Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ն Մղիչ Ուժն Է Այսօր, Որ Կը Շարունակէ Դաստիարակել». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Մայիս 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ 130-ամեակի պատմութիւնը հայոց նորագոյն պատմութեան հետ ամբողջովին ընդելուզուած է:

Իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն ՀՅԴ-ն առաջատար դիրքերու վրայ գտնուած է ի պաշտպանութիւն իր ժողովուրդի դատին, իրաւունքներուն, անվտանգութեան եւ ընկերային արդարութեան …

Իր հիմնադրութեան առաջին օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ստրուկի հոգեբանութենէն դուրս բերաւ օտար լուծի տակ ընկճուած ժողովուրդը եւ կերտեց պահանջատէր հայութիւն:

Ու 130 տարիներէ ի վեր ան յատկապէս կազմակերպեց ու առաջնորդեց`

– Հայ յեղափոխութիւնը 19-րդ դարու 90-ականներէն սկսեալ,

– Ֆետայական շարժումը երկրի մէջ,

– Հայ եկեղեցական գոյքերու բռնագրաւման դէմ պայքարը Արեւելահայաստանի մէջ,

– Հայ-թաթարական պատերազմին հայութեան յաղթանակը,

– Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրական շարժումի մասնակցութիւնը,

– Իրանի սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցութիւնը,

– Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին կամաւորական շարժումը,

– Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացներու համախմբումը եւ ապահովութիւնը

– 1918-ի մայիսեան փառապանծ յաղթանակները եւ Հայաստանի պետականութեան վերականգնումը,

– Ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի տեսլականը եւ Հայաստանի իրաւունքներու ձեռքբերումը միջազգային

վեհաժողովներու ընթացքին եւ Սեւրի դաշնագրի միջոցով,

– Հայ վրիժառու բազուկները` ցեղասպաններու նեմեսիսեան արդարահատոյցը կիրարկելով,

– Հայկական նորաստեղծ սփիւռքի կառոյցներն ու դիմագիծը` տարասփիւռ հայութեան ներշնչելով յոյս եւ վճռակամութիւն,

– Բ. Աշխարհամարտի հայկական գերիներու ազատագրումը,

– Սփիւքահայութեան հայակերտումն ու պահանջատիրական ոգիի արմատաւորումը,

– Ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշներու պաշտպանութիւնը համայնավարութեան խաւարի

տարիներուն ընթացքին,

– Վերջին վաթսունամեակի Հայ դատի քաղաքական աշխատանքներու նոր թափը եւ ուժային բուռն պայքարը,

– Լեռնային Ղարաբաղի գոյամարտի մասնակցութիւնը, Արցախի ազատագրումը եւ ԼՂՀ-ի ստեղծումը,

– Հայաստանի վերանկախացման գործընթացի աշխուժ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքներու,

եւ ազգային գաղափարախօսութեան հայրենիք վերադարձը,

– Հայրենիք-սփիւռք կամրջումը,

– Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական կեանքի նուիրեալ մասնակցութիւնը,

– Հայրենիքի մէջ ընկերային արդարութեան հաստատումը,

Իր փառապանծ անցեալի որպէս շարունակութիւն` ՀՅԴ-ն այսօր կը հանդիսանայ այն միակ համահայկական եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող կազմակերպութիւնը, որ հարենիքի ու հայութեան համար պայքար կը մղէ աշխարհով մէկ: Կը միտի զարգացնել Հայաստանն ու Արցախը եւ ամրապնդել անոնց պետականութեանց հիմերը:

Հայ դատի ոլորտին մէջ հայ ժողովուրդի արձանագրած նուաճումներու առիւծի բաժինը ստանձնած մեր կազմակերպութիւնը արդէն ապահոված է Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան յաղթանակներ, որուն վերջին օրինակն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի` ցեղասպանութիւն եզրոյթի օգտագործումը: Եւ հիմա լծուած է պահանջատիրութեան օրինական երեսներու ուսումնասիրութեան գործին:

Սփիւռքի տարածքին ու բռնագրաւեալ մեր հողերու հայ համայնքներու եւ ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանն է ՀՅԴ-ն, որ կը պայքարի ամէնուրեք անարդարութեան եւ հայութեան իրաւունքներու ոտնահարման դէմ: Կը ներարկէ նոր ուժ եւ կազմակերպուածութիւն` արտերկրի մէջ եւ կը խթանէ հայրենիք-սփիւռք միասնութիւնը` համոզուած ըլլալով, որ յանձնառու սփիւռքն է հզօր հայրենիքի յենարանը:

Եւ վերջապէս, ՀՅԴ-ն մղիչ ուժն է այսօր, որ կը շարունակէ դաստիարակել սերունդներ, որպէսզի յանձնառու իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ իր կեանքի հիմնական նպատակներէն մէկը դասէ հայրենիքին, ժողովուրդին ու դատին ծառայելը` ամրօրէն իւրացնելով Սիամանթոյի պատգամը`  «Մեր անունն է պայքար եւ վախճանը յաղթանակ»:

Նախորդը

Մենք Տէր Ենք Մեր Երդմանը, Կանգնած Ենք Աննահանջ. Իշխան Սաղաթէլեան

Յաջորդը

«130-Ամեայ Կաղնին Չի Կրնար Ընկրկիլ, Տկար Ճիւղերը Կը Չորնան, Կաղնին Կը Մնայ Հզօր». Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?