Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ուսուցիչն Ու Ուսուցչութեան Ասպարէզը

Մարտ 29, 2021
| Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ուսուցիչին առաքելութեան մասին խօսիլը նորութիւն մը պիտի չըլլայ հաւանաբար, որովհետեւ դարեր շարունակ հայ ուսուցիչը սերունդներ դաստիարակած, անոնց հայեցի կրթութիւն ջամբած ու իր օրինակով տիպար հանդիսացած է` խրախուսելով նաեւ ուսուցչութեան ասպարէզը, ուսումը, գիրն ու գրականութիւնը եւ հայկական արժէքներուն տէր կանգնելու ջանքերը:

Այս օրերու ուսուցիչին դերակատարութիւնը, սակայն, համեմատաբար աւելի դժուար է, որովհետեւ քաղաքակրթութիւններ ու մշակոյթներ կը քանդուին, կ՛արհամարհուին յանուն քաղաքական նպատակներու, յանուն համաշխարհայնացում կոչուած գաղութատիրական հեռանկարներու:

Հայ ուսուցիչին վերապահուած է հայ երիտասարդին մտքին ու հոգիին մէջ ազգային արժէքներ սրսկելը, անոնց հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնելն ու, այսպիսով, աւելի լայն պարունակի մէջ` ընկերութեան մէջ ազգային արժէքներու պահպանման մթնոլորտ ու աշխատանքի թափ յառաջացնելը:

Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ ուսուցչական ասպարէզը այսօր:

Ցաւօք, մեր օրերուն ուսուցչական ասպարէզի մէջ ներգրաւուողներուն թիւը այնքան ալ մեծ չէ, յատկապէս տղամարդիկ հեռու կը մնան այս ասպարէզէն, հակառակ անոր որ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին, որպէս այր եւ կին, ունին իրենց  իւրայատուկ դերակատարութիւնը ուսուցչութեան ասպարէզին մէջ: Մեզմէ ո՞վ չէ ազդուած իր ուսուցիչին անհատականութենէն, անոր ազդու ներկայութենէն ու գաղափարներէն, միեւնոյն ատեն` ուսուցչուհիին հոգատար վերաբերմունքէն, դաստիարակի տիպարէն ու դասաւանդող առարկային հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութենէն: Ուսուցիչին եւ ուսուցչուհիին ներդաշնակ ներկայութիւնն ալ իր դերակատարութիւնը ունի դաստիարակչական ասպարէզին մէջ:

Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, ուսուցչութեան ասպարէզը գրաւիչ դարձնելու ճիգերը կը մնան սահմանափակ, եւ ի զարմանս բոլորին, ճաշարանի կամ վաճառատան պաշտօնեան երբեմն շատ աւելի լաւ կը վարձատրուի, քան ուսուցիչը, որ սերունդներ դաստիարակելու, կրթելու յոյժ կարեւոր գործին նուիրուած է:

Այստեղ վերյիշեցման կարգով արձանագրենք,  որ եթէ կ՛ուզենք առողջ, ազգային բարձր գիտակցութեամբ սերունդներ հասցնել, սերունդներ, որոնք ազգային մեր արժէքները պիտի պահպանեն, անոնց տիրութիւն ընեն ու այդ գիտակցութեամբ յառաջ տանին մեր հասարակութիւնը բազմակողմանիօրէն, աչքաթող պէտք չէ ընենք հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը, անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնը, անոր արժանի վարձատրութիւնը, որպէսզի աստիճանաբար ուսուցչութեան ասպարէզը դառնայ աւելի գրաւիչ, եւ ուսուցիչը իր գոհացուցիչ կենսամակարդակը կարենայ ապահովել` նուիրուելով իր ասպարէզին:

Եթէ քարաշէն կառոյցներուն, զանազան ձեռնարկներուն համար կարելի է գումար ճարել, ուրեմն ուսուցչական ասպարէզը գրաւիչ դարձնելու, միեւնոյն ատեն ուսուցիչէն նորարար ու արդիւնաւէտ դասաւանդման միջոցներ պահանջելու ու ուսուցման մեր համակարգը աւելի նպատակային դարձնելու միջոցներ եւս չեն պակսիր:

Ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի՛ ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ: Սերունդներ վստահուած են ձեր խղճին, ձեր դաստիարակութեան եւ ձեր նուիրական ճիգին:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (27 Մարտ 2021)

Յաջորդը

ՀՅԴ Երդումը Յարատեւ Պայքարի Եւ Անձնազոհութեան Սահմանագիծ Է

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?