Պատանիին Էջը
Արցախը Միայն Խօսքով Չի Պահուիր ԻՇԽԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ Արցախը իմ սրտիս մէջ ունի շատ խոր ու յատուկ տեղ: Անիկա պարզ հողամաս չէ ինծի համար, այլ իմ արմատներուս եւ ինքնութեանս մէկ մասն է: Արցախը մեր պատմութիւնն է, մեր եկեղեցիները, մեր լեռները, մեր նախնիները եւ յիշատակը: Ամէն անգամ, երբ Արցախը կը յիշեմ, սիրտս կը լեցուի հպարտութեամբ, բայց միւենոյն ատեն` մեծ ցաւով:...




















