Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւանդանոցային Համակարգը Հարցականի Տակ

March 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

 

Լիբանան, որ իր դրամատնային ցանցերով, զբօսաշրջութեան եւ հիւանդանոցային համակարգով նշանաւոր էր Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհին մէջ, փաստօրէն, 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք, երբ դրամատնային եւ զբօսաշրջութեան մարզերը ամբողջովին անդամալուծուեցան, սնանկացան եւ քանդուեցան:

«Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքին ուժգնութենէն ետք, փաստօրէն, այսօր Լիբանանի մէջ գործող 96 հիւանդանոցներու ճակատագիրն ու իրավիճակը հարցականի տակ են:

Բժիշկներու եւ հիւանդապահուհիներու գաղթի մեծ ալիքը հարցականի տակ առած է բժշկական խնամքի մակարդակն ու որակը:

Գաղափար մը տալու համար ըսենք, որ,  մեծ հիւանդանոցներէն պատասխանատուի մը վկայութեամբ, նախապէս եթէ Լիբանանի մէջ 9000 հիւանդապահուհիներ կ՛աշխատէին, անոնցմէ 65 տոկոսը համալսարանաւարտ էր,  մնացածը` թեքնիք վկայականով, նոյնիսկ երեք ամսուան խտացեալ վարժողութեամբ վկայեալներով: Այսօր համեմատութիւնը շրջուած է` 30 տոկոսը համալսարանական վկայեալներ են, մնացած անձնակազմի անդամները ոչ համալսարանական ուսում ստացածներ են: Բժիշկներու պարագային ալ նոյնպէս մասնագէտներու գաղթի ալիք մը գոյութիւն ունի: Բժիշկներու սենտիքային մօտ արձանագրուած եւ արդէն արտագաղթած բժիշկներուն թիւը 600 է, բայց նոյնքան թիւով ալ գաղթած են` առանց տեղեակ պահելու:

Միւս կողմէ, հիւանդանոցները տնտեսական ահաւոր կացութեան մէջ են, եւ բժշկական սարքաւորումներու ու մաքրութեան դեղերու խնայողութիւնը դուռ բացած է այլ բարդութիւններու:

Հիւանդանոցներու մէջ մահացողներու թիւի բարձրացումի պատճառներէն հիմնականները վերեւ յիշուած պայմաններն են: Արդարեւ, «Քորոնա» ժահրի բուժումը մնայուն եւ հետեւողական հսկողութիւն կ՛ենթադրէ: Եւրոպայի մէջ, օրինակ, իւրաքանչիւր հիւանդի հինգ հիւանդապահուհի կը հետեւի:

Չեմ կարծեր Լիբանանի հիւանդները նոյն թիւով անձերու խնամքը կը ստանան:

Բժիշկները ախտաճանաչում կը կատարեն եւ դեղեր կը թելադրեն: Բնականաբար, երկրորդ փուլով կատարուող հետեւողական հսկողութիւնը մեծ դեր ունի բուժման ընթացքին վրայ:

Եթէ անցնող երեք ամիսներուն երկիրը փակելով եւ շրջագայութեան սահմանափակումով այսօր օրական 4000 վարակման պարագայ կայ Լիբանանի մէջ, երկիրը լրիւ վերաբանալով եւ Ս. Զատկուան եւ Ռամատանի տօներու զուգադիպութեամբ փաստօրէն վարակուողներու թիւը պիտի անցնի 8000-ը:

Այսօր հիւանդանոցներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի պարագաներու ընդունման կարողութիւնը արդէն հասած է 97 առ հարիւրի, ուրեմն…

Հիմնական մէկ միջոց ունինք` դիմակ կրել եւ հեռաւորութիւն պահել: Ընտանեկան, բարեկամական, ընկերային հաւաքները առայժմ յետաձգենք:

Պատուաստողներու թիւի բարձրացումը եւ մեր զգուշ ըլլալը հաւանաբար ազդեն վարակուողներու թիւի նուազեցման վրայ:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Շինծու Ջարդի Մը Հեքիաթը…

Յաջորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.