Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Մարտ 29, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կարմիր Մոմ»

Կարէն Տարագճեան Եւ Սուրէն Խտըշեան 

Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը:

Մեր ծրագիրը թատերական ներկայացում մըն է, բայց, սովորական սրահի մը մէջ տեղի ունենալու փոխարէն, անիկա պիտի ներկայացուի համացանցի վրայ: Համաճարակին պատճառով համաշխարհային բազմաթիւ թատերախումբեր դիմեցին համացանցին. մենք ալ ներշնչուեցանք այս ալիքէն եւ որոշեցինք մեր համեստ պայմաններով փորձ մը կատարել: Ներկայացումը նաեւ հանդիսատեսին հնարաւորութիւն պիտի տայ ընտրելու իր ուզած վերջաբանը` այսպիսով զայն մասնակից դարձնելով ստեղծագործութեան ընթացքին: Պատումներու մէջ կան մանրամասնութիւններ, որոնք ճակատագրական անդրադարձ կ՛ունենան հերոսներուն ապագայ արարքներուն վրայ: Այս ներկայացումին ընթացքին առիթը պիտի ստեղծենք հանդիսատեսին անդրադառնալու այդ շրջադարձային պահերուն եւ կայացնելու հեղինակի իր ընտրութիւնը: Ներկայացումը կը կոչուի «Կարմիր մոմ» եւ Կարէնին հեղինակային ստեղծագործութիւնն է: «Կարմիր մոմ»-ը պատմութիւն մըն է Պուրճ Համուտի ոսկերիչներու մեռնող արհեստի առօրեային մասին:

Պուրճ Համուտը արեւմտահայ զանգուածին համար, զայն անձամբ ճանչնան կամ ոչ, տեւական ներկայութիւն է: Հիմա, ձեր ներկայացումը առիթը պիտի ստեղծէ պատկերի, ձայնի եւ խօսքի միջոցով զայն աւելի շօշափելի դարձնելու: Ի՞նչ կ՛ըսէք ասոր մասին:

Անկարելի է չհամաձայնիլ այն փաստին հետ, որ Պուրճ Համուտը երկար ժամանակ եղած է փոքր Հայաստան մը, աւելի ճիշդ` Արեւմտահայաստան մը: Սերունդէ սերունդ հոն փոխանցած են մեր ազգային սովորութիւնները, նիստ ու կացը, արհեստները եւ արուեստները: Մենք բոլորս Պուրճ Համուտը մեզի հետ կը տանինք ո՛ւր ալ երթանք, ըլլայ այդ մէկը լիբանանեան այլ քաղաք մը կամ արտերկիր: Այսօր շատ բան փոխուած է հոն, բայց ինչքան ժամանակ անցնի, եւ ֆիզիքապէս մենք ինչքան ալ հեռանանք Պուրճ Համուտէն, միշտ կենդանի պիտի պահենք զայն մեր յիշողութեան մէջ: Այս ներկայացումը նաեւ ատիկա ընելու ձեւերէն մէկն է:

Ինչո՞ւ ոսկերիչները: Ի՞նչն է այս նիւթին գրաւչութիւնը` ձեր կարծիքով:

Ինչպէս ըսինք, թատերախաղը Պուրճ Համուտի հայ ոսկերիչներուն մասին է: Պուրճ Համուտը յայտնի էր իր ոսկերիչներով եւ ոսկիի շուկայով, բայց ամէն մարդ չէ որ գիտէ այդ խաւին քուլիսային կեանքը: Ցուցափեղկերուն մէջ կը տեսնենք ոսկին` տարբեր ձեւերով, արդէն պատրաստ, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կը պատահի մինչեւ այդ զարդին հոն յայտնուիլը: Կարէնը մօտէն կապ հաստատած է այս աշխարհին հետ, եւ իրեն համար շատ կարեւոր էր խօսիլ լիբանանահայ արհեստաւորին մասին: Այսօր արհեստներն ու արհեստաւորները անհետացումի եզրին են եւ իրենց հետ կը տանին գաղտնիքներ, որոնք հիմքը հանդիսացած են հայերու գաղթական սերունդներու բարօրութեան: Արհեստաւորներուն կորուստը ազդեց մեր հաւաքական կեանքի որակի անկումին վրայ: Ոսկերիչ յղացքը յաճախ իբրեւ կարծրատիպ ընկալուած է, եւ մարդիկ չեն անդրադառնար արհեստին պատմութեան, ընտանեկան մշակոյթին եւ դարերու ընթացքին մեզի հասած այս արհեստի գաղտնիքներուն, ուր որոշ չափով մեր ազգային նկարագիրը կ՛արտացոլայ: Նաեւ, մեր իրականութեան մէջ արհեստները միշտ ալ նեցուկ կանգնած են արուեստներուն: Ժամանակին, նոյն այս Պուրճ Համուտի մէջ է, որ արհեստաւորները նիւթապէս կ՛օգնէին մեզի պէս երիտասարդներուն` թատերախաղ բեմադրելու, երաժշտական խումբեր կազմելու: Հիմա կարծես մեր կարգն է իրենց մշակոյթը պահելու: Դժբախտաբար, կրնանք ըսել, որ ոսկերիչներու բեղուն կեանքին մահերգն է մեր այս թատերախաղը:

Ի՞նչ են առցանց ներկայացում բեմադրելու մարտահրաւէրները:

Երբ յստակ տարածքի մը մէջ, քիչ թէ շատ նախապէս ծանօթ հանդիսատեսի համար ներկայացում մը կը բեմադրուի, միջավայրին տրամադրած առաւելութիւններն ու սահմանափակումները նկատի կ՛առնուին: Այս անգամ, քանի որ մեր հանդիսատեսը ամէն տեղ է, եւ ունի լեզուի իմացութեան տարբեր մակարդակներ, կը կեդրոնանանք ներկայացուելիքը կարելի եղածին չափ անոնց հասանելի դարձնել վրայ: Լեզուէն բացի, կան մշակութային դրսեւորումներն ալ, որոնք այս պարագային կրնան շատ «պուրճ համուտեան» ըլլալ եւ, օրինակ, Աւստրալիոյ մեր հանդիսատեսը չկարենայ հասկնալ այդ նրբութիւնները: Նաեւ շատ կարեւոր է, որ այս ծրագիրը յանկարծ շարժանկարի չվերածուի: Ուրեմն բեմադրութեան աշխատանքներուն մէջ նաեւ կը մտնէ պաստառին վրայ ներկայացնել թատերական ներկայացում մը եւ ոչ շարժանկար մը:

Պատմեցէք աշխատանքին ընթացքին մասին:

Բեմագիրը հաստատելէն ետք սկսանք հաւաքել դերասանական խումբը: Հոս նշենք, որ ներկայ պայմաններուն մէջ այդքան ալ դիւրին գործ մը չէ այս մէկը: Գաղութը նօսրացած է եւ կ՛ապրի տնտեսական, ընկերային ու հանրային առողջապահութեան ծանր օրեր: Ունեցանք դերասան, որ համաճարակին զոհ գնաց, իսկ ուրիշ մը, որ փորձերու ընթացքին որոշեց լքել երկիրը: Նկատի առնելով, որ այս աշխատանքը առցանց պիտի ներկայացուի, այս անգամ մեր աշխատանքային խումբին դիմագիծն ալ քիչ մը տարբեր պիտի ըլլայ: Անոր համար պէտք է սկիզբէն համագործակցինք ձայնի, լուսաւորութեան, ձեւաւորումի եւ նկարահանումները բեմադրող անձնակազմին հետ, ինչ որ ներկայ պայմաններուն մէջ շատ դժուար է, եթէ ոչ անկարելի:

Ի՞նչ է այս բոլորէն ձեր ստանալիքը:

Լիբանանահայ մշակութային կեանքը կորսնցուցած է իր երբեմնի աշխուժութիւնը: Բնական է, որ մեր ապրած ճնշիչ իրականութեան մէջ թատրոնն ու արուեստը մղուած են յետին կարգ եւ լիարժէք կեանքի մը պայման չեն համարուիր: Վերջին տարիներուն մեզի համար արդէն դժուարացած էր ներկայացումներ բեմադրելը: «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ին մասին երբ լսեցինք, շատ ոգեւորուեցանք: Միշտ չէ, որ նման նախաձեռնութիւններ կը մշակուին, մանաւանդ ուղղուած` յատուկ լիբանանահայ երիտասարդ ստեղծագործողներուն: Մենք տարիներէ ի վեր կը համագործակցինք իրարու հետ եւ մտածեցինք, որ ասիկա լաւ առիթ մըն է մեր հանդիսատեսներուն շրջանակը ընդլայնելու դէպի սփիւռքի արեւմտահայախօս այլ գաղութներ եւ պատմելու մեզ յուզող պատմութիւն մը: Այս անգամ մենք կը համագործակցինք որպէս թատերագիր ու բեմադրիչ, եւ շատ հետաքրքրական է ապրիլ նման համագործակցութեան մը փորձառութիւնը: Իրարու հետ խօսելով, խորհրդակցելով բեմագիրը անընդհատ կենդանի վիճակի մը մէջ կը մնայ: Նաեւ, բեմի մարդուն համար շատ դժուար է առանց բեմի մնալը, իսկ համաճարակը բոլորս մատնեց հոգեկան տագնապի մը: Ուրեմն այս ծրագիրին միջոցով պիտի կարենանք մենք մեր բեմը ստեղծել, եւ որպէս բեմով ապրող անհատներ, ստանալ հոգեկան գոհացում:

Ե՞րբ կը նախատեսուի «Կարմիր մոմ»-ը հանրութեան ներկայացնելը:

Հանրային առողջապահութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, նման խմբային աշխատանք մը աւելի շատ ժամանակ կը խլէ, քան բնական պայմաններուն մէջ: Այսօրուան դրութեամբ կը յուսանք «Կարմիր մոմ»-ը հանրութեան ներկայացնել 2021 տարուան վերջաւորութեան:

———————–

– Ես Կարէն Տարագճեանն եմ, ծնած եմ Պէյրութ, 1984-ին: Աւարտած եմ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարանը, ապա Պիզնեսի ղեկավարման պսակաւոր արուեստից վկայականս ստացած եմ Հայկազեան համալսարանէն:

Լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ դերեր ստանձնած եմ շարք մը ներկայացումներու մէջ, ինչպէս`  «Կոմիտաս», «Կամուրջէն դիտուած», «Պարոն Կարպիս», «Yalla Shabeb», «Ծերունին եւ լեռը», «Ամուսնութիւն` ըստ Երանոսի»  եւ այլն… գրած եւ ներկայացուցած եմ նաեւ մենախօսութիւն մը, որուն բեմադրիչն էր Սուրէն Խտըշեան:

Լիբանանեան տեղական թատերական կեանքին մէջ գործունէութիւն ունեցած եմ` խաղալով Լուսիէն Պուրժէյլիի «Street Theater», «Mitlna Mitlak», «9 pm to 9pm», «Match Black and White» ներկայացումներուն մէջ:

Նկարահանուած եմ ծանուցումներու մէջ եւ  մասնակցած դերասանական բազմաթիւ աշխատանոցներու: Ստանձնած եմ նաեւ «Թեաթրոն» թատերախումբի արտադրական աշխատանքներու (production) ղեկավարութիւնը:

Արուեստի աշխարհով հետաքրքրուելուս մէջ մեծ դեր ունի մեծ հայրս, որ փոքր տարիքիս յաճախ կը ստիպէր դիտեմ Չարլի Չափլինի ֆիլմերը:

 

– Ես Սուրէն Խտըշեանն եմ: Ծնած եմ Լիբանան եւ մասնագիտութեամբ բեմադրիչ եմ: Աւարտած եմ Երեւանի Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի Վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրութեան բաժինը` Ռ. Գէորգեանցի արհեստանոցէն: Հայաստանէն վերադառնալէս ետք, որպէս բեմադրիչ աշխատած եմ տարբեր թատերախումբերու հետ, որոնցմէ հիմնականը իմ ստեղծած «Թեաթրոն» թատերախումբն է:

Բեմադրած եմ նաեւ շարք մը վաւերագրական ժապաւէններ, որոնցմէ կը յիշեմ` «Պուրճ Համուտ, փոքր Հայաստան» (2004) եւ «Դերասանները» (2018):

Մինչեւ օրս բեմադրած եմ 18 ներկայացումներ, աշխատած եմ անոնցմէ բոլորին երաժշտական ձեւաւորումին, ինչպէս նաեւ քանի մը հատին բեմանկարչութեան վրայ: Իմ ըրած բեմադրութիւններէս ոմանց բեմագիրերուն անգլերէնէ եւ ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւններն ալ ես ըրած եմ:

 

 

 

Նախորդը

Հիւանդանոցային Համակարգը Հարցականի Տակ

Յաջորդը

Շանթաժի Քայլ Մը

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?