Փետրուար 2020-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել:
«Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, իբրեւ հիմնական նպատակ ունի արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրարկութիւնը խթանել:
Ծրագիրին առաջին տարուան ընթացքին հիմնարկութիւնը 17 դիմումներ ստացաւ Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներէ, որոնց ներկայացուցածներէն ընտրուեցան տասը ծրագիր: Տասնվեց երիտասարդներ այժմ կ՛աշխատին ժամանակակից արտայայտչամիջոցներու գործածութեամբ կեանքի կոչել իրենց ժամանակին եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրներ` որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ին հովանաւորած նախաձեռնութիւնները հանրութեան ներկայացնելու եւ անոնց ետին կանգնող տղաքն ու աղջիկները հանրութեան ծանօթացնելու նպատակով «Ազդակ» «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ի սիւնակով յաջորդաբար պիտի հրապարակէ հարցազրոյցներու շարք մը, ուր մասնակիցները կը պատմեն իրենց ծրագիրներուն, անոնց դրդապատճառներուն եւ աշխատանքային ընթացքին մասին:
Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է հետեւիլ «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի «Նորարար մշակոյթի ծրագիր» էջերուն`
https://www.facebook.com/creativeculture.20
https://www.instagram.com/creativeculture.20/
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը:
—————————————–
«Մէկ»
Ասատուր Պասմաճեան Կարինէ Գիւլխանճեան
Նարէ Քիւսպէքեան Սէրուժ Յովսէփեան
Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը:
Մեր ծրագիրը կը կոչուի «Մէկ»: Ծրագիրին նպատակն է ներկայացնել արեւմտահայերէնով նիւթեր, որոնց չենք հանդիպիր համացանցի աշխարհին մէջ: Համացանցի եւ ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը հանդիպինք անձնական գրառումներու եւ արեւմտահայերէնով քննարկումներու, բայց անոնց դիտակէտը բաւական սեղմ է եւ նիւթերը` սահմանափակ: Երիտասարդներս ունինք բազմաբնոյթ հետաքրքրութիւններ եւ մեր կեանքին կարեւոր մասը կ՛անցընենք առցանց: Մեր ներկայի խնդիրներուն մենք կ՛անդրադառնանք օտար լեզուներով, եւ երբ իրարու հետ ուզենք խօսիլ այդ նիւթերուն մասին, ստիպուած կը փոխենք մեր լեզուն: Կենսոլորտ, մարդու իրաւունքներ, սեռային, հոգեբանական եւ ընկերային բարդ հարցերու մասին արեւմտահայ համացանցը լուռ կը մնայ: Ուրեմն մեր մայրենիով մեզ հետաքրքրող նիւթերուն պակասը մղեց մեզ, որ նախաձեռնենք նման աշխատանքի մը, որուն թիրախը 18-35 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներն են: Նաեւ մենք մեր ծրագիրին ընդմէջէն պիտի անդրադառնանք հայերէնի բարբառներուն, որոնք, կարծէք, պատկանելով տարբեր խումբերու, երբեք չեն դարձած հանրութեան սեփականութիւնը: Այսօր լսատեսողական ժամանակակից միջոցները առիթ կու տան գրաւիչ ձեւով ներկայացնել նոյնիսկ բարբառները, որոնք մեզմէ շատ հեռու են ե՛ւ տարածքի, ե՛ւ ժամանակի մէջ: Ծրագիրը նաեւ ունի լիբանանահայ առօրեան ներկայացնող բաժին մը, ուր նորէն լսատեսողական նիւթերով հանրութեան պիտի ներկայացնենք լիբանանահայ գաղութի առօրեայէն պատառիկներ: Կը նախատեսենք նաեւ տարբեր նիւթերու շուրջ կարճ հարցազրոյցներ վարել արեւմտահայախօս տարբեր անձերու հետ: Ցաւօք սրտի, վերջին ամիսներուն ապրած մեր կեանքը մեզ կը դնէ բազմաթիւ սահմանափակումներու առջեւ, եւ մինչ օրս մեր ծրագիրը իր ամբողջ կարողականութեամբ չէ, որ կը ներկայանայ հանրութեան:
Ձեր կարծիքով, ինչի՞ մէջ կը կայանայ ձեր ծրագիրին արժէքը:
Ըսենք, որ նախքան ծրագիրին մեկնարկը` մենք առցանց հետազօտութիւններ կատարեցինք հասկնալու համար մեր թիրախը հանդիսացող խումբին հետաքրքրութիւններն ու կարծիքները: Շատ հետաքրքրական էր անգամ մը եւս լսել եւ ամրապնդել այն փաստը, որ երիտասարդները ո՛չ թէ հայերէնով չեն հետաքրքրուած, այլեւ հայերէնով իրենց պարտադրուած նիւթերն են զիրենք վանողը: Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն, մենք կազմեցինք մեր օրակարգը եւ կը յուսանք, որ մեր ընկերային իրավիճակը քիչ մը բարելաւուելէն ետք պիտի կարենանք կարգով անդրադառնալ բոլոր այդ նիւթերուն: Ուրեմն, հաւանաբար մեր ծրագիրին արժէքը այն պիտի ըլլայ, որ պիտի կարենայ արեւմտահայերէնին շուրջ հաւաքել երիտասարդներ, որոնք վերջապէս հարթակ մը պիտի ունենան իրենց ուզածը գտնելու:
Պատմեցէք աշխատանքի բաժանումին եւ ընթացքին մասին:
Մեր խումբը բաղկացած է չորս հոգիէ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պարտականութիւնը: Կարինէն եւ Ասատուրը բովանդակութեան շուրջ հետազօտութիւններ կ՛ընեն եւ կը մշակեն ներկայացուելիք գրութիւնները, իսկ Սէրուժը եւ Նարէն կ՛աշխատին լսատեսողական նիւթերու պատրաստութեամբ, եւ այս երկուքին համադրումին արդիւնքով կ՛ունենանք մեր հարթակին վրայ տեղադրուած նիւթերը: Անշուշտ, մեկնելով մեր իւրաքանչիւրին տեսլականէն եւ ճաշակէն, նոյն նիւթը յաճախ կ՛ունենայ քանի մը տարբերակ, եւ չորսով է, որ կ՛ընտրենք, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը պիտի ներկայացնենք հանրութեան:
Մինչեւ հիմա ի՞նչ տեսակի արձագանգ ունեցաւ «Մէկ»-ը:
«Մէկ»-ի առաջին տեղադրումը ծանուցողական տեսանիւթ մըն էր, որ շատ արագ տարածուեցաւ համացանցի վրայ: Ինսթակրամի վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան դիտուեցաւ Լիբանանի, Պոլսոյ, Քանատայի, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ: Այս եւ աւելի ուշ եղած նիւթերու տեղադրումներուն տակ գրուեցան շատ քաջալերական խօսքեր: Հանրութեան այս միջամտութիւնները յարաբերութիւն մը կը մշակեն հարթակին եւ անոնց միջեւ եւ, այսպիսով, կամաց-կամաց կը յառաջանայ երկկողմանի ուժաբանութիւն: Նաեւ շատ ուրախ ենք, որ մինչ օրս բացասական կարծիք մը չհասաւ մեզի: Այս չի նշանակեր, որ մենք չենք ուզեր կառուցողական կարծիքներ լսել, բայց եւ այնպէս վարժուած ենք, որ մեր իրականութեան մէջ բացասականն ու քննադատականը շատ աւելի արագ տեղ կը հասնին, քան` արժեւորողը: Մենք պատրաստ ենք լսելու մեր հետեւորդներուն կարծիքները եւ իրենց առաջարկներով հարստացնելու հարթակը:
Որպէս ծրագիրի հեղինակներու եւ աշխատանքային խումբն` ի՞նչ կու տայ «Մէկ»-ը ձեզի:
Պէտք է խոստովանիլ, որ այս հարթակին նախաձեռնումը եւ շարունակական աշխատանքները միայն հանրութեան համար չէ, որ կ՛ընենք: Աշխատանքին սկիզբէն, երբ կը խորհրդակցէինք մեր լեզուական բաժնի խմբագիրին` Արմէն Պագգալեանի հետ, անդրադարձանք, որ որոշ բառերու կամ դարձուածքներու արեւմտահայերէնը գտնելը այնքան ալ դիւրին բան մը չէ: Օտար բառերն ու դարձուածքները այնքան հանգիստ եւ բնական ձեւով կը գործածենք, որ պէտք է կանգ առնել այդ բառերուն եւ յղացքներուն վրայ եւ փորձել զանոնք ճիշդ նկարագրող կամ ներկայացնող արեւմտահայերէն եզրը գտնել: Ծրագիրին նպատակը գրաւելն է եւ ոչ` վախցնելը, ուրեմն կ՛աշխատինք փոխհամաձայնութեամբ կատարել մեր լեզուական ընտրութիւնները: Պէտք է խոստովանիլ, որ մենք ալ արեւմտահայերէնով ահագին նոր եզրեր իւրացուցինք այս ընթացքին եւ յուսանք, որ նոյնն ալ մեր հետեւորդներուն հետ պատահեցաւ:
Այս նախաձեռնութեան մէջ մեզի համար հետաքրքրական եղող մասը նաեւ խմբային աշխատանքն է: Այս աշխատանքը ոչ ոք պարտադրեց մեզի եւ մեր խումբին մէջ չկան պաշտօններ ունեցողներ կամ նուիրապետական կարգ: Ուրեմն մենք ամէն ինչ կ՛ընենք` իրարու հետ խորհրդակցելով, կարծիքներ փոխանակելով եւ միասնաբար վերջնական որոշումներուն յանգելով: Այս մէկը բոլորիս համար շատ կարեւոր փորձառութիւն մըն է, որ վստահաբար մեր կեանքին մէջ շատ կարեւոր դեր պիտի խաղայ:
——————————————————–
Ես Ասատուր Պասմաճեանն եմ, ծնած եմ Լիբանան, 22 տարեկան եմ եւ այժմ բնաբուժութիւն կ՛ուսանիմ (Physiotherapy) Լիբանանի Անթունիյէ համալսարանին մէջ: 2015-2017 տարիներու մասնակցած եմ «Ուիքիմետիա» Հայաստանի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի ճամբարներուն` Լիբանանի, Հայաստանի, Փորթուգալի եւ Ֆրանսայի մէջ, իսկ 2018-2020 տարիներուն մասնակցած եմ «Զարմանազան» ճամբարներուն: Ճամբորդութեան մեծ սիրահար եմ, իսկ ազատ ժամերուս ալ կը սիրեմ դիտել քաղաքական եւ տնտեսական վաւերագրականներ:
Ես Կարինէ Գիւլխանճեանն եմ, ծնած եմ Լիբանան, 22 տարեկան եմ եւ մասնագիտացած եմ կենսաբանութեան ճիւղին մէջ: Ներկայիս կ՛ամբողջացնեմ մագիստրոսի ուսումնասիրութիւնը` Biodiversity Management-ի մէջ: Կ՛աշխատիմ ընկերային եւ բնութեան վերաբերող հարցերու տեղեկացման վրայ: Ազատ ժամերուս կը սիրեմ գիրքեր կարդալ, նոր ճաշեր փորձել եւ լեռնագնացութեան մասնակցիլ:
Ես Նարէ Քիւսպէքեանն եմ, ծնած եմ Պէյրութ, 21 տարեկան եմ եւ մասնագիտութեամբ գծանկարիչ (graphic designer): Բնութեան հանդէպ մեծ սէր ունիմ, որ կը գոհացնեմ ազատ ժամերուս ընկերներով լեռնագնացութեան երթալով եւ բանակումներ ընելով: Այլ հետաքրքրութիւններս եւ ձիրքերս են նկարչութիւնը եւ պարը:
Ես Սէրուժ Յովսէփեանն եմ, ծնած եմ Պէյրութ, 21 տարեկան եմ: Արուեստի տարբեր ճիւղեր փորձելէ ետք, ինքզինքս գտայ ֆիլմարուեստի մէջ եւ, 3 տարի Լիբանան ուսանելէ ետք, հիմա կը գտնուիմ Փրակա` ուսումս շարունակելու համար: Նպատակներէս մէկը արեւմտահայերէնով ժապաւէններ պատրաստելն է մեր առօրեային, անցեալին եւ երազներուն մասին եւ արծարծել նիւթեր, որոնց անդրադառնալէ յաճախ կը խուսափինք: Ամէն բանէ վեր կը սիրեմ կեանքը: