Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանին Մեծ Սխալը

Մայիս 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածաշրջանը կը գտնուի յարաբերութիւններու կարգաւորման փուլի մը մէջ: Ընթացքի մէջ են Իրան-Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան-Սէուտական Արաբիա բանակցութիւններ: Թուրքիան եւս կը փորձէ բնականոնացնել Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները:

Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ուրբաթ, 7 մայիսին Երուսաղէմի մէջ ընթացք առին իսրայէլեան ապահովական մարմիններու եւ պաղեստինցի ցուցարարներու միջեւ բախումներ: Աքսայի մզկիթի շրջափակին մէջ եւ Արեւելեան Երուսաղէմի Շէյխ Ժարրահ թաղամասերուն մէջ բախումներուն պատճառով հարիւրաւոր պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան: Արաբական եւ իսլամական երկիրները դատապարտեցին իսրայէլեան յարձակումը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան,  իր կարգին, նշեալ դէպքերու հարցով յայտարարութիւն մը կատարելով, աշխարհի` առաջին հերթին իսլամական պետութիւններուն կոչ ուղղեց` «գործի լծուելու Երուսաղէմ քաղաքի մէջ սրբազան վայրերու եւ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի յարձակումները դադրեցնելու համար» եւ «իւրաքանչիւր տարի Ռամատան ամսուան ընթացքին Աքսայի մզկիթին դէմ Իսրայէլի լկտի յարձակումները» դատապարտելով` նշեց. «Երուսաղէմը կը վերաբերի Պոլսոյ, Տիարպեքիրի, Պաղտատի, Գահիրէի, Իսլամապատի, Ճաքարթայի, Քուալալամփուրի, Պաքուի եւ Սարայեւոյի մէջ ապրող իւրաքանչիւր անհատի»: Ան նշեց, որ Թուրքիան որդեգրած է հարկ եղած քայլերը` ՄԱԿ¬ը, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնն ու բոլոր միջազգային կազմակերպութիւնները Երուսաղէմի մէջ կատարուողի հարցով գործի լծուելու մղելու համար:

Անոր այդ յայտարարութիւնը բնականաբար ականահարեց Միացեալ Նահանգներու` Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի խիստ կեցուածք որդեգրած նոր վարչակազմին մօտ բարեխօս մը եւ միջնորդ մը ապահովելու նպատակով Իսրայէլի մերձենալու համար Թուրքիոյ դիւանագիտութեան կողմէ թափուող ջանքերը: Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը դարձաւ Էրտողանի յայտարարութեան առաջին ու անմիջական զոհը, սակայն` ոչ միակը:

Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւնը թերեւս կրնայ արաբական հանրութեան մէջ շատերու ականջին հաճելի ըլլալ, սակայն` ոչ անոր ախորժակներուն ծանօթներուն, մանաւանդ` ոչ արաբական երկիրներու իշխանութիւններուն: Էրտողանի հակաիսրայէլեան եւ պաղեստինցիներուն զօրակցող յայտարարութիւնները պիտի չնպաստեն արաբական երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որովհետեւ ան անգամ մը եւս ցուցաբերեց իր իսկական երեսը, մեծամտութիւնն ու փառամոլութիւնը, եւ իր յայտարարութեան մէջ հանդէս եկաւ իսլամական աշխարհի ղեկավարի դերով, ինչ որ անգամ մը եւս ընդգծեց անոր սուլթանական փառամոլութիւնը եւ առաւել հաստատեց արաբական երկիրներու, մասնաւորաբար իսլամական սրբավայրեր` Մեքքայի եւ Մետինայի հոգատարը ըլլալուն համար ինքզինք իսլամական աշխարհը ղեկավարելու իրաւասու նկատող Սէուտական Արաբիոյ մտավախութիւնները:

Էրտողան իր յայտարարութիւններով չքացուց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորին հետ իր վերջերս ունեցած երկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն դրական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ իմաստազրկեց ու կանխաւ տապալեց իր կատարած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի 11 մայիսին նախատեսուած Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը, որ 2018-ին սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի` Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սպանութենէն ետք առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնն էր, իսկ Չաւուշօղլուի համար` չորս տարիէ ի վեր առաջինը:

Էրտողան չդիմացաւ փորձութեան եւ պաղեստինցիներուն, Երուսաղէմին ու Աքսային աւագ պաշտպանի փետուրով զարդարուիլ շտապելով` մեծ սխալ մը գործեց. քարոզչական փոքր յաղթանակի մը սիրոյն իր անձին ու իր երկրին քաղաքական մեծ վնաս պատճառեց:

 

 

Նախորդը

«Վարագաթաղի Արծիւներուն» Երգը` Նուիրուած Արցախեան Վերջին Պատերազմին Պռօշեանի Նահատակներուն

Յաջորդը

Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Տրցակ Մը Լուսանկարներու Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?