Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայրի Ծննդեան 80-Ամեակին Առիթով. Լոյսի Կենսատու Զգացողութիւնը…

March 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Լիբանան, 1983, ձմեռ

Հրայր Տիարպեքիրեան

Այդ տարիներուն Զաւէն Խտըշեանն ու իր կինը սովորութիւն ունէին Պելվիուի իրենց առանձնատան մէջ տարբեր առիթներով հրաւէրներ կազմակերպելու: Այս հրաւէրներուն ներկայ կ՛ըլլային առաւելաբար` արուեստագէտներ, լրագրողներ արուեստաբաններ, ինչպէս նաեւ` որոշ արուեստասէրներ… մեծամասամբ իրենց կողակիցներով, ինչպէս` Փոլ Կիրակոսեան, Կիւվտէր, Թորոս Տէր Յակոբեան, Պերճ Ֆազլեան, Ժոզեֆ Թարրապ, Վարուժան Խտըշեան, Գր. Նորիկեան, Սեզար Նամմուր, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Սոնիա Նիկոլեան, Էտկար Դաւիթեան, Էտի Պահատրեան  եւ այլն: Այս անգամ առիթը Ասատուր Պզտիկեանի Լիբանան այցելութիւնն էր, որուն ի պատիւ` Խտըշեան ամոլը կազմակերպած էր յատուկ ընդունելութիւն մը: Զարմանալի չէ, որ նմանօրինակ հաւաքները (որոնք տեղի կ՛ունենային նաեւ այլ բնակարաններէ ներս) տարերայնօրէն կը ստանային գեղարուեստական բնոյթ, ուր կը քննարկուէին արուեստի եւ արուեստագէտներուն վերաբերող տարբեր հարցեր: Այդ օր մեր խօսոյթը բաւականին թէժացաւ, որովհետեւ զրոյցը կը ծաւալէր այն հարցի շուրջ, թէ «ինչո՞ւ հայ արուեստագէտներէն շատեր` Փոլ Կիրակոսեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւվտէր, Ժան Դարբինեան, Թորոս Տէր Յակոբեան… շատ աւելի ծանօթ են Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան, քան` լիբանանահայութեան: Երբ իմ հետաքրքրութիւնը աւելի աճեցաւ այս հարցի հանդէպ, Սոնիան (որուն նոր ծանօթացած էի) մէկ կողմ քաշեց զիս եւ ըսաւ.

— Մովսէ՛ս, Հրայրի մասին գիտե՞ս…

— Լսած եմ, սակայն ծանօթ եմ ո՛չ իրեն եւ ոչ ալ իր արուեստին:

— Հրայրը (Տիարպեքիրեան) շատ աւելի հռչակ ունի արաբական աշխարհի մէջ, քան` նոյնիսկ Փոլ Կիրակոսեանը:

Սոնիային տուած այս տեղեկութիւնը պատճառ եղաւ, որ ես մօտէն հետաքրքրուիմ Հրայրով: Ամիսներ ետք այցելեցի իր Էշրեֆիէի բնակարանը ու առիթ ունեցայ հանգամանօրէն հաղորդուելու անոր արուեստին, որուն յայտնութիւնը ոչ միայն գիւտ էր ինծի համար, այլ նաեւ` տպաւորիչ, որովհետեւ մինչ այդ ինծի ծանօթ Լիբանանի (եւ առհասարակ արեւելքի) կերպարուեստագէտներէն շա՜տ շատեր, ներշնչուելով արեւմտեան արտայայտչաձեւերէն ու արուեստի սանձարձակ ուղղութիւններէն, արեւելքի մէջ կը ներկայանային իբրեւ «նորարարներ»: Կային շատ քիչեր միայն, որոնք սնանելէ ետք իրենց միջավայրէն եւ արեւելեան հին ու նոր մշակոյթներէն, կը փորձէին յայտնաբերել իրենք զիրենք եւ ստեղծել ինքնատիպ ու բարձրորակ արուեստ: Հրայրը այդ քիչերէն է: Ան իբրեւ ստեղծագործող` հայ է, լիբանանցի ու առհասարակ արեւելքցի` միաժամանակ: Ան ոչ միայն ստացած է մասնագիտական կրթութիւն, այլ նաեւ հանգամանօրէն ուսումնասիրած է եւ կը շարունակէ սերտել` հակական մանրանկարչութիւնը, բիւզանդական եւ յատկապէս «Մելքիդ» սրբանկարչութիւնը, փիւնիկեան արուեստն ու առհասարակ արեւելեան հին հարուստ մշակոյթները եւ զանոնք իր հոգեմտաւոր պրիսմակէն անցընելէ ետք միայն կը դրսեւորէ կտաւներու վրայ… ենթագիտակցաբար եւ տարերայնօրէն:

Ահաւասիկ հո՛ս է Հրայրին արուեստի ուժն ու ինքնատպութիւնը, որ բերաւ իրեն միջազգային գնահատում եւ հռչակ:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Հրայր գնահատուած է թէ՛ արեւելքի թէ՛ արեւմուտքի արուեստասէր դժուարահաճ հասարակութեան կողմէ իսկ: Հրայր Միջին Արեւելքի շարք մը թագաւորներու, իշխաններու եւ իշխանուհիներու կողմէ գնահատուելէ ու անոնց հաւաքածոներու մէջ ներառնուելէ ետք,  իր ստեղծագործութիւններէն շատեր հանգրուանած են նաեւ` Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի, Մոնաքոյի արքայազն Հենրիի, Ժագլին Քենետի-Օնասիսի, Անթոնի Քուինի, Քըրք Տուկլասի, Լայզա Մինելլիի եւ այլ նմանօրինակ միջազգային դէմքերու հաւաքածոներուն մէջ:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ արժանացած է ազգային եւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող կարգ  մը շքանշաններու եւ մրցանակներու, որոնց կարգին` 1969-ին Սան Փաուլոյի «Ոսկեայ մետալին, 1972-ին Իտալիոյ կառավարութեան «Ոսկեայ մետալ» մրցանակին, 2012-ին Տիւսելտորֆի Համաեւրոպական ցուցահանդէսի «Ոսկեայ մետալին»  եւ այլն:

Երեւան, Արաբկիր, 2025, յունուար 10

Հեռաձայնողը իմ լաւ ընկերներէն, յայտնի մտաւորական եւ բծախնդիր բանասէր (կարելի է նաեւ սփիւռքագէտ անուանել զինք) Արծուի Բախչինեանն էր. ընթացիկ «ողջոյններէ» ետք ըսաւ.

— Լաւ անակնկալ կայ. տե՛ս, թէ ո՛ւմ եմ յանձնելու ընկալուչը:

Ձախէն աջ` Նինա Յովնանեան, Մովսէս Ծիրանի եւ Շանթ Յովնանեան
Արուեստագէտը եւ արուեստաբանը

Հրայրն էր, պարզուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներէն կու գար եւ արդէն իսկ Երեւան է եւ կը պատրաստուի անհատական ցուցահանդէս տալու Վահագն թաղամասի արուեստի կեդրոնէն ներս, որ կը գործէ Նինա եւ Շանթ Յովնանեաներու նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ: Զեկուցելէ ետք վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած իր վերջին անհատական ցուցահանդէսի յաջողութեան մասին, ըսաւ.

— Մովսէ՛ս, ես ալ «սուփրիզ» ունիմ քեզի, տե՛ս ո՛վ պիտի խօսի հետդ:

Այս անգամ Լիւսի Թոփալեանն էր: Հրայրին հայրենիքի մէջ անհատական ցուցահանդէս կազմակերպելու բուռն ցանկութեան ծանօթ էի, այդ պատճառով ալ այնքան չզարմացայ իր Երեւանէն հեռաձայնելուն, որքան զարմացայ Արծուիի, Հրայրի եւ Լիւսիի համատեղ ըլլալուն:

«Ցուցահանդէսէն անկիւն մը»

Լիւսիի ձայնը ջերմ էր, հաղորդական ու ընկերային: Յիշեցինք, որ ինք ժամանակին այցելած է «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահ, զեկուցած` իր արուեստի բեղուն գործունէութեան մասին, եւ խոստացած ենք իրարու հետ համագործակցիլ: Թէեւ յայտնի պարագաներու բերումով չկրցանք համագործակցիլ, սակայն մենք կը հետեւէինք իրարու գործունէութեան: Ան ոչ միայն 1997-էն ի վեր վարած է Քույէթի «Տար էլ ֆունուն» յայտնի ցուցասրահի տնօրէնութեան պաշտօնը, այլ համաարաբական նշանակութիւն եւ համբաւ ունեցող բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու (Տիա Ազզաուի, Օմար ալ Մաժտի, Հասան Մասղուտի, Դաւրիզ Դնաւոնի…) գործերը ներկայացուցած եւ ցուցադրած է իր ցուցասրահին մէջ ու հետք ձգած Քուէյթի ժամանակակից արուեստին վրայ: Միաժամանակ Լիւսին հետամուտ եղած է հայ ժամանակակից գեղանկարչութիւնը ծանօթացնելու Քուէյթի արուեստասէր հասարակութեան: Բացի Փոլ Կիրակոսեանէն ու Հրայրէն` ան բազմիցս ցուցադրած է նաեւ հայրենի ժամանակակից արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս` Գագիկ Գազանճեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Սեդա Պեքարեան, Վահան Ռումելեան եւ ուրիշներ: Ուրեմն պարզ է, թէ ինչո՛ւ Լիւսի Թոփալեանի նախաձեռնութեամբ եւ «Երեւանի Բիենալէ արուեստի հիմնարկի» կազմակերպութեամբ «Լաթիթուդ» ցուցասրահին մէջ 2025-ի դեկտմբերի 13- երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հրայրի հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը` «Արեւ» ընդհանուր խորագիրին տակ, լրագրողներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Ցուցադրութեան դրուած շուրջ երեսուն ստեղծագործութիւներու բանտաները (ձիեր, կիներ, մերկուհիներ, ծաղիկներ, թռչուններ, հրեշտակներ…) թէեւ նոյնն էին, սակայն ներկայացուած էին աւելի բիւրեղ առոգանութեամբ եւ նոր հնչեղութեամբ, անոնց մէջ շեշտուած է նաեւ` արեւներու ջերմութեան կենսատու զգացողութիւնը` շատ աւելի անմիջական ու հաղորդական արտայայտչաձեւերով:

Ինչպէս Հրայրի, այնպէս ալ բազմաթիւ հայ գեղանկարիչներու պարագային, արեւու եւ առհասարակ լոյսի մեծարումն ու անոր արտայայտութիւնը տարերայնօրէն կը բխին մեր ցեղային ակունքներէն ու կը տարածուին ամբողջ հայ մշակոյթին վրայ: Հրայրին գեղանկարներու մէջ, յատկապէս` երիվարներու եւ կին կերպարներու կողքին, յաճախ ի յայտ կու գան արեւային տարբեր դրսեւորումներ, որոնք արտաքին պայծառութիւն եւ ներքին արտայայտչական ուժ կը հաղորդեն իր ստեղծագործութիւններուն… ենթագիտակցաբար եւ բնազդաբար:

«Աղաւնիներ»
«Ոտնաձայն արեւէն ներս»
«Հրեշտակը»
«Յանդգնութիւն»

Տրուած ըլլալով, որ «Լաթիթուդ» ցուցասրահը կը գտնուի Երեւանէն դուրս` Աշտարակի խճուղիին վրայ, Հրայրի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը նոյնութեամբ փոխադրուեցաւ Երեւանի վերոյիշեալ արուեստի նոյն  կազմակերպութեան պատկանող` «A1 Art Space» սրճարան-ցուցասրահը, ուր դարձեալ Հրայրին արուեստը ընդունուեցաւ եւ բարձր գնահատանքներու արժանացաւ:

Որքան որ Հրայր մեծարուեցաւ ու գնահատուեցաւ հայրենիքի մէջ, նոյն ուժգնութեամբ ինքն ալ գոհ մնաց եւ աստիճան մը աւելի կապուեցաւ հայրենի հողին,  բարեկամական նոր կապեր ստեղծեց` ի սպաս ապագայի արուեստի փոխյարաբերութիւններուն: Զարմանալի չէր, որ ամէնէն շատ ուշադրութեան արժանացան «Ուժ»-ի (Ձիերու շարքը), «Լոյս»-ի (ոճաւորուած ու ազնուացեղ կին կերպարները) եւ «Խաղաղութեան» (աղաւնիները) կտաւները: Որովհետեւ Հրայրի ստեղծագործութիւնները, իրենց ամբողջութեան մէջ, ազգային ու համամարդկային ու մարդասիրական ոգիով թաթաւուն են, եւ ինք եւս իր արուեստագէտի առաքելութեամբ հանդէս կու գայ իբրեւ «Խաղաղութեան աղաւնի» մը: Ան ակնարկելով հայ ժողովուրդին (ըլլայ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին) անմիաբան ու տագնապահար վիճակին, իբրեւ եզրակացութիւն` կ՛ըսէ.

— Կը մաղթեմ, որ հայերը զիրար սիրեն եւ իրարու ձեռք երկարեն…

Այս պարզունակ թուացող նախադասութեամբ Հրայր ամէնէն անհրաժեշտ ու կենսական պատգամը կը յղէ իր ժողովուրդին… իր արուեստով ու մասամբ նորին…

 

Երեւան, 2026, փետրուար

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ազրպէյճանի Հայատեաց Քաղաքականութիւնը Եւ «Խաղաղութեան» Գործիքաւորումը

Յաջորդը

«Երկու Ժամ Փշաքաղուիլ»

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը

March 5, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

March 4, 2026
«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան
Անդրադարձ

Ազատութեան Համար Պայքարի Ձայնը Երբեք Չի Լռում*

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.