ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
Գիշեր է. լուռ են ցաւերս բոլոր:
Լուսամուտէն դուրս, լուսնի լոյսին տակ հազարաւոր փաթիլներ պսպղալով վար կու գան մեղմայոյզ. ներսը, ճարճատող կրակին բոցերը սրտիս զարկերուն նման մերթ կը խոնարհին, մերթ կ՛ըմբոստանան: Անհամբեր կը սպասեմ «Վահան» գորգիս. հերոսական Արցախէն կու գայ այդ` արցախցի կնոջ նուրբ մատներով գործուած:
Մինչ այդ հայրենիքս գրկած` նստած եմ:
Աչքիս առջեւ տուներ կը հրկիզուին: Մատներուս արանքէն լուսաւոր դէմքեր կը սահին, իւրաքանչիւրին ներքեւ անթիւ գիրեր` «Վա՜խ զաւակս…», «Փա՜ռք հերոսին…», «Աստուած հոգին լուսաւորէ…», «Ի զո՜ւր էր, ափսոս…», «Ախր, ինչի՞ համար…»:
Մի՜… մի՜ գրէք. մեր հերոսները մի՛ նուաստացնէք հանրային հարթակներու վրայ ձեր տեղի կամ անտեղի պոռթկումներով: Գունաւոր հայհոյանքներու շարքը, գռեհիկ խօսքերը օր ըստ օրէ կը ծաւալին ու կը թաւալին` բարձրաձայն խնդացող թշնամին գոհացնելով:
Խնայեցէք մայրերը, խնայեցէք սիրող սրտերը, խնայեցէք ազգս, որ ապրիլ կը փորձէ, որ ապրելու պարտաւոր է:
***
Անբացատրելի է կատարուածը: Հայհոյանք մըն ալ իմ շուրթերէն կը սպրդի օդին մէջ, վստահ չեմ, թէ որո՛ւ ուղղուած` թուրքի՞ն, «քաղաքակիրթ» աշխարհի՞ն, մեր բախտի՞ն, ղեկավարութեա՞ն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեա՞ն, ռուսի՞ն… չեմ գիտեր: Բայց գիտեմ, որ առօրեայ աղօթքս ուղղուած է հայ զինուորին, ո՛ւր որ է ան այսօր` երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ: Ան հայրենիքը գերադասեց բոլորէ՛ն:
Սեւազգեստ մայրը ինկած է հերոս զաւկին թարմ հողակոյտին վրայ. լուռ է զաւակը, վիշտը կուլ տուած` լուռ է մայրը, լուռ է անգիտակից աշխարհը, դէմքը անդին դարձուցած` լուռ է նաեւ գիտակից աշխարհը: Անհետ կորածներու լուսանկարներ կը սահին պաստառին վրայէն. անվերջ աղօթողներու բոցավառ յոյսերուն կը յաջորդեն ահաւոր գիրերը` «Յայտնաբերուել է եւս…»: Եռաբլուր, տակաւին քանի՜ քանի՛ հերոսներ գիրկդ պիտի առնես:
Անծայրածիր է գերեզմանն հայոց: Մէկ օրէն միւսը` հայ զինուորը մտաւ դրախտ, հայ ազգը մտաւ դժոխք: «Ուրեմն ա՞յս էր, փոխարէնն ա՞յս էր միթէ մեր աղօթքին, մեղրամոմին, կնդրուկին…»: Իմ սէր, Վարուժան. այսօր այդ «ութսունամեայ հաւատքին մէջ ջերմեռանդ» մամիկին դողացող ձայնին կը միացնեմ ամբողջ լարերս:
Ո՞ւր էիր, Աստուած:
***
«Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…»: Ո՜չ, սիրելի Թէքէեան, մութին մէջ չէ՛ր այս անգամ: «Քաղաքակիրթ» աշխարհի բոլոր սարքերը օգտագործելով, թուրքը, վայրկեանը վայրկեանին, արեւի պէս շողացող լոյսին տակ է, որ կատարեց ու կը շարունակէ կատարել իր «ահաւոր բան»-ը – lights, camera, action! – բախտաւոր պարագային` կացութեան «մօտէն հետեւող եւ իրավիճակէն մտահոգ» երկիրներու հազիւ ակնթարթային ուշադրութեան արժանանալով:
Ինչպէ՞ս հանդուրժել. ինչպէ՞ս ընդունիլ ու համակերպիլ: Ո՞ւր է հայրենիքի ոգին. միայն Սիամանթոյի տողերուն մէ՞ջ պիտի հանդիպինք անոր, թէ՞ այն մեր մատղաշ հերոսներուն, մեր նահատակներուն կրծքին տակ կը բաբախէր միայն:
Իսկ մե՞նք` մնացորդա՞ցս. «…բաժան-բաժան անմիաբան եւ սակայն` մի, երբ սպառնում է թշնամին…»: Օ՜, ո՛չ, սիրելի՛ Էմին, չէ՜. «մի» չենք հիմա, այլ` ծուէն-ծուէն, նոյնի՛սկ երբ սպառնայ, նոյնիսկ երբ յարձակի, քանդէ ու պղծէ թշնամին:
«Կոյր մի՛ ըլլաք», ի զուր կը կրկնէր Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը. բայց աշխարհը աչք ու ականջ գոցած` միայն գրպանը կը մտածէ: Մարդու իրաւո՞ւնք. ո՛չ, մեզի համար չէ ատիկա փաստօրէն: Աշխարհը շատոնց մոռցեր է մեզ. մե՛նք շատոնց մոռցեր ենք մեզ: Արցախի մէջ նահատակուած ազատամարտիկներու թանգարանի պատին յենած յուշագորգին վրայ հիւսուած է` «Ուժն է ծնում իրաւունք»: Նժդեհի խօսքը պահեցինք թանգարաններուն մէջ միայն. փաստօրէն լիակատար չզինեցի՛նք մեր մատղաշ զինուորը, չզինեցի՛նք մեր կամաւորները: Ո՞վ է պատասխան տալու:
«Գնենք հայկականը», «թրքականը մի՛ գնէք» կոչերը ասդին անդին կը տարածուին: Հիմա՞ արթնցանք: Ի՜նչ հրճուանքով կը սպասէիք ձեր Պոտրումի ու Անթալիայի ծովեզերեայ արձակուրդներուն: Կը դառնամ Յակոբին` կը յիշե՞ս այդ մարդը, որ օր մը փորը ուռած, հպարտութեամբ բարձրաձայնեց, որ թոռնիկը «պիւլպիւլի պէս թրքերէն կը խօսիկոր»: Ուրա՞խ է հիմա իր թոռնիկին խօսած թրքերէնով ու հաւանաբար` «պիւլպիւլի պէս» անգլերէնով. ո՞ւր մնաց հայերէնը: Օր մը օրանց հայերէն պիտի խօսի՞, գիրերուն ծանօ՞թ է:
Ահա հարցազրոյց մը եւս. յոգներ եմ զրոյցներէն, «մասնագէտ»-ներու կարծիքներէն, նոյնիսկ` լաւ վերլուծութիւններէն. եթէ գործնական քայլերու չվերածուին, ի՞նչ օգուտ ունին: Յոգներ եմ այս «բարեկամ» երկրին ու այդ «բարեկամ» երկրին կողմէ հնչեցուած խօսքերէն. բոլո՛րդ փակեցիք աչք ու ականջ, լեցուցիք ձեր գրպանները եւ կը շարունակէք որոճալ ձեր սուտերը: Յոգներ եմ խաչը դուրսէն կրող քրիստոնեայ աշխարհէն ու իր քննարկումներէն: Ո՞ւր էիք հարիւր տարիէ ի վեր. ո՞ւր էիք 27 սեպտեմբերէն ի վեր, երբ «կոյր մի՛ ըլլաք» կանչեցինք անդադար: Յոգներ եմ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» կարդալէն:
Ահա՛ հայ մը. կեցեր է իր տան քար ու քանդին առջեւ, հրացան մը ձեռքին` կը յամառի. որոշած է չլքել իր պապենական տունը: Էջ մը հայ ազատագրական պայքարի էջերէն, որ ահա Արցախի լեռներուն վրայ կը կենդանանայ: Ո՞վ պիտի օգնէ քեզի, եղբա՛յր. ո՞ւր ես` «ղեկավարութիւն» կոչուած: Ո՞ւր է մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Ուրիշէն ի՞նչ կը սպասենք, երբ մենք մեզի չենք օգներ:
***
Ասդիէն անդիէն անձնական նամակներ անընդհատ կը յայտնուին պաստառիս մէկ անկիւնը.
– Կարդացի՞ր, ճի՞շդ է:
– Չեմ կրնար լսել ձայնը, մտիկ չեմ ըներ իրեն:
– Չգիտեմ. սրանից յետոյ մեր ապրելը ո՞ւմ է պէտք…
– Առաջ Աստուած… կը գնանք Շուշի. իսկ հիմա չգիտենք ինչ անենք…
– Իր եղած շրջանէն մարմիններ գտած են, անճանաչելի…
– Ցոյցի ելանք, բռնեցին ու տարին մեզ. տուգանք պէտք է տանք եղեր. քիչ մը պահեցին, ձգեցին. վաղը նորէն ոստիկանատուն պէտք է երթանք. իսկ ժողովուրդին մէկ մասը ճաշարաններն է, հոգերնին չէ նոյնիսկ Արցախը:
– Սիրելի՛ սփիւռք, ես… եանն եմ, ամուսինս անմահացաւ…
«Քելբաջարի մէջ…»: Ո՜չ, Քարվաճա՛ռ է, հայերէ՛նը գրեցէք:
«Նիկոլ Փաշինեանին երեք զաւակները կը գտնուին…»: Ճի՞շդ է, կե՞ղծ է. ինչո՞ւ ասով զբաղած ենք հիմա: Արցախի երեք քառորդը թշնամիին ձեռքն է հիմա, հարիւր հազար հայրենակից անտուն է, հազարներով նահատակներ ունինք, իրենց ընտանիքներուն ո՞վ պիտի օգնէ, հաշմանդամներուն ո՞վ պիտի օգնէ, գերիները ո՞վ պիտի ազատագրէ, կորածները ո՞վ պիտի վերադարձնէ: Որո՞ւ հոգն է հիմա վարչապետին զաւակներուն ուր ըլլալը: Սահմանին կանգնած զինուորին ո՞վ տէր պիտի կանգնի: Օրական գիւղ մը կը գրաւեն վարնոցները, ազատ համարձակ կը կտրեն հոսկէ հոնկէ: Մենք ա՞զգ ենք, թէ՞ ոչ, ասիկա հայրենի՞ք է թէ՞ ոչ, ո՞վ է ասոր պատասխանատուն:
***
– Թամա՛ր, ինծի ցոյց տուր այս քարտէսին վրայ, ի՞նչ մնաց Արցախէն,- կ՛ըսէ Յակոբ` պատէն կախուած «Արցախի վանքերն ու եկեղեցիները» խորագրով քարտէսին նայելով:
– Կը կարծես` ես գիտե՞մ. օրական կը չափեն, կը ձեւեն, կը կտրեն իրենց ուզածին պէս: Շուշին, Շուշի՛ն չկայ. ստորագրեց, ի՞նչ ստորագրեց, ի՞նչ իրաւունքով:
– Կը յիշե՞ս` քեզի միշտ կ՛ըսէի, որ Արցախը վտանգի մէջ է, հանգիստ պիտի չձգեն. իսկ Տիգրանակե՞րտը…
– Նախ գրեցին` գնաց, յետոյ գրեցին` մերը մնաց, բայց յետոյ գրեցին` գնաց:
– Գանձասա՞րը:
– Նոյն բանը. մէկը կ՛ըսէ գնաց, միւսը կ՛ըսէ մնաց, միւսը` դեռ յայտնի չէ, միւսը` դեռ պիտի տանք: Մի՛ հարցներ Յակո՛բ, ալ մի՛ հարցներ: Դադիվանքին իբր թէ ռուսը պիտի հսկէ. ի՞նչ կարեւոր, թէ ո՛վ կը «հսկէ»: Ամարա՜սը… Մենք մեր տան տէրը չենք այլեւս, այս է իրողութիւնը, «վերահսկողութիւն»-ը ո՞րն է այլեւս:
Յանկարծ կ՛ընդհատուի մեր երկխօսութիւնը. հեռաձայնին միւս կողմը մայրս է` փոխանցելու օրուան լուրերուն ամփոփումը. ազդանշանս, որ օրը իր աւարտին հասնելու վրայ է:
Ու կը քակուի կծիկը. արաբական կայանները այսպէս ըսին, «Պի.Պի.Սի.»-ն աղտոտին մէկն է արդէն, հայկական լուրերն ալ կախում ունի, թէ զով մտիկ կ՛ընես:
– Ես առաջին քանի մը վայրկեանը մտիկ կ՛ընեմ, եթէ տեսայ, որ կուտ կորկոտ չկայ, կը դարձնեմ,- կ՛ըսէ մայրս,- այսօր, տրամաբանական հարցազրոյց մը կար, մտիկ ըրէ, մարդուն անունը մոռցայ, հայ է, բայց անգլերէն կը խօսի, աչքերը պզտիկ են, բայց աղուոր մազ ունի:
– Մա՛մ, ես ինչպէ՞ս գտնեմ պզտիկ աչքերով եւ աղուոր մազերով մարդը:
– Աղջի՛կս, ես այսքանը քեզի փոխանցեցի, դուն ալ մնացեալը ըրէ, ո՜ւֆ:
– Մա՛մ, շատ գէշ է կացութիւնը, մենք հարիւր տարի ետ գացինք:
– Ես կը հաւատամ, որ մենք այսպէս չենք մնար, մոմս վառեցի: Հայրիկը (մեծ հայրս) կ՛ըսէր` մենք որբանոցին մէջ հասակ առինք, բայց մեր մէջ ապրելու տենչ կար: Մենք պիտի ապրինք, որ ապրեցնենք:
***
Քիչ անց, պատուհանէն դուրս, ինքնաշարժի մը լոյսերը կը փայլին. տան զանգերը կը հնչեն ու ահա բեռնակիրը, ձեռքին` փաթեթը. մէջինը «Վահան»-ս է անկասկած:
Փաթեթը հականեխելէ ետք ներս կը բերենք: Ծունկի եկած` անհամբեր կը բանամ զայն: Առաջին հերթին կը յայտնուի վկայականը. աչքս գամուած կը մնայ վերջին տողին վրայ` «Արտադրուած է Շուշիում:» Նոր մահացած հարազատի վերջին շշունջը ըլլար կարծես:
Արցունքներս կուլ տալով կը բանամ ծալքերը… իւրաքանչիւրին հետ կը քակուին յիշատակները` ներդաշնակ գունաւոր թելերը, գեղեցիկ նախշերն ու գունանկարները, արագ բանող ձեռքերը, լուսաւոր աչքերը, դուրսը վազվռտող փոքրիկները, ժինկելով հացերը, սիգապանծ լեռները, երիցուկները…
Անխառն յուզումով կը դիտեմ «Վահան»-ս հիմա. կը շոյեմ իր բուրդէ մարմինը: Ի՜նչ ծիածաններ կան իր թելերուն մէջ, ղօղանջող զանգեր, բոցավառ սէրեր, մոմ ու կնդրուկ: Կ՛աղօթեմ զինք գործող ձեռքերուն համար: Չեմ կրնար կոխելով անցնիլ վրայէն, ո՜չ, «Վահան»-ս շոյանքի է արժանի:
9 դեկտեմբեր 2020
Թորոնթօ