Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դուն Պիտի Շարունակես Տոկա՛լ Չքնաղ Շուշի Իսկ Մենք` Զարմանալ… (9 Մայիս)

Մայիս 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Բոլոր ժամանակներէ աւելի տխուր է հայ գրիչը, որովհետեւ պատրանաթափ է եղած անոր սիրտն ու հոգին, իսկ միտքը յանձնուած` ալեկոծ մտորումներու: Սա է այս օրերու սրտաճմլիկ եւ իրական պատկերը, որուն պատճառը նոյնինքն Շուշին է, հայոց բազմադարեայ երազներու թագուհին, որուն ճանապարհները, պարիսպները, ամուր ժայռերը, աստուածամերձ յուշարձանները, գեղատեսիլ բնութիւնը, հրաշալի ջուրն ու օդը, գեղակերտ թանգարանները, հայաբոյր դպրոցներն ու բնակարանները այսօր կը պղծուին թաթարածին` թուրք-ազերի հորդաներու ձեռամբ:

Բարբարոս թշնամին դարձեալ ոտք է դրեր հայոց հողին վրայ եւ` կառչած իր մարդակերի բնազդին, բնաջինջ կ՛ընէ հայակերտ ամէն մասունք: Թուրքը օրն ի բուն եւ բացայայտօրէն կը քանդէ ու սպառնալիքներով լեցուն բարբաջանքներ կը յղէ հայութեան, որ, իր կարգին, կը շարունակէ զարմանա՜լ կատարուածին, կարծես, հայը չէ ապրած ապրիլի 24, չէ ունեցած կորուսեալ հայրենիք` Արեւմտահայաստան եւ չէ ճաշակած թուրքի եաթաղան:

Այո՛, մեր խեղճացած աչքերուն եւ համայն մարդկութեան սադայելական լռութեան դիմաց, հայոց սրբութեան սրբոց մը եւս կ՛անարգուի, կը խողխողուի, ցաւ ի սիրտ, որովհետեւ մենք` հայերս, չկրցանք պահել ու պաշտպանել մեր Շուշին:

Չկրցանք, ոչ թէ որովհետեւ չունէինք ուժ ու կամք, արի եւ առասպելատիպ տղաներ, մարտունակ բանակ ու զինուորականներ, կամաւոր ու թիկունքին կանգնած հայ մայրեր ու հայրեր, հերոսապաշտ նորահաս սերունդներ, այլ, ըստ երեւոյթին, մենք մեզ արժանի չէինք տեսած Շուշիին:

Դրախտավայր Շուշիին, հազարամեայ կեանք ու պատմութիւն ունեցած, հայ մշակոյթի օրրան հանդիսացած, ազատասէր եւ ուսումնատենչ սերունդներ աշխարհ բերած այն հողատարածքին, ամրոցին, որ դարեր շարունակ խորհրդանիշն է եղած հայու տոկունութեան եւ ազգի վերականգնումին:

Արժանի՜ ըլլալ: Սա է հիմնահարցը, որ շատ անգամ մոռացութեան տուեր ենք, ու մենք մեզ համոզած, որ անիկա ճակատագիրն է եղած մեր ազգին, փորձութեամբ յագեցած պատմութեան դատավճիռն է եղած ու դրոշմուած մեր ճակտին:

Իրաւամբ, ի՞նչն էր պակաս մեզի որ արժանի ըլլայինք մեր սուրբ հողին, այս պարագային`  չքնաղ Շուշիին: Միթէ մեր խղճմտանքին ձա՞յնն էր լռած, արեան կա՞նչն էր թուլացած, հաւատամքի ո՞ւժն էր ընդարմացած, իրաւատէրի պահուա՞ծքն էր աղաւաղուած, հայրենասիրութի՞ւնը խարխլած, թէ՞ աներեւոյթ ու անբացատրելի պատճառի սոսկ հետեւանքն էր ըստ ամենայնի:

Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս արդարացնել աննման տղոց մարտնչումը, նուիրումը, նահատակութիւնը անգին, հասնելու հայոց ժայռերու գագաթին եւ ազատագրելու հայրենի ամրոցը սրբազան:

9 մայիս:

Իւրաքանչիւր մայիսի 9-ին, աւանդաբար, հայու միտքն ու հոգին միաձուլուած` թռիչք կու տային իրենց ապրումներուն, յոյզերուն եւ ապագայակերտ երազներուն, պարզապէս յիշատակելու Արցախի ազատագրական պատերազմի ամենասխրալի աքթերէն մէկը` հայոց ամրոց Շուշիի ազատագրումը, որ իրականացաւ 1992-ին, հայ մարտունակ բազուկի եւ ռազմավար մտքի տէր զինուորականներու շնորհիւ:

Իրօք, պատմական թուական մը ըլլալու առընթեր, անիկա ճշմարիտ ճանապարհ է դէպի յաւիտենականութիւն, գոյութենական պայքարի պատուանդան է հետագայ սերունդներու համար, վաւերական իմաստ ունեցող ազգանշան է ողջախոհութեան եւ իրա՛ւ միասնականութեան, մեր բազուկին հաւատալու եւ թուրքին յաղթելու ամենաուժեղ ցուցանիշն է, որով պիտի կարենանք(այինք) հասնիլ(լու) սրբազան լեռ Արարատին:

Ու այդ թուականին, Շուշուայ Ղազանչեցոց սուրբ եկեղեցւոյ գմբէթին հայու արդարդատ բազուկը կանգնեցուց խաչն ու եռագոյնը եւ ճամբայ հարթեց հայոց երազանքին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին:

Մենք` հայութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի հաւատացինք, առաւել գործեցինք, ի պահանջել հարկին եւ ըստ կարելւոյն մեր լաւագոյնը ներդրեցինք յանուն հաւաքական երազներու իրականացման:

Սակայն, սեպտեմբերեան (2020) պատերազմը ունեցաւ տարբեր հուն եւ աւարտ: Հայոց բանակը պարտուեցաւ, հակառակ ցոյց տրուած ուժեղ դիմադրութեան եւ հերոսական պայքարին: Թուրք-ազերին կրցաւ ճեղքել կարգ մը ճակատներ եւ հասնիլ հայոց արծուեբոյն Շուշի: Թաւալգլոր դիպաշարերու ընթացքը մեզ մատնեց դաժան անձնատուութեան ու տեղիք տուին անփառունակ մեկնաբանութիւններու:

Լսողաց ենք, որ Շուշին չպարտուեցաւ, այլ յանձնուեցաւ թշնամիին: Ափսո՛ս:

Լսողաց ենք, որ հայոց ամրոցը զոհ դարձաւ հայ պետական մակարդակի դաւաճանական արարքի: Ամօ՛թ:

Լսողաց ենք, որ աշխարհաքաղաքական մեծ խաղերու դիմաց ընկրկեցաւ հայ քաղաքական միտքն ու կամքը: Բի՛ւր նախատինք:

Լսելու կողքին, մենք ականատես եղանք նաեւ ռազմական ու մարտավարական այնպիսի սխալներու, որոնք անպատուեցին հայոց բանակի հեղինակութիւնը: Մեր աչքերով տեսանք հայ պետական այրերու անձնատուութիւնը, խայտառակ ու ապաշնորհ կեցուածքը, լկտի պահուածքն ու ազգակործան մօտեցումը:

Այո՛, մենք ականատես եղանք, նաեւ զարմացանք, ի տես, այսպէս ըսած, պետական մարդոց ժպտադէմ ու գոհունակ արտայայտութիւններուն, երբ անոնք ստորագրեցին նոյեմբերեան ստորնացուցիչ ու ազգադաւ համաձայնագիրը:

Լսեցինք, տեսանք ու զարմացանք, ազգովին լո՜ւռ մնացինք` ապշահար: Ապա ծաղր ու ծանակի ենթարկեցինք խրոխտ ու պահանջատէր երիտասարդութիւնը, որ իջաւ փողոց,  ուզեց ընդդիմանալ կատարուածին եւ ճշմարտութիւնը իմանալ:

Գացինք Եռաբլուր` սէգ ճակատով, բայց նուաստացած հոգեաշխարհով: Այսպէս ըսած «հին» այրերը ծնրադիր մտան հայոց նահատակներու պանթէոն եւ լացակումաց դուրս եկան խղճահար` ամօթի ու չքմեղանքի զգացումով ծանրացած:

Իսկ «նոր» այրերը, հայոց պատուհասները, առանց դոյզն խղճմտանքի թէ արժանապատուութեան գիտակցութեան այցելեցին նահատակաց սրբատեղի, նկարահանումի եւ լուտանքներու տարափին տակ փախուստ տուին անամօթաբար:

Միայն ազնուարիւն ծնողքը, սրտաբեկ քոյրը, եղբայրը, հարազատն ու սիրականը ի խորոց սրտի աղօթեցին ու վրէժի զգացումը սրտին, հեռացան հայոց սրբատեղի Եռաբլուրէն:

44 օրերու պատերազմական դիպաշարերը ապացուցեցին, թէ ամբողջ ազգը, անակնկալի եկած, հազիւ թէ կարողացաւ փրկել Արցախ աշխարհի մնացորդացը` 25 առ հարիւրը: Աւելի՛ն. «Յաղթելու ենք» ստապատիր լոզունգը կուրօրէն յափշտակեց մեր բոլորին մտքերը, տրամաբանութիւնն ու յուզաշխարհը:

Հայը հաւատաց հայոց բանակի ուժին, սակայն խաբուեցաւ պետական մարդոց կանխամտածուած ծրագիրին` «տժգոյն» Շուշիի յանձնումին:

Հայութեան վիճակուած նորովի աղէտը, պարտութիւնն ու անձնատուութիւնը ամբողջ ազգը մղեց հիասթափութեան ու խարխափումի, անդին, թշնամի երկիր(ներ) կը շարունակեն որոճալ իրենց երբեմնի հայաքանդ ծրագիրները:

Մենք` աշխարհասփիւռ հայութիւնս ու հայրենի հողին վրայ ապրողներս, փորձ կը կատարենք հասկնալու պատահածը, ըմբռնելու մեր գլխուն եկածը, շօշափելու քաղաքական աշխարհի թէ որոշումի կեդրոններուն մեղսակցութիւնը, լռութիւնը, դաժան վերաբերումն ու բացայայտ դիրքորոշումը, այո՛, պարզապէս կը փորձենք, բայց ի զուր, որովհետեւ հայութիւնը, ինչպէս անցեալին, կը շարունակէ յագուրդ տալ իր ապառողջ ու ազգաքանդ անմիաբանութեան, այլամերժի ու ատելավարի բնազդին, օտարին հաւատալու եւ անոր ծառայելու տգէտ մօտեցումին եւ մասամբ նորին:

Հայու ազգային պահուածքը թոյլ պէտք չէ տար նման ամօթալի ու այլասերիչ եղելութիւն, պարզապէս որովհետեւ ազգի մակարդակին հասած հայուն համար յստակ պէտք է ըլլար յարափոփոխ աշխարհի կործանարար միտումները, դաւերը:

Փաստօրէն, հայութիւնը ունենալով ազգային նկարագիր ու դիմագիծ, խելք ու նիւթական անսահման կարելիութիւն (անհատական), քաղաքական մտածողութիւն, աշխարհաքաղաքական ընկալում, ակադեմական թէ գիտական ներուժ, մարտական ոգի ու ռազմավարի հոգեկերտուածք, նորարարի մտայնութիւն թէ աշխարհին սէգ ճակատով ներկայանալու հպարտութիւն, դժբախտաբար, չէ ունեցած, չունի, եւ կարծես թէ պիտի չունենայ պետականամէտ մտածողութիւն, այսինքն` սեփական պետութիւն կերտելու խորասոյզ ունակութիւն, փորձ ու վճռակամութիւն:

Արցախ աշխարհը իր չքնաղ Շուշիիով կը հանդիսանար այն ժայռափոր պատուանդանը` պետականութիւն ունենալու եւ անով երաշխաւորելու Հայաստանի անվտանգութիւնը, յառաջդիմութիւնը, բարօրութիւնը:

Աւելի՛ն. Շուշիի պահպանումն ու պաշտպանութիւնը հիմնաքարը պէտք է ըլլար` հետագայ տարիներու քաղաքական փորձութիւններէ զերծ մնալու եւ ապահով նաւարկելու աշխարհաքաղաքական ցնցումներու ովկիանին մէջ:

Այլ խօսքով` մենք մեզ արժանի չտեսանք Շուշիին, որ պիտի շարունակէ միայնակ տոկալ վանտալիզի դէմ, իսկ մենք պիտի շարունակենք զարմանալ ի տես մեր ներքին պահուածքին եւ բարբարոս թուրքի կատարածին:

Չքնաղ Շուշին պիտի վերահայանայ ու գրկաբաց ընդունի մեզ, անպայմա՛ն:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Եւ Մայիս 28-ի Խորհուրդը Յաւերժացնող Յիշատակարանը` «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը»

Յաջորդը

Ո՛չ Ամբոխայինին, Այո՛ Առարկայական Տրամաբանութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?