Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

38 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը

February 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախը Հայաստանի վերամիաւորելու նպատակով սկսած շարժումը կանխելու առաջադրանքով Ազրպէյճան որոշեց արիւնալի գործողութիւններով, ջարդերով ու տեղահանութիւններով ահաբեկել հայութիւնը:

Սումկայիթի մէջ 26 փետրուար 1988-ին տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան քաղաքային կոմիտէին կազմակերպած հանրահաւաքը:

Սումկայիթ կը գտնուի Պաքուէն հիւսիս` Կասպից ծովու ափին, ունէր 224 հազար բնակչութիւն, որուն 18 հազարը հայեր էին:

Սումկայիթի մէջ կիրքերը բորբոքելու համար հակահայ տրամադրութիւններ հրահրուեցան եւ ստայօդ լուրեր տարածուեցան իբր թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճացիներու զանգուածային սպանութիւններ կը գործուէին  եւ անոնց ունեցուածքը կը թալանուէր: Իւրաքանչիւր խօսքէ ետք «Մա՛հ հայերուն» կոչը կը հնչէր: Իշխանութիւնները հայերու բնակարաններու ցուցակներ պատրաստեցին, տասնէն տասնհինգ հոգինոց խումբեր կազմեցին եւ անոնց դերերը բաշխեցին, մետաղաձողեր եւ այլ գործիքներ պատրաստեցին ոճիրը իրականացնելու համար, նաեւ թմրեցուցիչներ ու ոգելից ըմպելիներ բաժնեցին: Հայերու հեռաձայնային կապը խզուեցաւ, եւ պայմանական ու ազդանշանային համակարգեր գործի դրուեցան հայերու տեղերը բացայայտելու համար:

Հայերու դէմ ջարդերը սկսան փետրուար 27-ի երեկոյեան:

Ազրպէյճանցի ջարդարարներու խումբերը մինչեւ  փետրուար 29 հետեւողականօրէն քաղաքը «մաքրեցին» հայերէն:

Երեք օր շարունակ զարհուրելի սպանդը շարունակուեցաւ: Մարդիկ կը սպաննուէին իրենց տուներուն մէջ կամ փողոցները հանուելով սուրի կը քաշուէին: Ինկան հազարէ աւելի զոհեր: Շատեր խոշտանգումներէ ու կտտանքներէ ետք ողջ-ողջ հրկիզուեցան: Հարիւրաւոր կիներ ու աղջիկներ եւ մեծաթիւ անչափահասներ բռնաբարուեցան: Հայերու բնակարանները թալանուեցան ու աւերուեցան, անոնց արհեստանոցները, խանութները, հաստատութիւնները եւ ինքնաշարժները հրկիզուեցան:

Փետրուար 28-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ: Միայն փետրուար 29-ի երեկոյեան բանակի ստորաբաժանումները վճռական գործողութիւններու դիմեցին եւ կանխեցին հետագայ ջարդերը:

Ջարդերէն ետք Սումկայիթի 18 հազար հայերը տեղահան եղան եւ հեռացան երկրէն:

Խորհրդային Միութեան դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածին առիթով: Դատական պատասխանատուութեան ենթարկուած մեղադրեալներուն ոչ ամբողջական քննութեան կազմակերպումը բացառեց յանցագործութեան իրական կազմակերպիչներու յայտնաբերումը:

Այս ահաւոր սպանդը գործածներուն ձեռք կը սեղմէ եւ անոնց մնայուն զիջումներ կը կատարէ այսօր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը, յատկապէս` վարչապետը:

Պատմութիւնը դասագիրք է, պէտք է դասեր քաղել հոնկէ:

 

 

Նախորդը

Երկու Հայ Պաշտօնեաներ Կը Վատնեն Հարկատուներու Գումարները Լոս Անճելըս Կատարած Անօգուտ Ճամբորդութեան Վրայ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Սումկայիթը Մատա՞ղ` Խաղաղասիրական Հրմշտուքի (28 Փետրուար 1988)

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը

March 5, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

March 4, 2026
«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան
Անդրադարձ

Ազատութեան Համար Պայքարի Ձայնը Երբեք Չի Լռում*

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.