Յօդուածներ

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Խորքային Ճշմարիտ Փոփոխութեան Մը Սպասումով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նախընտրական հետզհետէ թէժացող մթնոլորտին մէջ, երբ քաղաքացիներու հայեացքները սեւեռուած էին իշխանութեան փոփոխութեան ուղղութեամբ, Ազրպէյճան կատարեց իր հերթական հակահայկական գրոհը. Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի շրջաններուն մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերը ներխուժեցին Հայաստանի գերիշխան տարածքներ, յայտարարելով, որ անոնք իրենցն են: Իր տարած յաղթանակէն գինովցած, Իլհամ Ալիեւ իր լկտի յայտարարութիւնները կը գործնականացնէ ու լպիրշ եղանակով կը սպառնայ նոյնիսկ... Հայաստանի գոյութեան: Ո՛չ ստեղծուած վիճակին...

Ողջոյն Մեր Մայրերուն (Մայրերու Տօնին Առիթով)

Ողջոյն Մեր Մայրերուն (Մայրերու Տօնին Առիթով)

ԱՐՇԱԿ ՊԱՒՈՒԿԵԱՆ 14-15 տարեկան պատանի էի, երբ 1977 թուականին արաբական դպրոց գացի. դասարանին մէջ երկու հայ կար, իսկ մնացեալը արաբ էին: Արաբ աշակերտներէն յաճախ կը լսէի, թէ մարտ 21-ին մայրերու տօն էր: Աւելի ուշ, երբ դպրոցը վերջնական ձգեցի, ծնողքէս լսեցի, թէ մայրերու տօնը մայիսին է: Վերոնշեալ տողերը կը գրեմ իբրեւ նախաբան, եւ ի մտի ունիմ յօդուածս նուիրել մեր սիրելի եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սուտերու Վարագոյրը Դարձեալ Կը Պատռուի. Նոր Ահազանգ Սիւնիքէն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սիւնիքէն հնչած ահազանգերէն աւելի քան 24 ժամ ետք, Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետը ի վերջոյ իրականութիւնը կոչեց իր անունով. «Սիւնիքի վիճակը պայթունավտանգ է», «Ճգնաժամային», եւ հաստատեց, որ «սադրիչ գործողութեամբ» մը` ազերիները թափանցած են Հայաստանի հողերէն ներս, անհրաժեշտ քայլերուն դիմել հրահանգեց պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարներուն ու անվտանգութեան-ապահովութեան պատասխանատուներուն, յետոյ ցանկութիւն յայտնեց, որ ազերիական ուժերը կը վերադառնան իրենց «ելակէտերը», այսինքն, կը...

Հետեւելով Գրուածներուն Եւ Ըսուածներուն. Թուրքիա Կը Հակազդէ Պայտընի «Ճանաչման», Եւ Լրագրողը Կը  Խօսի «Թուրք Հայեր»-ու Մասին

Հետեւելով Գրուածներուն Եւ Ըսուածներուն. Թուրքիա Կը Հակազդէ Պայտընի «Ճանաչման», Եւ Լրագրողը Կը Խօսի «Թուրք Հայեր»-ու Մասին

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Ֆրանսական ԱՖՓ մամլոյ գործակալութիւնը 27 ապրիլ 2021-ին անդրադարձած էր Ամերիկայի նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Պոլսոյ մէջ եղած հակազդեցութիւններուն` հետեւեալ խորագրին տակ. «Թուրք հայերը գլխիկոր են Ուաշինկթընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք»: «Թուրք հայեր»... Պատմութեան եւ քաղաքականութեան մեկնաբանութեան չկարօտող արտառոցութիւն... Բառերը իմաստ եւ կշիռ ունին. թուրք հայեր: Սովորաբար կը լսէինք թուրքիացի հայեր... Հայու կամ թուրքի նոր տեսա՞կ մըն...

Ակնարկ.  Հաւասարաչափութեան Խախտումի  Հիմնաւորումները

Ակնարկ. Հաւասարաչափութեան Խախտումի Հիմնաւորումները

Պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զինուորական գործողութիւնները սկսած են այնպէս մեկնաբանուիլ, որ ռազմագործողութիւնները նպատակ ունին ճշդելու Արեւելեան Երուսաղէմի ճակատագիրը: Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքի վերածելու պետական քաղաքականութիւնը, հովանաւորուած հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ, տարատեսակ ընկալումներու կը հանդիպի. այդուհանդերձ չկայ միջազգային ուղղակի դիմադրութիւն քաղաքակրթական նման միջավայր մը զուտ քաղաքական նպատակներով դիմափոխելու: Համաշխարհային առումով Երուսաղէմը ո՛չ միայն համաքրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, այլ նաեւ միաստուածեան կրօններ դաւանող ժողովուրդներու...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը` Տարբեր Ոճով, Բայց Նոյն Խորքով

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը` Տարբեր Ոճով, Բայց Նոյն Խորքով

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Վերջին երկու տարիներու համաշխարհային եւ մանաւանդ լիբանանեան կենցաղն ու տիրող պայմանները  մարտահրաւէր կարդացին կայացած եւ հաստատուած սովորութիւններու` առաւելաբար հաւաքական մակարդակի վրայ, եւ բոլորս ստիպեց դիմելու նոր միջոցներու, որպէսզի կարելի ըլլայ կենդանի պահել արժէքները: Այս ծիրին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ունեցաւ իր առջեւ դրուած դժուարութիւնները դիմագրաւելու պարտաւորութիւն` մանաւանդ որ ան կը հանդիսանայ լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային ոլորտի գլխաւոր...

Մինչեւ Ե՞րբ

3 Մեռելոց

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 1978 Մեռելոց է: Հայրս եւ մայրս պատրաստուած են արդէն: Քալելով Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն պիտի երթանք: Առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընկերակցէի անոնց: Կիլիկիայէն մեր բնակարանէն քալելով անցանք Թրատէն, Սիսէն, Քաղաքապետարանի շէնքերէն եւ հասանք գերեզմանատուն: Մուտքին` խունկ, մոմ, ծաղիկ ծախողներու կրպակներ կային: Անդադար այդ երեք բառերը կը պոռային: Հրմշտկելով` հասանք մուտքին: Դրան առջեւ երկու երիտասարդներ աղօթք կը բաժնէին: Ներսը`...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կարիք Ունինք Խենթերու

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կարիք Ունինք Խենթերու

ՆԱՐՕՏ ՆՈՐԱՄԱՆԵԱՆ Մայիս 9-ն է, ճիշդ 6 ամիս առաջ ստացանք ցնցիչ լուր մը, որ ընդմիշտ փոխեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը: Այդ լուրը չէր նշանակեր պարտուած ենք, այլ` դաւաճանուած: Գիտէք, պարտութեան գաղափարին հետ աւելի դիւրին է ընտելանալ, անիկա կրնայ վերածնունդի, վերամիաւորման նոր թափ մը յառաջացնել ժողովուրդի մը մէջ: Սակայն դաւաճանութիւնը...  միայն մէկ բան կրնայ յագուրդ տալ անոր` վրէժխնդրութիւնը: Թիկունքէն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբի Ելոյթ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճաով երեք անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջերս Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը դասական եւ ժողովրդային երգացանկով ծաղկեցուց  բեմը եւ գեղարուեստական իւրայատուկ ոճ ու ճաշակ հրամցուց հալէպահայ հանդիսատեսին: Խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ  Ռուզան Պարսումեանի եւ  Լիզեթ Սէրայտարեան-Աւընեանի, «Զուարթնոց» երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի, Քարլ Օրֆի, Շարլ Ազնաւուրի, Մարթին Ահարոնեանի եւ այլ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ: Միացեալ...

«Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Հաստատում

Մարի Պապիկեանի Յիշատակին

ԱՐԱՔՍ ՓԱՇԱՅԵԱՆ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող, ԵՊՀ դոցենտ Վերջերս Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցում վերջին հրաժեշտը տուեցին սփիւռքահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ, դամասկահայութեան նուիրեալ, հայ լեզուի մշակ, հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի, մուսալեռցի Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանին: Մարի Ֆիլհաննէսեանը ծնուել է 1923 թ. մարտի 26-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղում, Յովհաննէս եւ Վարդուհի Ֆիլհաննէսեանների ընտանիքում: Պիթիասը շրջանի ամենազարգացած բնակավայրն էր, սերտ կապեր ունէր...

Հանգուցեալ Տիկ. Մարի Պապիկեանի Քաղցր Յիշատակին

Հանգուցեալ Տիկ. Մարի Պապիկեանի Քաղցր Յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Անոնք, որոնք առիթով մը տեսած կամ կարդացած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսաթերթ «Հասկ»-ի փետրուար-մարտ-ապրիլ 1963-ի բացառիկ թիւը` նուիրուած երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման, անպայման հանդիպած պիտի ըլլային Մարի Պապիկեանի ստորագրութիւնը կրող «Փոխան աջահամբոյրի» սրտառուչ յօդուածին (Դամասկոս, 19 փետրուար 1963): Իմ պարագայիս, ոչ միայն օրին սոյն գրութիւնը կարդացած եմ, այլեւ Դամասկոսի մէջ, համալսարանի երկրորդ տարիս, նախախնամութեան բարի տնօրինումով, շաբաթական...

Ցեղասպանագիտական գծով արժէքաւոր հաւաքածոյ-հրատարակութիւն.  «Յիշում Ենք Եւ Պահանջում» Հեղինակ՝ Հրանոյշ Հրանտի Յակոբեան Երեւան, 2020 (839 Էջ)

Ցեղասպանագիտական գծով արժէքաւոր հաւաքածոյ-հրատարակութիւն. «Յիշում Ենք Եւ Պահանջում» Հեղինակ՝ Հրանոյշ Հրանտի Յակոբեան Երեւան, 2020 (839 Էջ)

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Սփիւռքագիտութիւնը տակաւին լիուլի պեղուած չէ, որքան ալ ոմանք յաւակնութիւնը ունենան հակառակը յայտարարելու կամ պնդելու, որովհետեւ մեր խօսքը չի վերաբերիր անցողակի կամ հպանցիկ գրառութիւններու ու սերտողութիւններու, որոնք կրնան իրենց օգտակարութիւնը ունեցած ըլլալ, բայց, ոչ՝ ակնկալուած մակարդակով եւ արժանի պատմագիտականութեամբ։ Ո՛չ սփիւռքահայը, ո՛չ ալ հայաստանահայը տակաւին կրցան այս մարզին մէջ հասնիլ յիշարժան կամ հանրօգուտ իրագործումի, պարզապէս անոր համար, որ,...

«Գեղանկարչութիւնը Հաւատացեալի Մը Ապրումն Է` Մասնակցելու, Արարիչին Հետքերով, Ստեղծագործութեան», Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան

«Գեղանկարչութիւնը Հաւատացեալի Մը Ապրումն Է` Մասնակցելու, Արարիչին Հետքերով, Ստեղծագործութեան», Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան

Մուսալեռցիները արուեստի հանդէպ յատուկ սէր ունեցող ժողովուրդ են: Հին դարերուն նոյնիսկ անոնք ճանչցուած էին որպէս գեղեցիկ կառոյցներ շինողներ: Ալեքսանտրեթի շրջանին մէջ մուսալեռցիներու կողմէ կառուցուած մեծաթիւ կամուրջներ եւ գեղեցիկ երկյարկանի տուներ տակաւին կանգուն են մինչեւ այսօր: Մուսալեռցիներուն մէջ կան այնպիսի արուեստագէներ, որոնցմէ ոմանք համաշխարհային հռչակի տէր դարձան, նոյնիսկ ամէնէն դժուար արուեստի շրջանակներուն մէջ: Եւ այսպէս, մուսալեռցի-այնճարցիները ունեցան երեք սերունդի արուեստագէտներ, որոնք...

Ուսաւոր Վարդապետը  (Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի Յիշատակին)

Ուսաւոր Վարդապետը (Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի Յիշատակին)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մուսա Լեռ-Այնճար կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին վարդապետը խնդրեց, որ շրջինք նաեւ Այնճարի պարտէզներուն մէջ: Տեսնելով աջ ու ձախ խնամուած պտուղի պարտէզները` ուրախացաւ եւ հպարտացաւ: Նաեւ ըրաւ սրտցաւ խոստովանութիւն մը` յայտնելով. «Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ամրան արձակուրդները անցընեմ իմ հարազատ գիւղիս եւ ժողովուրդիս մէջ»: Մեկնելէ առաջ հրաշալի գեղանկար մը նուիրեց Այնճարի «Ս. Զէյթլեան»  կեդրոնին: Մեկնեցաւ դարձեալ վերադառնալու...

Հայր Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեան

Հայր Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Չդիմացա՛ւ: Սի՛րտը չդիմացաւ: Հոկտեմբերէն ի վեր ամէն օր Դիմատետրի էջերուն կը դնէր իր  հարցերու շառաչն ու արցունքի խունկը: Վախճանումէն հինգ օր առաջ կր գրէր ինծի. «Բան մը այն չէ: Ես ոչնչացած կը զգամ ինքզինքս:  Անոնք, որոնք մեզ այս ահաւոր ճգնաժամին վերածեցին, այնքան անգամ պէտք են սպաննուիլ, որքան նահատակներ ունեցանք: «Ազգին ամէն ցաւի պահերուն կը մխիթարուէի` ըսելով, որ մենք...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Բիւրականի Մէջ` Գէորգ Հաճեանի Եւ ՀՄԸՄ-ական Նահատակներու Անունով Ծառատունկ Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի (Հայաստանի ազգային սկաուտական միութիւն) ծառատունկ կատարուեցաւ միութեան Բիւրականի բանակավայրին մէջ: Արցախեան վերջին գոյամարտին նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակը պանծացնելու համար կատարուած արարողութեան ներկայ եղան նաեւ նահատակներու հարազատները եւ գաղափարի ընկերները: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի նահատակներու շարքին է Այնճարի ծնունդ, ազգասէր հայորդի ճանչուած երգիչ նահատակ Գէորգ Հաճեան: Այս առթիւ հերոս...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Մելիք Շահնազարի Միացում Փանահ Ալի Խանի Եւ Շուշիի Բերդին Կառուցումը Շուշիի բերդ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մելիքները, իրենց անառիկ լեռներուն վրայ, դաշնակցային կապերով միացած, անխորտակելի ուժ էին: Վարանդայի մելիք Յովսէփ Մելիք Շահնազարեանի եղբայր Շահնազար, Աւետարանոցի մէջ կոտորելով իր եղբօր ընտանիքը, բռնութեամբ խլեց իշխանութիւնը: Աւետարանոցի եղեռնագործութիւնը դուռ բացաւ կործանարար գժտութիւններու եւ քայքայեց մելիքութիւններու դաշնակցային կապերը. բան մը, որ ճակատագրական եղաւ արցախահայութեան համար:...

Առնօ Բաբաջանեան` Հայ Երաժշտութեան  Համաշխարհային  Դեսպանը

Առնօ Բաբաջանեան` Հայ Երաժշտութեան Համաշխարհային Դեսպանը

ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ «Օտարը չի յարգի եւ սիրի մի ժողովրդի, որը ինքնուրոյն պատկեր եւ բովանդակութիւն չունի»:  Յովհաննէս Թումանեան Ամենայն Հայոց բանաստեղծի` հազարամեակների իմաստութիւն արտայայտող  այս պատգամով առաջնորդուեցին 20-րդ դարի հայ մշակոյթի բոլոր ասպարէզների մեծերը` գրականութիւնից մինչեւ կերպարուեստ ու երաժշտութիւն: Նրանք մեր մշակութային ժառանգութիւնն իրենց հոգում կրելով` մեզ տարան դէպի 21-րդ դար: Առնօ Բաբաջանեան` մէկը հայ դասական  երաժշտութեան այն գագաթներից, որի անուան...

Ակնարկ.  Քաղաքական Եզրաբանութեան  Ուղենիշները

Ակնարկ. Քաղաքական Եզրաբանութեան Ուղենիշները

Պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ օգտագործուող քաղաքական բառապաշարը, յատկապէս եզրաբանութիւնը ուղենշային իմաստ ունի ամբողջ վարքագիծ մը կամ քաղաքական գործընթացներու ընկալումը փոխանցելու առումով: Աւելի՛ն, անիկա իր մէջ կ՛ամփոփէ ռազմավարական հայեցակարգ` առաջադրանքներու իրականացման ուղղութեամբ: Այսպէս. արցախեան հակամարտութեան բնութագրումը կատարելու համար երբ կը շեշտուի Արցախ-ազրպէյճանական հորիզոնական ձեւակերպումը այնտեղ կայ ո՛չ միայն հակամարտութեան էութիւնը շեշտող ըսելաձեւ, այլ նաեւ բանակցային ռազմավարական հիմնական ելակէտ Արցախը իբրեւ անկախ միաւոր...

Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Տրցակ Մը Լուսանկարներու Հետ

Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Տրցակ Մը Լուսանկարներու Հետ

Ա. Ա. Զարուհի, Լիա, Արաքսիա, Յովհաննէս: Ուրֆացի Պօղոս եւ Մարիամ Հացագործեաններու չորս զաւակները: Անցեալ դարու ողբերգական պատմութիւններէն մին ունեցող ընտանիքի մը ոդիսականն է, որ պիտի ջանամ ուրուագծել` առանց ոլորապտոյտներու մէջ մտնելու: Բայց ամբողջ պատմութիւնը կրնայ ձեզ քիչ մը յոգնեցնել: Այս ընտանիքին անդամներուն իւրաքանչիւրին ճակատագիրը կրնայ շատ աղօտ գաղափար մը տալ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը ահաւոր ցաւին եւ տառապանքին մասին: Հաւաքական...

Page 427 of 1112 1 … 426 427 428 … 1,112

Արխիւներ