Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմի Փողը Կը Հնչէ… (Խորհրդածութիւն` Աւագ Շաբթուան Ընդառաջ)

March 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն կողմէ հաստատուած պահեցողութեան բարենպատակ, սնուցանող, փարթամ, հոգեկրթիչ եւ հոգեդաստիարակիչ քառասուն օրերը անցնելէ ետք, կը պատրաստուինք դիմաւորելու մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ, պանծալի, փառաւոր ու բերկրալի Ս. Յարութիւնը: Քառասուն օրեր Աստուծոյ փառքը ներկայացնող սուրբ սեղանը չտեսնելէ ետք, կը պատրաստուինք նորոգուած ու ա՛լ աւելի աճած հոգիի աչքերով տեսնելու զայն: Քառասուն օրեր Աստուածորդւոյն ս. մարմինէն ու ս. արիւնէն զրկուելէ ետք, կը պատրաստուինք կրկին անգամ ս. հաղորդութիւն ստանալու եւ մեր մեղքերը քաւելու: Սակայն արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Քրիստոսի հետ յաղթելու, այսինքն` Իրեն հետ յարութիւն առնելու…

Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը ինքնին հոգեւոր պատերազմ մըն էր, որուն ընթացքին մենք կոչուած էինք մեր սխալներուն, մեղքերուն ու հոգեւոր կեանքի թերութիւններուն դէմ պատերազմելու, եւ անոնց ընդմէջէն աշխարհի իշխանին` (հմմտ. Յհ. 12. 32, 14. 30 եւ 16. 10) սատանային բանակին դէմ պատերազմելու: Այդ քառասնօրեայ հոգեւոր պատերազմին մեզմէ իւրաքանչիւրը լաւ առիթը ունէր կարելի եղած չափով իր մէջ ծիլեր արձակած եւ հաստատուած մեղքին դէմ պատերազմելու եւ ի պահանջել հարկին` զայն բնաջնջելու ու չէզոքացնելու, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը իր պտուղները տայ:

 

Պատերազմելու համար բնականաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը կարիքը ունէր առատ, զօրեղ ու ազդեցիկ զինամթերքի: Այդ զինամթերքը նոյնինքն Սուրբ Հոգիին արդիւնքներն էին, այսինքն` սէրը, ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, համբերատարութիւնը, ազնուութիւնը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, հեզութիւնն ու ժուժկալութիւնը (հմմտ. Գղ. 5. 22), զորս մեզմէ իւրաքանչիւրը ստացած էր, երբ Քրիստոսի բանակին զինուորագրուած էր` մկրտուած: Արդեօք մենք կարողացա՞նք այդ հսկայական զինամթերքը ճիշդ ժամուն ու վայրին օգտագործել, թէ՞ պարզապէս զայն մսխեցինք:

Մկրտութեամբ մեզի յանձնուած զինամթերքը չի նմանիր նիւթեղէն կամ սովորական պատերազմներուն մէջ օգտագործուածներուն, որովհետեւ եթէ սովորական պատերազմի փամփուշտները զուր տեղը մսխենք կամ վատնենք, անոնք վնաս չեն հասցներ մեզի, մինչ երբ մկրտութեամբ ստացուած զինամթերքը վատնենք, մեր հոգեւոր կեանքը իր անկումին կը հասնի: Եւ այդ մէկը շատ մեծ դժուարութեամբ կարելի է փարատել:

Հայրն Աստուած, որ միշտ մեզի առիթը կու տայ մեր սխալները սրբագրելու, քառասնօրեայ հոգեւոր պատերազմին ընթացքին մեզի իր շնորհքը տուած էր Իր բանակին հետ կռուելու, որպէսզի մեր բերած յաղթանակին իբրեւ գնահատանք` զօրաւոր ու հաստատուն հոգեւոր կեանք մը շնորհէ: Իսկ հիմա այդ քառասնօրեայ պատերազմը յաջողութեամբ աւարտելէ եւ հաստատուն հոգեւոր կեանք մը ստանալէ ետք կը գտնուինք երկրորդ պատերազմի մը առջեւ, որուն տեւողութիւնը մէկ շաբաթ է, սակայն այս անգամ` Քրիստոսի հետ, իր կեանքի վերջին փուլի փրկագործական ճանապարհորդութիւնը առնելով: Միշաբաթեայ այս պատերազմին ընթացքին մենք պիտի մատնուինք, ձերբակալուինք, անիրաւուինք, մտրակահարուինք, ծաղրուինք, ապտակուինք, դատուինք, չարչարուինք, խաչուինք եւ թաղուինք Քրիստոսի հետ, որպէսզի այդ բոլորին յարդիւնք` ստանանք ո՛չ թէ ժամանակաւոր կեանք մը, այլ յաւիտենական յարուցեալ, նորոգուած, ուրախ, բարի, խաղաղ, երանելի եւ Աստուծոյ ներկայութեամբ լի կեանք մը: Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Քրիստոսի հետ յաղթելու, թէ՞…

Երկրորդ պատերազմի փողը արդէն իսկ կը հնչէ իւրաքանչիւրիս ականջներուն մէջ, ուստի հագուինք մեր հաւատքի պատմուճանները եւ փութանք առաջնագիծ` Քրիստոսի հետ խաչափայտը կրելու: Արձանագրենք մեր անունները երկրորդ պատերազմի բանակի ցանկին մէջ` վերանորոգելով մեր ուխտը, զոր տուած էինք ս. մկրտարանի աւազանէն ծնած ժամանակ: Եւ վերջապէս, լսենք ու յիշենք, թէ Տէրը մեզի ի՛նչ կ՛ըսէ. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ. 16. 33):

Պիքֆայա, Լիբանան

Նախորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.