ԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2025-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը իրաւարարութեան գրասենեակի նոր կեդրոնի մը, որուն մաս կը կազմէ Լիբանանէն «Eptalex» իրաւաբանական ընկերութեան (Լոու ֆըրմ) գործընկեր եւ իրաւաբանական բաժանմունքի ղեկավար, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աւելի քան 25 տարուան իրաւաբանական փորձառութիւն ունեցող դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել:
2007-էն ի վեր անդամակցելով Պէյրութի փաստաբաններու պալատին` դոկտ. Ալին Դանիէլեան յաճախ հանդէս կու գայ որպէս ներկայացուցիչ եւ իրաւարար առեւտրական, քաղաքացիական, շինարարական եւ մտաւոր բնագաւառի սեփականութեան վերաբերող վէճերու մէջ` մեծ հաստատութիւններէ ներս, ինչպէս` ICC, BCCI եւ DIAC: Ան մաս կը կազմէ նաեւ կարգ մը միջազգային իրաւարարական յանձնախումբերու, ինչպէս` ADGM, CRCICA եւ VIAC: Ան նախապէս պաշտօնավարած է իբրեւ դատաւոր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դատարանին մէջ:
Իրաւաբանական իր ասպարէզին զուգահեռ, դոկտ. Դանիէլեան դասախօս է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մէջ եւ պարբերաբար կը հրատարակէ յօդուածներ միջազգային առաջատար իրաւաբանական ամսագիրներու մէջ:
Այս առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ դոկտ. Ալին Դանիէլեանի հետ, որ առաջին հերթին բացատրութիւն տուաւ իրաւարարութեան գրասենեակի եւ դատարանի տարբերութեան մասին` հաստատելով, որ այս գրասենեակը բոլոր երկիրներու մէջ ընդունուած է, եւ որոշումները կը տրուին գրասենեակի մաս կազմող իրաւարարներուն միջոցով: Ան դիտել տուաւ, որ ոմանք կ՛ունենան զանազան հարցեր (առեւտրական եւ այլն) եւ չեն ուզեր դատարան դիմել, հետեւաբար կը դիմեն իրաւարարութեան գրասենեակին: Ան ըսաւ, որ գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ կան նման գրասենեակներ, որովհետեւ գործընթացը աւելի արագ է, քան` դատարանը:
Անդրադառնալով Երեւանի մէջ հիմնուած նոր կեդրոնին` դոկտ. Դանիէլեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կար նման կեդրոն մը, սակայն կարիք կար աւելի մասնագիտական այլ կառոյցի մըն ալ: Ուստի հիմը դրին այլ կեդրոնի մը, որուն ֆինանսաւորումը կատարած է «Մանթաշեան» առեւտրական ընկերութիւնը, որ կը գործէ Հայաստանի մէջ, եւ որ` իր կարգին իր համաձայնագիրներուն համար կարիքը ունէր իրաւաբանական նման կեդրոնի մը, որուն ստեղծման համար բերին իրենց նիւթական մասնակցութիւնը, հետամուտ եղան, որ անիկա միջազգային գետնի վրայ ճանաչում ունենայ, ուստի հրաւիրեցին զանազան երկիրներէ իրաւարարներ` տարբեր ազգութիւններու, որպէսզի իրենց ներդրումը ունենան գրասենեակի գործունէութեան մէջ: Դոկտ. Դանիէլեան բացատրեց, որ այդ արհեստավարժութեամբ գործող կեդրոնը սահմանափակուած չէ միայն Հայաստանի մէջ, ոեւէ անհատ կամ ընկերութիւն կրնայ դիմում կատարել, եւ կեդրոնը, ըստ ներկայացուած հարցին ու պարագային, դիմորդները կ՛ուղղէ գրասենեակի իրաւարարներէն մէկուն, թէկուզ` Երեւանէն դուրս կամ օտար հպատակութիւն ունեցող, սակայն` հմուտ յաճախորդին ունեցած հարցին:
Այսպիսով, իրաւաբանական հարուստ եւ երկարամեայ փորձառութիւն կերտած եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել իր գիտութիւնն ու փորձառութիւնը պիտի ծառայեցնէ նաեւ Հայաստանի իրաւաբանական համակարգին:


