Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Եւ Միացեալ Նահանգներուն Այսպէս Կոչուած «Ազգային Շահերը» Չեն Փոխուիր Նախագահին Եւ Անոր Կուսակցութեան Փոփոխութեամբ

March 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերջին օրերու, 18 մարտ 1921-էն սկսեալ, միջազգային լուրերը կը գլխաւորեն Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Հիւսիսային հոսք – 2» ռուսական բնական կազի խողովակաշարի աշխատանքները դադրեցնելու պահանջը (Տե՛ս այս նիւթով նախորդ յօդուածս` «Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ նախագահին թելադրանքները նորընտիր նախագահին») (1):

Խողովակ զետեղող ընկերութեան նաւը:

Յիշեցումի համար, այս երկրորդ խողովակաշարը, Պալթիք ծովու յատակէն անցնելով` Ռուսիայէն ուղղակի Գերմանիա բնական կազ պիտի մատակարարէ, առանց երրորդ երկրէ անցնելու: Բան մը, որ Միացեալ Նահանգներու շահերուն դէմ կը նկատուի, քանի որ Գերմանիան (իր դաշնակիցը) ուժանիւթով ինքնաբաւ կրնայ դառնալ` քայլ առ քայլ փակելով հանքածուխով բանող եւ կորիզային ելեկտրակայանները, նաեւ` մեծ նպաստ բերելով բնապահպանութեան: Ըստ Միացեալ Նահանգներուն, Գերմանիան տագնապահար Ուքրանիայէն անցնող խողովակաշարէն պէտք է ստանայ իր կազը… Որպէսզի Ուքրանիոյ խաղաքարտը կարենայ շահագործել…

Այս նիւթով գերմանական պաշտօնական «Տոչէ Վելէ» գործակալութեան 18 մարտ 2021-ի խորագիրն է`  «Հիւսիսային հոսք-2` Միացեալ Նահանգները կ՛ազդարարեն ընկերութիւնները «անմիջապէս աշխատանքը լքել, դադրեցնել» (Nord Stream 2: US warns companies to ‘immediately abandon work’) (2):

Այս էր Թրամփի թելադրանքներէն մէկը նախագահ Պայտընին, որ նաեւ կը թելադրէր «Հարաւային միջանցք»-ի, այսինքն Կասպից ծովու ազրպէյճանական ուժանիւթի խողովակաշարերու ապահովութեան կարեւորութիւնը, ենթադրաբար` հայկական կամ ռուսական վտանգէն:

Ահաւասիկ առաջին փաստը, որ Պայտըն կը հետեւի այդ թելադրանքներուն: Միացեալ Նահանգներուն շահերէն բնա՛ւ չի բխիր զօրաւոր ու ինքնիշխան ազգային շահերը հետապնդող Հայաստան մը, այլ իրեն ձեռնտու է իր աշխատանքներով իշխանութեան հասած այժմու հակառուս խամաճիկ իշխանութիւնը: Ուստի, իր բոլոր միջոցներն ու լծակները պիտի գործածէ` հայութեան համար արժանապատիւ ու սեփական շահերը հետապնդող իշխանութիւն մը ապահովելու ծրագիրները խոչընդոտելու, գերագոյն նպատակ ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ռուսական խարիսխները փակել: Այս նպատակին համար եթէ նոյնիսկ ցեղասպանութիւն կատարուի, շատ շատ «Յուսամ հայերը կը տոկան» պիտի ըսէ, ինչպէս արցախեան վերջին պատերազմին ըսաւ նախորդ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոն:

Բոլորս պէտք է խելքի գանք: Ամերիկան մեր դրացին չէ, այլ թշնամի` մեր իրաւ ու շահակից դրացիներ Ռուսիոյ եւ Իրանի: Եթէ կը փորձէ իր դաշնակից հզօր Գերմանիոյ ուժանիւթի մատակարարումը խոչընդոտել, ապա Հայաստանին համար ինչո՞ւ իր «շահերէն» պիտի զիջի: Միշտ մտաբերենք ծովային հսկայ սահման ունեցող Վրաստանը, որ այս նոյն ռուս-ամերիկեան պայքարին պատճառով կորսնցուց Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, մինչ ամերիկեան մարտանաւերը մի՛այն կը դիտէին: Իսկ մենք ծովային սահման իսկ չունինք` կորսնցուցինք ազատագրուած Արցախի կարեւոր մասը, նաեւ` 5000-է աւելի նահատակներ, հազարաւոր հաշմանդամներ, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, սրբավայրեր, արօտավայրեր, գետեր, ջրելեկտրակայաններ, ցանքեր, նոյնի՛սկ Հայաստանէն տարածքներ ու շատ բան:

Նախորդիւ ուղղած հարցումս պիտի կրկնեմ բոլորին. կ՛ուզէ՞ք, որ այս ձախողած վարչապետն ու իր խումբը կառավարեն յաջորդ պատերազմը, որ պիտի չուշանայ:

22 մարտ 2021

haroutchekijian.wordpress.com

——————–

(1)  https://www.aztagdaily.com/archives/497638

(2)  https://www.dw.com/en/nord-stream-2-us-warns-companies-to-immediately-abandon-work/a-56920315

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Զատկուան Ձայնաւոր Հաւկիթներ

Յաջորդը

Սլաքներ. Ո՞րն Է Զարմանալին

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.