Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Մե՛Ր Հողերը…»

Մայիս 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի կառավարութիւնը իր 22 ապրիլի նիստին քննարկած է տնտեսական ու ելեւմտական հարցեր, կատարած է շարք մը տնօրինումներ:

Քննարկումները ընդգրկած են շինարարութեան, Արցախի աջակցութեան ծրագիրներ, սղաճի եւ պիւտճէի հաւասարակշռումի միջոցներ եւ այլն:

Այստեղ չենք ուզեր վերլուծումի ենթարկել կամ հարցականի տակ առնել տրուած որոշումները, բարելաւումի յոյսերն ու հաւանականութիւնները, այլ կ՛ուզենք առանձնացնել հետեւեալ կէտը: Որոշուած է յառաջիկայ 10 տարիներուն տարեկան 10 միլիառ դրամի (մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար) աջակցութիւն տրամադրել Արցախի վերականգնումի ծրագիրներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն կալուած ու բնակարան կորսնցնողներուն նորաշէն բնակարաններ տրամադրել:

Կարելի չէ գոհունակութիւն չարձանագրել նման որոշումի մասին, որովհետեւ ահա աղէտեալները ձեւով մը փոխհատուցում պիտի ստանան եւ անտուն-անտէր պիտի չմնան: Գոհունակութեան վրայ պէտք է աւելցնել յոյսը, որ ծրագիրը իրականանայ:

Կառավարութիւնը նմանօրինակ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ նաեւ Սիւնիքի այն գիւղացիներուն նկատմամբ, որոնք տուն-պարտէզ-աշխատատեղի կորսնցուցին` ազերիներու (GPS-ով) բռնակցումներուն պատճառով:

Կորուստ ունեցողին ու անտիրական դարձածին օգնութեան ձեռք երկարելը` շա՛տ բարի: Սակայն այս ընթացքը պէտք չէ մեր ուշադրութիւնը շեղէ ԷԱԿԱՆ հարցէ մը, որ է մեր կորսուած, բռնագրաւուած պատմական հողերուն տիրութիւնն ու վերստին ազատագրումը:

Արցախի կամ Սիւնիքի մէջ հող-տուն կորսնցնողին փոխհատուցում կատարելը պէտք չէ նմանի ինքնաշարժի արկածի մը կամ բնական աղէտի մը (օրինակի համար` աւելի քան 30 տարի առաջ պատահած երկրաշարժը կամ պարտէզներ փճացնող փոթորիկ մը) պատճառով արձանագրուած վնասի դարմանումին: Այդ գիւղացիները ո՛չ միայն տուն-սեփականութիւն կորսնցուցած են, այլ մենք ալ, ա՛զգովին, անոնց հետ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ կորսնցուցած ենք, կորուստ, որ նման փոխհատուցումներով չի կրնար դարմանուիլ, այլ միայն ու միայն այդ հողերուն իրաւատիրոջ` անհատին ու ժողովուրդին վերադարձով:

… Ցեղասպանութեան 50-ամեակի տարիներուն, Հայաստանի մէջ ոգեկոչական ցոյցերու պահուն, հնչեց «Մե՛ր հողերը, մե՛ր հողերը»  պահանջը: Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ցեղասպանութեան 106-ամեակի օրերուն, երբ թուրքին ու ազերիին ախորժակները յաւելեալ գրգռութեան նշաններ ցոյց կու տան մասնաւորաբար Զանգեզուրի ուղղութեամբ, այդ պահանջատիրութիւնը պատմականօրէն հայապատկան հողերուն նկատմամբ մեր աննահանջ կեցուածքը վերանորոգուած է եւ` նոր լիցք ստացած: Ուրեմն պէտք է մեր կառավարութեան ու մեր հարցերուն բոլոր հետեւողներուն կրկին ու կրկին յիշեցնենք, որ հայուն համար արդար լուծումը չի սահմանափակուիր միայն նիւթական կորուստներուն դիմաց փոխհատուցումով, այլ` ՀՈՂԵՐՈՒՆ սեփականատիրոջ վերադարձով:

22 ապրիլ 2021

Նախորդը

Ինչպիսի՞ Պայմաններու Տակ Կնքուեցաւ Մոսկուայի Բարեկամութեան Եւ Եղբայրութեան Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Պոլիս. Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Թրքերէնով Նոր Հատորը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?