մէջ, որպէսզի լաւագոյնս ըմբռնէինք անոր միտք բանին, կամ, այսպէս ըսած` «պատգամ»-ը:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ թրամփեան արտասովոր ու միքամածային մտքերու մէկ հերթական արտայայտութիւնն է վերեւի հաստատումը, այդուհանդերձ, նմանատիպ հասարակաց մտայնութեան եւ գործելակերպերու ականատես է ողջ մարդկութիւնը:
Այլ խօսքով մոռնալ ամէն ինչ, որ կը վերաբերի անցեալին, ինքնութեան, ապրիլ ներկան, թէկուզ ստրկամտութեամբ, ու կեանքին նայիլ` երջանիկի եւ հաճոյախօսի հանդերձանքը հագած, պարպուիլ մարդկայնութենէ ու ազգային պահուածքէ:
Ի դէպ, վերոնշեալ տողը լսեցինք տեղացի վաստակաշատ քաղաքական վերլուծաբանէ մը, որ ինքնավստահ ու առանց բառերը ծամելու զայն մէջբերեց, երբ կը խօսէր միջինարեւելեան վերջին զարգացումներուն մասին:
Քաղաքական ու զինուորական զարգացումներ, որոնք կրնան պատուհաս եւ ճակատագրական ըլլալ` առաջնորդելով ահաւոր մագլցումներու:
Անկեղծ ըսած, վերեւի նախադասութիւնը մտածումի տեղիք տուաւ, երբ սեւով ճերմակի վրայ կը մրոտէինք սումկայիթեան յիշատակումները:
Այո՛, ջարդի, ահաւոր սպանդի եւ տեղահանութեան յիշատակումներ, որոնք տեղի ունեցան 38 տարի առաջ, թուրք-ազերի վոհմակներու ձեռամբ եւ միջազգային հասարակութեան ու պետութիւններու լո՜ւռ մեղսակցութեամբ:
Փաստօրէն, իր դարաւոր հայրենի հողը ազատագրելու, վերապրելու, ազգային արժանապատուութիւնն ու հաւաքական կենսունակութիւնը վերականգնելու ուժեղ պատրաստակամութեամբ, արցախահայութիւնը կը դիմէր ինքնապաշտպանութեան` ազգային ազատագրական պայքարին մէջ նետուելով:
Օրին հաւաքական գիտակցութիւնն ու պարտաւորութիւնը ազգ մը ամբողջ կը մղէր նախաձեռնելու եւ անկոտրում կամքով դիմակայելու թշնամի հորդաներ:
Ամբողջ 70 տարի Խորհրդային կարգերու լուծն ու սարսափը ապրելէ ետք, հայը կը բարձրաձայնէր ու կը պահանջէր ազատ ու անկախ ապրելու իր իրաւունքը:
Արցախահայութիւնը շնորհիւ իր տոկալու կամքին ու բարձր գիտակցութեան, կրցեր էր պահել իր ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, հակառակ ստեղծուած դառն պայմաններուն եւ ազերիական բռնաճնշումներուն:
Հայաստանի թէ Արցախի տարածքին ցոյցերը, արդար պահանջներն ու բողոքի արտայայտութիւնները ձեւով մը ազդանշանը եղան ֆետայական շարժումին, որ, իր կարգին, կլանեց ամբողջ ժողովուրդը եւ բոցավառեց ազատագրական պայքարի ջահը:
Միւս կողմէ, թուրք-ազերի բորենիներու հակազդեցութիւնը չուշացաւ: Անոնց սպառնալիքները գործադրուեցան 1988-1990 տարիներուն, երբ իրերայաջորդ սպանդներու ականատես եղաւ հայութիւնը Սումկայիթէն Պաքու, Գանձակ, Կիրովապատ, Մարաղու եւ այլ հայահոծ շրջաններու մէջ:
Բարբարոս ազերին` ընթացք տալով իր արիւնառուշտ պահուածքին, դիմեց ջարդի, ռմբակոծումի, խողխողումի, բռնագրաւումի եւ սարսափելի ոճիրներու:
Ազրպէյճանի պետութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցան ջարդերը: Իսկ երբեմնի խորհրդային զօրքերը, հանդիսատեսի դիրքին մէջ մնալով` չպաշտպանեցին անմեղ հայերը, որոնք օր ցերեկով կը հրկիզուէին հրապարակներու վրայ:
Պաքուի մէջ ապրող աւելի քան 250 հազար հայեր սարսափի մատնուած կը փախչէին` լքելով սեփական տուն, գործատեղի ու հարստութիւն:
Ճիշդ է, որ Արցախի կարգ մը քաղաքներու մէջ հայը դիմեց զէնքի, իր պատիւն ու օճախը պաշտպանելու, այդուհանդերձ, գազանացած ու հայատեանց ազերին ամէն առիթ օգտագործեց սպաննելու, թալանելու եւ տեղահան ընելու հայութիւնը:
Մարդակեր թշնամին խնայեց ոչ ոքի` ծեր, երեխայ, կին ու նորածին:
Ժամանակակից պատմագրութիւնը փաստագրած է վերոնշեալ շրջաններու մէջ պատահած սպանդը, ահաւոր պատկերներն ու բարբարոսութիւնը:
Ճիշդ է, որ հայու մարտական ոգին, բազուկն ու անձնազոհութիւը կրցան ազատագրել Արցախը եւ հայութեան մնացորդացը փրկել ստոյգ բնաջնջումէ, բայց եւ այնպէս սումկայիթեան ջարդերը ցարդ կը շարունակեն խոցել մեր հաւաքական յիշողութիւնն ու ալեկոծել իւրաքանչիւր հայու յուզաշխարհը:
Սումկայիթի ջարդերու յիշատակին նուիրուած աշխարհով մէկ կանգնեցուած խաչքարերը կը վկայեն հայութեան ապրած դառնակսկիծ օրերը:
Այսօր Արցախի կորուստէն ետք, ինչպէս նաեւ հայ-թուրք խաղաղասիրական հրմշտուքներու պատկերին դիմաց, մէկ կողմէ թշնամի որոգայթներ կը բազմանան, միւս կողմ հայ քաղաքական մտքի խեղճութիւնը կը յամենայ` պատճառ դառնալով հայ կեանքի պառակտումին եւ միասնականութեան տկարացումին:
Սումկայիթի ջարդերը պէտք է զգօն պահեն հայութիւնն ու իր պետութիւնը:
Հայութիւնը` հեռանալով իր անցեալի պատմութենէն, ինչպէս նաեւ կռնակ դարձնելով հաւաքական յիշողութեան, երջանկութեան փոխարէն պիտի ըմպէ թուրքի կարմիր բաժակը, որով կը գոռոզանայ թրքութիւնը եւ կը պատրաստուի նորովի ու բազում տեսակի արհաւիրքներու գործադրութեան:
Նեղմտութեամբ ու թուրքի խաղաղասիրութեամբ գինովցած հայու տեսակը, որ կ՛ապրի մեր շրջապատին մէջ, փոխանակ աստի ու անտի յորդորներ հրամցնելու, ուր ալ գտնուի, պարտաւոր է երկիւղածութեամբ խոնարհիլ կանգնեցուած խաչքարերու դիմաց, ուշքի գալ եւ ինքզինք հոգեզինել:



