ԶԵՓԻՒՌ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ-ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ կեանքն ու մարդիկ սիրող մայրս:
Համեստ ընտանիքի մը զաւակն էր, ծնած Հալէպ: Հայրը` ուսուցիչ եւ թղթակից «Արեւելք» օրաթերթի, հետագային ձեռնադրուած քահանայ` Վահան աւագ քահանայ Գրիգորեան: Մայրը` Սիրանուշ, որբանոցի մէջ հասակ առած էր եւ յաճախ կը պատմէր մեզի տեղահանութեան իր դառն յիշողութիւնները:
Ժամանակ մը ընտանիքը ապրած է Լաթաքիա, ապա վերադարձած է Հալէպ, ուր մայրս ընտանիք կազմած է հօրս` Սուրէն Ոսկերիչեանին հետ: Քոյրս` Գայեանէն եւ ես, մանկապարտէզի աշակերտներ էինք, երբ մեր ընտանիքը Լիբանան հաստատուեցաւ: Շուտով կրտսեր եղբայրս` Հայկն ալ ծնաւ, եւ մեր ընտանիքը եղաւ ամբողջական:
Մեր տան ուրախ մթնոլորտը մանկութեանս ջերմագոյն յիշատակներէն է: Հայրս` լրջախոհ, սակայն սրամիտ ու կատակասէր, մայրս` կենսուրախ եւ ընկերային: Այսպիսով` մեր տունը միշտ լեցուն էր ազգականներով եւ բարեկամներով, յաճախ` ճոխ սեղաններու շուրջ, ուր մօրս ձայնը կը հնչէր ժողովրդային քաղցր երգերով: Երգերու շարանը կը սկսէր «Սարի սիրուն եարով» եւ կ՛աւարտէր «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» խմբերգով:
Երբ դաժան հիւանդութիւնը հօրս կեանքը խլեց, մայրս ամբողջ սրտով նուիրուեցաւ հոգածութեան իր վեց թոռնիկներուն, որոնք իր կեանքի իմաստն ու ուրախութիւնը եղան: Անոնց անդադար կը զուարճացնէր իր կատակներով ու խրատներով լեցուն պատմութիւններով` դառնալով անոնց ամենասիրելի մեծ մայրը:
Մայրս նոյն թափով մասնակցեցաւ միութենական աշխատանքներու: Արդէն ԼՕԽ-ական, ան շրջան մը վարեց ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին ատենապետութիւնը, եւ իր կապը ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն հետ` որպէս երկրորդ ընտանիք, շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ:
Իր բարեսրտութեամբ եւ կարիքաւորին օգնելու ձգտումով` միշտ օգնութեան հասաւ շրջանի ընկերային տնտեսական դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն եւ յատկապէս` տարեցներուն, հարկ եղած պարագային նաեւ դիմելով բարեսիրական հաստատութիւններու:
Մաս կազմեց Կաթողիկոսարանի Տիկնանց յանձնախումբին եւ այդ ճամբով իր ձեռագործի հմտութեամբ վերանորոգեց կաթողիկոսարանի թանգարանի քանի մը ծածկոցներ, որոնք այսօր ցուցադրուած են: Հոգելոյս Գարեգին Բ. վեհափառին պատուէրով նաեւ գործեց Կիլիկեան զարդագորգ մը` որպէս ձեռագործ, որ նուիրուեցաւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառին: Առ ի գնահատանք` վեհափառը մօրս յանձնած էր շնորհակալագիր մը, զոր ան կը պահէր մեծ հպարտութեամբ:
Մօրս կեանքի ամէնէն յատկանշական փուլը եղաւ մօրս անդամակցութիւնը ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, որուն մաս կազմեց 30 տարիներ շարունակ: Այնտեղ առիթը ունեցաւ ձեռագործներու նկատմամբ իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը զարգացնելու: Մեծ խանդավառութեամբ կը խօսէր հայկական ասեղնագործերու մասին. կը սիրէր ծանօթացնել եւ սորվեցնել զանոնք գործելը մեր տունը այցելողներուն: Ամէն տարի կային երկու ամիսներ, երբ մեր տունը գոյներու փառատօնի կը վերածուէր, երբ Ձեռարուեստի յանձնախումբը իր տարեկան ցուցահանդէսը կը կազմակերպէր: Հեռաձայնը չէր դադրեր հնչելէ, նստասենեակը` ձեռագործի գոյնզգոյն դերձաններ, կտաւներ, զանազան օրինակներ, հրաւիրատոմսեր: Բոլորին կը պատուիրէր, որ ներկայ ըլլան ցուցահանդէսին եւ վայելեն հայկական ձեռարուեստը: Մենք կ՛ուրախանայինք` մօրս խանդավառութիւնը տեսնելով: «Մեր ձեռարուեստի կեդրոնը», «Մեր աշխատանոցը»` հարազատ արտայայտութիւններ էին մեզի համար:
Որքա՜ն կը փափաքէի տեսնել մայրս Ձեռարուեստի յանձնախումբի իր ընկերուհիներուն հետ բեմի վրայ. ծափահարէինք եւ գնահատէինք հայկական ժառանգութեան այս լուռ նուիրեալները, քաջալերելու համար նոր սերունդը, որ շարունակէ աւանդը:
Վերջին շրջանին, երբ միայն մօտիկ հարազատներ եւ զաւակները` յատկապէս եղբայրս Հայկը, իր յիշողութեան մէջ մնացած էին, ձեռագործները գանձի պէս կը պահէր իր մօտը, եւ դէմքը կը պայծառանար, երբ գունաւոր նախշ մը տեսնէր:
Գեղեցկութիւն եւ ուրախութիւն սփռող մայրս հեռացաւ այս կեանքէն` առյաւէտ միանալով հօրս: Սակայն մեր մօտ միշտ վառ կը մնայ անոր անձնուէր, աշխատասէր ու սիրալիր հոգիին յիշատակը:
Հանգչէ՜ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ մայր:


