Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շանթաժի Քայլ Մը

Մարտ 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթը 22 մարտին հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէկ անանուն բանբերը ըսած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը հաւատայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմութիւնը ճանչնալը կարեւոր է: «Եուրէյժա Կրուփ»-ի եւ համաշխարհային յարաբերութիւններու լուսաբանում կատարող «ԿԶԵՐՕ Մետիա»-ի նախագահ Եան Պրեմըր նոյն օրը յայտարարեց, թէ Սպիտակ տան իր աղբիւրը` պատասխանելով այդ մասին իր հարցումին, յայտնած է. «Պայտըն իր խօսքին տէրն է: Ուստի, այս պահուս ակնյայտ է, որ ան պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ այդ մէկը պիտի ընէ»:

Այս բոլորին դրդապատճառն ու նպատակը հասկնալու բանալին «այս պահուս»-ն է, որ ներկայ կացութեան փոփոխական ըլլալուն կամ փոփոխութեան կարելիութեան մասին կը յուշէ եւ վերոնշեալ յայտարարութիւններուն` Անգարան կանխազգուշացնելու ազնիւ քայլ մը ըլլալը կը բացառէ:

«Այս պահուս» Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ «Էս-400»-ի եւ հիւսիսային Սուրիոյ հարցերուն կողքին գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ խնդիրներ, ինչպէս` Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ քայլերը, Լիպիոյ հարցն ու Իսրայէլի հետ անոր լարուած յարաբերութիւնները: Նախագահ Ճօ Պայտընի` «Էրտողանը պէտք է տապալել» նախընտրական յայտարարութիւնն ու քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ստեղծման մէջ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած, Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն աջակցող Պրեթ Մաքկըրքի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի համակարգողի պաշտօնին նշանակումը եկան ուրուագծելու թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութեան աճը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 19 յունուարին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ այդ պաշտօնին հաստատման լսումին ընթացքին ըսաւ. «Բանն այն է, որ Թուրքիան բազմաթիւ առումներով դաշնակից է, սակայն չի գործեր այնպէս, ինչպէս դաշնակիցը պէտք է գործէ: Ասիկա շատ, շատ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար, իսկ մենք այդ հարցին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում ունինք»: «Մեր երկիրի, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ` մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն կողքին, ատիկա անընդունելի է», նշեց Պլինքըն:

Սպիտակ տան ղեկավարը վերջերս` պատասխանելով լրատուամիջոցներու այն հարցումին, թէ արդեօք ան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «մարդասպան» կը նկատէ՞` ըսաւ, թէ այդպէս կը կարծէ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հակազդեց ու սուր քննադատութեան ենթարկեց Պայտընը եւ պաշտպանեց իր ռուս պաշտօնակիցը` այդպիսով տալով Անգարայի «Ռուսիոյ կողքին կանգնած ըլլալու»-ն եւ Միացեալ Նահանգներու «այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկերը» ըլլալուն յաւելեալ փաստը:

Ուշագրաւ է, որ ամերիկեան վարչակազմը Միացեալ Նահանգներու նախագահի ապրիլքսանչորսեան տարկեան ուղերձէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ անանուն բանբերներու ճամբով շրջանառութեան մէջ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման պատմական քայլի հաւանականութիւնը` այդպիսով թրքական կողմին առիթ ընծայելով մինչեւ 24 ապրիլ հրաժարելու կամ առնուազն նահանջ կատարելու «Ռուսիոյ` մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն» կողքին կանգնելու «անընդունելի» վարքագիծէն:

Այս առումով Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ թերեւս թրքական կողմէն Ուաշինկթընի ակնկալած քայլին մասին յուշեց, երբ 21 մարտին թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Էս-400»-ի խնդիրը լուծելու համար Թուրքիան պէտք չէ ունենայ «Էս-400»-եր: Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը անձնական չէ, ատիկա իրաւական պահանջ է: Ասիկա միակ լուծումն է, զոր մենք կրնանք պաշտպանել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ: Թուրքիան պէտք չէ որեւէ յարաբերութիւն ունենայ «Էս-400» համակարգերուն հետ` իբրեւ սեփականատէր: Այս խնդիրը կարելի չէ լուծել հմայքով եւ հանճարով»: 25 մարտին Պլինքընի «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Թուրքիան որոշ քայլերու կը ձեռնարկէ «Էս-400»-ի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը լուծելու համար` այդպիսով կրկնելով Սաթըրֆիլտի խօսքը եւ առաւել եւս շեշտելով ամերիկեան վարչակազմին կողմէ Թուրքիոյ դիմաց դրուած` ռուսական այդ համակարգէն հրաժարելու նախապայմանի մը եւ այդ վերաբերեալ որոշումի կայացման համար մինչեւ 24 ապրիլ երկարող պայմանաժամի մը գոյութեան տպաւորութիւնը:

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ «այս պահու» իրավիճակին մէջ որոշ փոփոխութիւն յառաջացնող այդպիսի քայլի մը պարագային, Պայտըն կրնայ հետեւիլ իր խոստումնադրուժ նախորդներուն օրինակին եւ մեծ սիրով դադրիլ «իր խօսքին տէրը» ըլլալէ եւ հրաժարիլ Միացեալ Նահանգներու «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործած առաջին նախագահը ըլլալու դափնեպսակէն:

Ամերիկեան վարչակազմը ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան մասին շեփորահարումը կը կատարէ անանուն բանբերներու ճամբով` այդպիսով սպառնալիքը դարձնելով բաւարար չափով հաւաստի եւ միեւնոյն ատեն բաց պահելով ետդարձի ճամբան:

«Ներկայ պահուս» Սպիտակ տան քայլը պէտք է ընկալել իբրեւ Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կատարուած շանթաժի քայլ մը, եւ ոչ աւելին: Շուտով յայտնի կը դառնայ, թէ Ճօ Պայտըն պատմական անձնաւորութի՞ւն մըն է, թէ՞ Միացեալ Նահանգներու խոստումնադրուժ նախագահներու երկար շարքը համալրող դէմք մը:

 

 

Նախորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Յաջորդը

«Արտաւազդ» Թատերական 20-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?