Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Մարտ 30, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պտոյտ Մը Լիբանանահայ Թերթերու
Հին Ծանուցումներուն Մէջ»

Արմէն Պագգալեան

Հաճիս, քիչ մը պատմէ ծրագիրիդ մասին:

Ծրագիրը կը կոչուի «Պտոյտ մը լիբանանահայ թերթերու հին ծանուցումներուն մէջ»: Ամէն անգամ, երբ առիթը ունեցած եմ հին թերթեր սերտելու` հետազօտութեան մը համար նիւթ մը կամ յօդուած մը գտնելու նպատակով, միշտ աչքիս զարկած եւ ուշադրութիւնս գրաւած են այդ օրուան ծանուցումները: Այդ սեւ-ճերմակ (իրականութեան մէջ` դեղինցած) ծանուցումներուն մէջ կայ լեզու մը, որ այսօր անհետացած է մեր առօրեայէն: Միջազգային եւ տեղական ընկերութիւններու/մակնիշներու արեւմտահայերէնով ծանուցումները տեսնելը, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ եղող լեզուական հարուստ բառապաշարը շատ տպաւորած են զիս: Ուստի, ուզեցի հանրութեան ուշադրութիւնն ալ հրաւիրել արեւմտահայերէնով այս հարուստ, բայց արդէն մոռցուած ծանուցումներու/յայտարարութիւններու մշակոյթին:

Մեր նպատակն է այս թերթերուն մէջ եղող ծանուցումները մէջտեղ բերել դէպի նոր միջավայր մը, որպէսզի հասանելի ըլլան հանրութեան:

Ի՞նչ ձեւով կ՛ընթանայ ծրագիրը:

Առաջին այս փուլին համար ընտրած ենք 1960-ականները եւ հինգ լիբանանահայ թերթեր. «Ազդակ», «Այգ», «Արարատ», «Զարթօնք» օրաթերթերը եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը: Ուրեմն կը թերթատենք այս էջերը, կ՛ուսումնասիրենք զանոնք եւ կ՛առանձնացնենք ծանուցումները: Տարբեր չափանիշներով կ՛ընտրենք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուելիքները եւ կ՛անցնինք ձեւակերպման ու պատշաճեցման աշխատանքին: Անկէ ետք կ՛որոշենք գրուելիք երկտողն ու կը հրապարակենք Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի մեր էջերուն վրայ: Ըսեմ, որ ծրագիրը ունի նաեւ այլ բաժին մը, որ աւելի ուշ պիտի կազմաւորուի: Այն նիւթերը, որոնք պիտի չտեղադրուին ընկերային ցանցերու մեր էջերուն վրայ, կայքի մը մէջ պիտի զետեղուին որպէս արխիւային հետազօտական նիւթ` փափաքողներուն:

Նկատի առնելով, որ ծրագիրը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ին, որուն հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնով ծրագիրներ քաջալերելն է, ո՞ւր կը տեսնես քու ծրագրիդ դերը այս բոլորին մէջ:

Մեր ներկայացնելիք ծանուցումները գլխաւորապէս առեւտրական բնոյթի են, իսկ նկատելի մաս մըն ալ` միութենական: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն համապատասխան բառապաշար մը եւ ոճ մը: Մեր նպատակն է անուղղակի ձեւով լեզուական տարրին անդրադառնալը: Այս նիւթերը մոռացութենէ փրկելով` իւրաքանչիւր ընթերցող կրնայ իւրայատուկ վերաբերմունք մը ցուցաբերել անոնց հանդէպ: Կան մարդիկ, որոնք պիտի յիշեն զանոնք, ուրիշներ պիտի զարմանան, հրճուին, հետաքրքրուին` աւելին գիտնալու, եւ վստահաբար այս ամբողջին մէջ լեզուն անուղղակիօրէն իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ անոնց վրայ: Պէտք է նաեւ նշել, որ ծանուցումները կրնան հետաքրքրել` լեզուաբաններ, մարդաբաններ, ընկերաբաններ, գծագրական արուեստներու մասնագէտներ եւ այլն:

Ի՞նչ կու տայ այս ծրագիրը քեզի` որպէս մանկավարժի, ուսուցիչի եւ հայերէնագիտական նիւթերով զբաղուող անձի:

Ծրագրին ամէնէն ցայտուն մասը ինծի համար լեզուականն է: Հոն կայ ամբողջ լեզուական մշակոյթ մը, զոր կը յուսանք վերակենդանացնել այս ծրագիրին միջոցով: Մասնագիտական առումով, այսօր կարեւոր խնդիր մըն է շատ մը բառերու արեւմտահայերէն տարբերակը գտնել: Մերթ ընդ մերթ փորձեր կը կատարուին նոր բառեր ստեղծելու, սակայն յաճախ շինծու եւ ոչ կիրարկելի բառեր մէջտեղ կու գան:  Ծանուցումներուն մէջ նկատած եմ, որ առկայ է առօրեայ լեզու մը` ոչ շինծու, պարզ եւ գործածելի բառերով: Անշուշտ բնական է, որ հասկնալի եւ պարզ բառեր ըլլան, որովհետեւ ծանուցող մը պիտի ուզէ, որ բոլորը հասկնան ծանուցուածը եւ ո՛չ միայն` գրագէտ խաւ մը:

Հետազօտութիւններու ժամանակ ինքնաբերաբար կը հանդիպիմ այլազան նիւթերու ու յօդուածներու, որոնք կը հարստացնեն գիտելիքներուս պաշարը: Այնտեղ կան ճոխ բովանդակութեամբ նիւթեր, որոնք, ցաւօք, կը բացակային այսօրուան թերթերէն:

«Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը իր ձեւին մէջ իւրայատուկ է տակաւին: Ըստ քեզի, որքա՞ն կարեւոր է նման ծրագիրներու տրամադրած նիւթական հովանաւորութիւնը, մանաւանդ երբ թիրախը բոլորս յուզող հարց մըն է` արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը:

Անձնական նախաձեռնութիւններ միշտ ալ եղած են եւ կան, սակայն կը հաւատամ, որ հաստատութենական հովանաւորութիւնը կրնայ աշխատանքի որակին համար կարեւոր ըլլալ: Երբ աշխատանքը նախաձեռնողն ու իրականացնողը գիտէ, որ կրնայ իր ժամանակը հանգիստ ձեւով տրամադրել ծրագիրին եւ անոր զարգացումին համար ու քիչ թէ շատ հաշուետու է գործընկերոջ մը, արդիւնքը բնականաբար աւելի լաւ պիտի ըլլայ: ԳԿՀ-ի այս նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է այն առումով, որ ո՛չ միայն արեւմտահայերէնը կ՛ընդունի որպէս կեդրոնական յղացք, այլ կը թիրախաւորէ երիտասարդութիւնը, որ ունի իր ըսելիքը եւ այդ մէկը ընելու ուրոյն ոճը:

——————————

 

Ես Արմէն Պագգալեանն եմ` մասնագիտութեամբ մանկավարժ-հայագէտ: Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան ամպիոնէն ստացած եմ մանկավարժութեան պսակաւոր արուեստից վկայական, ինչպէս նաեւ` դասաւանդման վկայագիր: Յետ համալսարանական բարձրագոյն ուսումս շարունակած եմ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ` ստանալով հայագիտութեան մագիստրոս արուեստից վկայական:

Աշխատած եմ տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` կրթական բնոյթի ծրագիրներու մէջ: Աշխատած եմ նաեւ որպէս հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ: Մասնակցած եմ դասընթացքներու, գիտաժողովներու եւ սեմինարներու` բազմաթիւ երկիրներու մէջ:

Հետաքրքրութիւններուս ծիրին մէջ գլխաւոր տեղ կը գրաւեն արեւմտահայերէնը, մանկավարժութիւնն ու հետազօտական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` այս երեքը միացնող նախաձեռնութիւնները:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Յուշեր (8)

Յաջորդը

Պատերազմի Փողը Կը Հնչէ… (Խորհրդածութիւն` Աւագ Շաբթուան Ընդառաջ)

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?