ԿԱՐԻՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Երկու անգամ քեզ տեսայ,
Զոյգ անգամն ալ հիացայ:
Քու հզօրութիւնդ` զգալի,
Ապրումներս` անբացատրելի:
Երբ ազատագրուեցար դո՛ւն,
Մեր սպիտակ գեղեցկութի՛ւն,
Վերածնո՛ւնդ ներշնչեցիր,
Մեր Շուշիին դուն հոգացիր:
Հրեշտակներով եզակի,
Ճերմակազգեստ գեղեցկուհի,
Ափսոս, որ հիմա մերը չես,
Բայց մի՛շտ մեր սրտերուն մէջ ես:
Կը լսե՞ս դուն ինծի,
Խնդրեմ պատասխան տուր մեզի,
Շուշիի հրաշքը`
Ղազանչեցոց եկեղեցի:
«Անշուշտ կը լսեմ ես քեզի,
Պիտի վերադառնամ ձեզի:
Կը մնամ պահապանը,
Մեր սիրելի Արցախի»: