Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը Դէպի Ո՞ւր

Մարտ 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Անցեալ երկուշաբթի օր անձկութեամբ կը սպասէինք նշանակեալ վարչապետին այցին նախագահական ապարանք:

Պրն. Սաատ Հարիրի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աունին եւ լեռը… մուկ ծնաւ: Կը սպասէինք երկու նախագահներուն միջեւ արդիւնաւոր խօսակցութիւն, որ պիտի յանգէր կառավարութեան կազմութեան տեղւոյն վրայ կամ, վատագոյն պարագային, յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին: Սխալեցանք անգամ մը եւս, որովհետեւ պրն. Հարիրի, հանրապետութեան նախագահին հետ կարճատեւ զրոյցէ մը ետք, կարդաց նախապէս պատրաստուած յայտարարութիւն մը, որ կը գուժէր կառավարութեան կազմութեան անկարելիութիւնը:

Հետեւանքները սպասցնել չտուին: Լիբանանեան պետութիւնը կազմաքանդման եզրին է: Լիբանանեան թղթոսկին կ՛արժեզրկուի, դրամատուները գրեթէ չեն գործեր, ամէն տեսակի ապրանքներու գիները կը բարձրանան, վառելանիւթը կը սպառի, դեղերը դժուար կը ճարուին եւ կարելի է շարունակել դժբախտութիւններու շարքը, անդադրում շարունակել: Համատարած աղքատութիւնը կը բախէ Լիբանանին:

Բայց քաոսային այս վիճակին մէջ ի՞նչն է, որ կ՛արգելակէ խելամիտ լուծումներու որոնումը, համախոհական կոչուած լիբանանեան ժողովրդավարութեան կիրարկումը: Իսկապէ՞ս առաւել կամ պակաս նախարարի մը վերագրումը այս կամ այն կողմին այնքան էական է, որ կրնայ ամբողջ երկիր մը մատնել անիշխանութեան: Անկարելի է հաւատալ տրուած ճղճիմ բացատրութիւններուն, որոնք յայտնապէս կը ծառայեն միայն քողարկելու փոխադարձ մերժումներուն իսկական պատճառները:

Քաղաքացին իրաւունք չունի՞ իրազեկ դառնալու զինք ամէն օր քիչ մը աւելի աղքատացնող այս երեւոյթին խորքային պատճառներուն: Այդ պատճառները միայն ներքի՞ն են, թէ՞ ընդհակառակն` աւելի շատ արտաքին: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները պահպանել աշխատող ուժերը ի՞նչ կ՛ուզեն Լիբանանէն: Աշխարհաքաղաքական պայքարին մէջ ի՞նչ է տեղն ու դերը փոքրիկ Լիբանանին, որուն այսքան ամուր կառչած են արտաքին ուժերը, նոյնիսկ զայն խորտակելու գնով:

Իսկ ո՞ւր են Լիբանանի քաղաքական ղեկավարները: Ի՞նչ կը բանին: Պէտք չէ՞ր, որ քաղաքական ղեկավար ընտրանին, ինչ համակրանք կամ հակակրանք ալ ունենար, պէտք չէ՞ր, որ Լիբանանի ու լիբանանցիին շահերը ամէն բանէ վեր դասէր ու թոյլ չտար Լիբանանը ուրիշներու պայքարին թատերաբեմ դարձնել:

Արդարօրէն թէ անարդարօրէն ձեռք բերուած իրաւունքները, հարստութիւնը եւ հարստանալու հնարաւորութիւնը պետական այրերու եւ համայնքներու գործունէութեան առանցքին վերածուած են: Հովանաւորուած մութ ուժերու կողմէ, պետութիւնը ղեկավարելու յաւակնութեամբ հրապարակը նուաճած մարդերը մոռցած են, որ պետական ղեկավարի ու բարձր պաշտօնատարի սեպուհ պարտաւորութիւնը ծառայելն է երկրին ու ժողովուրդին: Այո՛, պետական ղեկավարը նախ սպասաւորն է երկրին ու ժողովուրդին, անոնց  ապահովութեան հսկիչ կարիքներուն մատակարարը, խաղաղ ու երջանիկ կեանքին երաշխաւորը:

Իշխանութիւնը առանց սպասաւորութեան փուճ է: Լիբանանեան պետական վերնախաւը իշխանութիւն կ՛ուզէ, բայց կը հրաժարի սպասաւորութենէ: Լիբանանի ժողովուրդը արժանի չէ նման պետական վերնախաւի:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պայտընին Յղեց Նամակ Մը` Կոչ Ուղղելով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?