Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«130-Ամեայ Կաղնին Չի Կրնար Ընկրկիլ, Տկար Ճիւղերը Կը Չորնան, Կաղնին Կը Մնայ Հզօր». Յակոբ Բագրատունի

Մայիս 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնն է Դաշնակցութեան, տօնն է ազատ ու անկախ մտածող իւրաքանչիւր հայորդիի:

Տօնն է կուսակցութեան, որ ծնաւ, ամբողջ 130 տարի գործեց յանուն հայութեան եւ ի խնդիր անոր բարօրութեան:

Դժբախտաբար կը խօսինք հեռուէ հեռու, բայց մենք պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդին հաշիւ տալ ո՛ւր ալ գտնուինք:

Դժուար եւ տագնապահար օրեր անցուցինք բոլորս աշխարհով մէկ:

Յաւելեալ դժուարութեան մէջ եղանք եւ ենք տակաւին մենք` Լիբանանի մէջ: Բայց եւ այնպէս բազմաբնոյթ եւ բազմաշերտ աշխատանքներու մէջ ենք բոլորս անխտիր` ի խնդիր մեր ժողովուրդին, անոր բարօրութեան` Լիբանանի մէջ եւ ի շահ ու պարծանս Հայաստանի եւ Արցախի:

Հակառակ քաղաքական եւ այլ ցնցումներու, Լիբանանի մէջ տիրական ներկայութիւն կրցանք ըլլալ անցնող երկու տարիներուն` քաղաքական կեանքի, պետական շրջանակներու թէ դիւանագիտական ոլորտներու մէջ:

Հաւաքական ճիգով, երեսփոխաններով, նախարարով, կուսակցական պատասխանատուներով հետամուտ եղանք Լիբանանի հայութեան, ամբողջ համայնքի շահերու պաշտպանութեան` Լիբանանի ամբողջ տարածքին:

Անցնող 2 տարին ծանր էր մեր բոլորին համար. արդարեւ, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային սուր տագնապներուն վրայ եկաւ աւելնալու դրամատնային տագնապը, ապա Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ քաղաքական անել կացութիւնը: Ու դեռ` 13 ամիսէ ի վեր «Քորոնա» ժահրի հարուածները:

Գիտակից մեր գոյութեան պատճառին, ժողովուրդին հետ ըլլալու հրամայականի եւ ծառայական առաքելութեան, բնական էր, որ լծուէինք օրուան համապատասխանող աշխատանքներուն:

Ո՛չ ժամանակը, ո՛չ առիթը կը ներեն  մանրամասն տեղեկութիւն տալու, բայց անվերապահօրէն կ՛ըսենք, որ հասանք ամէնուն, ամէն տեղ` հիւանդին թէ կարօտեալին, ժահրով վարակուողին թէ պայթումէն նահատակուած կամ վնասուած հայուն, ուտեստեղէնի կարիքը ունեցողին կամ ելեկտրական սակը վճարելու անկարողին, դպրոցական կրթաթոշակ տալու անկարելիութեան առջեւ գտնուողին թէ շնչառական գործիք ուզողին, փորձեցինք լուծել  դատական եւ պետական թուղթերու թէ հիւանդանոց մուտքի վճարումին, դեղորայքի, կենցաղային կարիքներու թէ բնակարանային հարցեր, գործեցինք առողջապահական կացութեան բարելաւման, սուրիահայ տեղանուածներու հարցերու լուծման եւ դեռ, մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը ու անտեսանելի բազում հարցերու համար:

Այս բոլորը կատարուեցաւ ու կը կատարուի շնորհիւ մեր տղոց զոհաբերութեան անհատական ոգիին եւ անձնուիրութեան, անցեալէն եկած դաշնակցական աւանդին ու հոգիին եւ միաժամանակ մեզ շրջապատող կառոյցներուն, միութիւններուն, անհատներուն եւ բարերարներուն, որոնք գլխագիր գործին կրակը անմար կը պահեն եւ լայն ու անվերապահ աջակցութեամբ կը զօրակցին մեր հաւաքական կամքին կռանման:

Տագնապալի այս օրերուն, սրտի խոր գոհունակութեամբ եւ դաշնակցական մարդու պատասխանատուութեամբ անպայման, տեւաբար պիտի յիշենք, որ առանձին չենք: Տագնապի ամբողջ տեւողութեան մեզի հետ է ամբողջ Սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը: Տասնամեակներ ամբողջ Լիբանանի հայութեան եւ Լիբանանի դաշնակցական կառոյցին գոյութեան իմաստն ու ուժը գնահատող աշխարհատարած մեր կազմակերպական միաւորները չսպասեցին նոյնիսկ մեր կոչին: Հասան արագօրէն, հասան աւելիով: Իրենց զօրակցութիւնը մեզի համար ճակատագրական էր ու է տակաւին, նաեւ` պարտաւորեցնող:

Արդարեւ, իւրաքանչիւրս զօրաւոր ենք երբ բոլորս իրարու հետ ենք:

Եւ այդպէս եղաւ ու այդպէս է անտարակոյս:

Լիբանանի հայութիւնը գործեց ու կը գործէ ի խնդիր համայն հայութեան, Հայաստանի ու Արցախին:

Ցարդ կատարուածը պարտաւոր ենք բազմապատկել:

ՀՅԴ-ի այս օրուան առիթով Լիբանանէն մեր կոչն է բոլորին, մեր ընկերներուն, համակիրներուն, բարեկամներուն, բոլոր անկեղծ հայրենասէր  զանգուածներուն, պարտութիւն ու անձնատուութիւն մերժող հայորդիներուն, երիտասարդներուն, որ պայքարով պարտինք շարունակել հաւաքաբար, մէկ մարդու նման, մէկ ու միասնական բռունցքով:

Հաւաքական կամքով, միասնական բռունցքով մենք պարտինք ամուր պահել Հայաստանն ու Արցախը: Նոյն կամքով մենք հաւաքաբար պատասխանատու ենք հայրենիքը ազատագրելու հազարաւոր երիտասարդ նահատակներու դեռ չչորցած արիւնը անարգող ներքին թշնամիներէն, հողատու վարչակարգէն, Արցախն ու Հայաստանը պարտութեան առաջնորդող ապաշնորհ գործիքակազմէն:

130-ամեայ կաղնին չի կրնար ընկրկիլ: Տկար ճիւղերը կը չորնան, կ՛իյնան բայց կաղնին կը մնայ հզօր:

Բոլորիս տօնը շնորհաւոր:

Նախորդը

«ՀՅԴ-ն Մղիչ Ուժն Է Այսօր, Որ Կը Շարունակէ Դաստիարակել». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի 130-Ամեակի Առցանց Նշում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?