Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեզուական. Ձօն` Բոլոր Անոնց, Որոնք Կը Դեգերին Հայոց Լեզուի «Նորակազմ Բառերու» Անդաստանին Մէջ

March 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

«Բառ – Խորհուրդ – Փիլիսոփայութիւն» Համակարգս

Նորութիւն մը ըսած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ իմ գիտցած լեզուներուն մէջ հայերէնը, բառակազմութեան տեսանկիւնէն դիտուած, ամէնէն ճկունն է: Ասիկա պարզ ազգայնամոլական յոխորտանք չէ, այլ` փաստուած եւ հիմնաւորուած գիտական եզրակացութիւն:

Մեր լեզուի ընձեռած յատկութիւնները ուսումնասիրելուս ընթացքին բառային համակարգային նոր կառոյցի մը գիւտը զիս հրապուրեց: Որքան խրուեցայ այս համակարգին մանրամասնութեանց մէջ, այնքան անդրադարձայ, որ այս համակարգը նոր ասպարէզներ կը բանայ մեր լեզուի բարգաւաճման, զարգացման, յատկապէս ՆՈՐ բառերու կազմութեան անդաստանին մէջ:

Ստեղծած  համակարգս կը ներկայացնեմ` հայագէտներուն, լեզուագէտներուն եւ գրողներուն առ ի գործադրութիւն:

Այսպէս,

Համակարգս երրեակ տարրերու կառոյց ունի` ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ:

1.- Երրեակ համակարգիս առաջին տարրը` ԲԱՌ-ն է, սահմանուած` գոյական, ածական, դերանուն, բայ, դերբայ սահմանումներու բառերով:

Այս տարրին մէջ չեն ընդգրկուիր`

Ա.- «ոյթ» վերջաւորութիւն ունեցող բառերը,

Բ.- Կարգ մը շաղկապները եւ

Գ.- Նախադաս եւ յետադաս մասնիկները:

Արդ, համակարգիս առաջին մասը ԲԱՌՆ է վերոնշեալ սահմանումներով:

2.- Համակարգիս երկրորդ մասը առաջին բառին ԽՈՐՀՈՒՐԴ-ը սահմանող բառն է (essence)-ը:

Խորհուրդը կը սահմանէ առաջին բառի գոյութեան, էութեան հիմնական իմաստը:

Ինչպէս որ շէնքի մը կազմուածքը հիմնաւորուած է սիւներով, երկաթով, կպչուն սոսինձով, համակարգիս «Խորհուրդ»-ն ալ առաջին բառի իմաստի հիմնական կառոյցն է: Ա՛ն է, որ բառին գոյութեան իմաստ կու տայ: «Խորհուրդ»-ը նշող բառը կը նշենք «ոյթ» յետադաս մասնիկով:

Այսպէս, «մարդ» բառին կառուցային կմախքը, ԽՈՐՀՈՒՐԴ-ը, կը բնորոշեմ «մարդոյթ» ածանցով:

3.- Համակարգիս երրորդ մասը առաջին երկուքին իմաստասիրական – փիլիսոփայական արժեւորում-սահմանումն է:

Այսպէս, «մարդ» բառով կազմուած համակարգս կը ստանայ հետեւեալ ձեւակերպումը

Մարդ – Մարդոյթ – Մարդութիւն
ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

Նոր բառեր են` մարդոյթ եւ մարդութիւն: (Ի դէպ, այս բառերը գործածած եմ բանաստեղծութիւններուս մէջ):

Կը ներկայացնեմ օրինակներ համակարգէս եւ անկէ ծնունդ առած նորակազմ բառերու ցանկ մը: Կը բաւարարուիմ քանի մը օրինակներով:

Հետեւեալ ցանկին մէջ աստղանշուածները նոր բառեր են, որոնք բանաստեղծութիւններուս մէջ գործածած եմ-

Ազգ-ազգոյթ-ազգութիւն
Անձն- անձնոյթ-անձնութիւն*
Դառն-դառնոյթ-դառնութիւն
Դուն- դունոյթ*- դունութիւն*
Խորան-խորանոյթ-խորանութիւն
Խոր-խորոյթ-խորութիւն
Կարմիր-կարմիրոյթ-կարմիրութիւն
Հայ-հայոյթ-հայութիւն
Հաւատք-հաւատքոյթ-հաւատքութիւն
Մարմին-մարմինոյթ-մարմինութիւն
Մութ-մութոյթ-մութութիւն
Մուկ-մուկոյթ-մուկութիւն
Շուն-շունոյթ-շունութիւն
Սեւ-սեւոյթ-սեւութիւն
Սէր-սէրոյթ-սէրութիւն
Վարդ-վարդոյթ-վարդութիւն

Ահաւասիկ նոր բառեր մեր լեզուին համար:

Այս համակարգի Խորհուրդի բաժնէն դուրս կը մնան «ոյթ» մասնիկով վերջացող բառերը… օրինակ` մշակոյթ, փոյթ, հաւաքոյթ… եւ այլն: Բայց… Փիլիսոփայական մասը կը պահէ իր խորքային իմաստը… Մշակոյթը կ՛ըլլայ` մշակութիւն, փոյթը` փութութիւն, հաւաքոյթը` հաւաքութիւն…

Բարի ընթերցում եւ գործադրութիւն:

Եթէ նոր բառեր պիտի ստեղծէք համակարգովս, խնդրեմ նշեցէ՛ք Մարգարեան Համակարգ աղբիւրը:

«Շնորհ – Շնորհոյթ – Շնորհութիւն» բոլորիդ:

Սիրելի հոգեհատոր հայերէն գրողներ, հայագէտներ, լեզուաբաններ, գրաքննադատներ, քերականագէտներ, եթէ նոր բառեր պիտի ստեղծէք, կամ կ՛ուզէք արտայայտուիլ համակարգիս մասին, խորապէս շնորհակալ կ՛ըլլամ, եթէ զիս տեղեակ պահէք hmarkarian@yahoo. com հասցէով:

Նիւ Եորք

Գրիգորեան Տոմար – օր` 8, ամիս` փետրուար, տարի` 2026
Հայկեան Տոմար – օր` Հրանդ, ամիս` Մեհեկան, Յամի` ՏՇԺԷ (4517)

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեան` Մտաւորականը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.