Յօդուածներ

Արհեստական Բանականութեամբ Մահացու Զէնքը

Արհեստական Բանականութեամբ Մահացու Զէնքը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վերջին պատերազմներու մէջ յաճախակի օգտագործուած անօդաչու սարքերու սերունդ մը սկսած է ինքնուրոյն գործել` աւելի վտանգաւոր դառնալով: «Ուիք» կայքը այս մասին վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, ուր նոյնպէս կը նշուի ապագայ պատերազմի մասին: Ն. Անօդաչու Սարքերով Պատերազմի Ապագան Անօդաչու սարքերը կը փոխեն պատերազմի դաշտը եւ կը սկսին  ինքնուրոյն «մտածել»: Անօդաչու սարքեր օգտագործուած են տասնամեակներ շարունակ: Հեռուէն կառավարուող Պի-24-երը Համաշխարհային Բ....

Պաղեստինա-Իսրայէլեան Թնճուկը Կրկին Մերձաւորարեւելեան Եւ Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերում

Պաղեստինա-Իսրայէլեան Թնճուկը Կրկին Մերձաւորարեւելեան Եւ Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերում

ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Մերձաւոր Արեւելքի «քրոնիկ» հակամարտութիւնը` պաղեստինա-իսրայէլական հիմնախնդիրը, ռազմական լարուածութեան հերթական շրջափուլն արձանագրեց ս.թ. մայիս ամսուայ ընթացքում: Ապրիլի կէսերից Իսրայէլի տարածքում, յատկապէս Արեւելեան Երուսաղէմում, տարբեր պատճառներով արձանագրուած պաղեստինա-իսրայէլական բախումներն մագլցումի աւելի լայն ծաւալներ ընդգրկեցին` մայիսի 6-ից սկսած` միաժամանակ առաւել խարխլելով Իսրայէլ պետութեան ներքին կայունութիւնը, իսկ մայիսի 10-21-ին վերաճելով վերջին 15 տարուայ կտրուածքով Իսրայէլ-Կազայի հատուածում ամենամասշտաբային օդային դիմակայութեան: Պատմական ակնարկ Պաղեստինա-իսրայէլեան...

Ակնարկ.  Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

Ակնարկ. Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՛անդամալուծեն երթեւեկը: Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ` քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը: Բողոքի այս...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

«Կովկասի Մէջ Միացեալ Նահանգներուն Համար Գետնի Ականներ կը Վխտան – Ազրպէյճանը Հարուստ Է Դիւանագիտական Կարելիութիւններով, Հայաստանը Կը Կնճռոտէ Խնդիրը» (1)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը Ուոլթըր Ռասըլ Միիտի (2) Պաքուէն ղրկած 21 յունիս 2021-ի «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի «Համաշխարհային դիտակէտ» սիւնակին, որ կը վերլուծէ արտաքին քաղաքականութեան ընթացիկ զարգացումները` կիզակէտ ունենալով ամերիկեան ռազմավարութիւնը եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը: Սիւնակը կայքէջին մէջ լոյս կը տեսնէ ամէն երկուշաբթի երեկոյ եւ թերթին մէջ կը տպուի երեքշաբթի: Ստորեւ` թարգմանութիւնը: 1.- Յօդուածին նկարը` Պաքու: «Ազրպէյճան շաբաթ օր 15 հայ ռազմագերիներ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Հայրապետական Մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձին Առիթով  Թեհրան 27 յունիսին, յընթացս Ս. պատարագին, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք` ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով: Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեան նախագահեց եւ այս առիթով իր պատգամը փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տօնացոյցի Խախտում

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Ընդհանրապէս ժողովուրդներու պատմութեան, պետութեան, ազգային, կրօնական եւ միջազգային տօները ազգի մը գոյատեւման եւ ամրապնդման, սերունդներու դաստիարակութեան եւ բարգաւաճման վրայ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան, մանաւանդ երբ այդ ազգը հին եւ նոր պատմութիւն կերտած է եւ ունի պղտոր ապագայ կամ քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական անկայուն իրավիճակ: Փաստօրէն, 27 սեպտեմբերէն ետք ազգովին մեր ալ տօնացոյցի օրերը խախտեցան: Սեպտեմբեր 27 եւ նոյեմբեր 9 աւելցաւ:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ընտրութիւններ Եւ Հորիզոններ – Բ. – Ո՞վ Պիտի Լուսաւորէ Հորիզոնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Դէպի ապագայ, դէպի յուսատու հորիզոններ սեւեռելէ առաջ կ՛արժէ, որ պահ մը կանգ առնենք այն իրականութիւններուն առջեւ, որոնք կը կազմեն 20 յունիսէն ետք կազմաւորուող պատկերը, եւ այդ մեկնակէտով հարց տանք, թէ ո՞վ պիտի լուսաւորէ, ո՞վ կրնայ լուսաւորել մեր մթագնած հորիզոնները: Ներքին Տուեալներ Ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած ըլլալը յայտարարող Նիկոլ Փաշինեան (զինք պէտք է կոչել հրաժարեա՞լ վարչապետ, պաշտօնակատա՞ր, թէ՞ վերադառնալու...

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Վերածուած Է Գոմի

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Վերածուած Է Գոմի

Վանի Սուրբ Թովմաս հայկական վանական համալիրը կիսաւեր, լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է: Գանձախոյզներու եւ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով մեծապէս վնասուած համալիրը այսօր կարիքը ունի վերականգնման ու խնամքի: Վանքը ամրան ընթացքին կը վերածուի անասուններու ժամանակաւոր գոմի: Թովմաս առաքեալի մասունքները ամփոփելու նպատակով 11-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին կը գտնուի Վանայ լիճին մօտ, 2000 մեթր բարձրութեամբ բլուրի մը գագաթին: Վանի Ոստան շրջանին մէջ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը Արտերկրէն» Գիրքին Շնորհահանդէսը Յունիս 22-ին Երեւանի պետական համալսրանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, ճանչցուած մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի` «Երկիրը արտերկրէն» խորագրով նոր գիրքին` յօդուածներու ժողովածուին շնորհահանդէսը: Այս գիրքը շատերուն համար ուղենիշ մըն է: Բրուտեանի յօդուածներու առանցքը եղած է հայրենիքը, կիզակէտը` Հայաստանը: Բոլոր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.   Փանահ Ալի Խանի Հաշտութիւնը Մելիքներուն Հետ Եւ Սպանութիւնը Շիրազի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փանահ Ալի Խանի Հաշտութիւնը Մելիքներուն Հետ Եւ Սպանութիւնը Շիրազի Մէջ

Սիմէոն Ա. Երեւանցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իպրահիմ Խալիլ` Ղարաբաղի Խան Գանձակի Շահվերտի խան բարեկամական մօտիկ կապեր ունէր Ջրաբերդի մելիք Հաթամի եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի հետ: Շահվերտի խան Ղաջար ցեղի Զիատօղլու ընտանիքէն էր: Հայրը` Ուղուրլու խան երբ մահացաւ, եղբայրը` Մամատ խան ուզեց սպաննել զայն եւ տիրանալ խանական իշխանութեան: Շահվերտի խան փախաւ Ջրաբերդ եւ մելիք Հաթամի մօտ ասպնջականութիւն գտաւ: Յետոյ...

«Երկիրը Արտերկրէն»

«Երկիրը Արտերկրէն»

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ «2002-ի աշնան, առաջին անգամ ըլլալով, առիթը ունեցայ Հայաստան այցելելու քանի մը շաբաթով: Իբրեւ սփիւռք ծնած-մեծցած դաշնակցական մամուլի գործիչ` ես այսպէս նկարագրած եմ այցելութիւնս ու տպաւորութիւններս, օրին, այցելութենէս քանի մը շաբաթ վերջ: Մէկը, որուն մանկութեան թէ գիտակցական կեանքին առանցքը եղած է (ու կը մնայ) Հայաստանը. ա՛յն Հայաստանը, զոր տեսած էի միայն դասագիրքերուս, լուսանկարներու, «Նահապետ»-ին ու նման ժապաւէններու կամ վաւերագրական...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ  Ա՞յս Կացութեան Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ Ա՞յս Կացութեան Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջին ժամկէտը մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ քանի մը տուեալներով: Բողոքը մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք ան կազմակերպուած է ժողովրդային ինքնաբուխ պոռթկումով, թէ՞ քաղաքական որոշ ուժերու մասնակցութեամբ: Փաստերը ցոյց կու տան, որ ժողովրդային բողոք է տեղի ունեցածը: Բողոքին օրն ու ժամը մտածել կու տան նաեւ, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը ուշացած, ճիշդ այս օրերուն կը դիմէ բողոքի, մինչդեռ պատերազմէն...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիրի մը նախաձեռնած է: Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին (Էլ.Էյ.Եու.) հետ գործակցաբար, հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու վերաբերող վերաորակաւորման ծրագիրին: 2019-ին հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր` կիզակէտ ունենալով դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը: Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներուն վերաբերող յատուկ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ընտրութիւններ Եւ Հորիզոններ – Ա.- Ինչպէ՞ս Հոս Հասանք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի մէջ 20 յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, յստակացումէ աւելի, նոր հարցականներ ծագեցան հազար ու մէկ պատճառով, որոնք նիւթ դարձան (եւ նիւթ կը մնան) տասը հազար եւ մէկ մեկնաբանութիւններու: Գլխաւոր հարցումները եւ անոնց պատասխաններ գտնելու փորձերը, ըստ «աւանդութեան», հակադիր տեղեկութիւններով եւ տեսութիւններով ողողած են դաշտերը. եթէ իշխանութիւնը կը պնդէ, որ ընտրութիւնները վճռած են ամէն բան, ինք անառարկելի յաղթանակ...

Ընտանիք Մը Տուն Կ՛ուզէ

Ընտանիք Մը Տուն Կ՛ուզէ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Տուն... Եւ «տուն» ըսելով` նկատի չունիմ քարեղէն այն քանի մը սենեակէ բաղկացած կառոյցը, որուն ամէն մէկ սենեակը մարդուս առօրեայ պահանջները յագեցնելու դեր կը կատարէ: Մարդը կար նաեւ այդ տունէն առաջ, եւ ինք տուաւ այդ տունին իմաստ, ինք կազմեց տունին ամբողջական այն պատկերը, որ այսօր ձեր միտքը կու գայ, երբ կը կարդաք «տուն» բառը: Մարդը չունէր այսօրուան տունը, բայց...

Թուրք-Ազերիին Առհաւական (Atavique) (Չ)Բարոյական Աւազակի Անցագիրը

Թուրք-Ազերիին Առհաւական (Atavique) (Չ)Բարոյական Աւազակի Անցագիրը

Մ. Յ. Քաղաքական մեծ տեսութիւններէն, բանակցութիւններէն, միջազգային յարաբերութիւններու ներկայացումէն պահ մը պէտք է հեռանալ եւ տեսնել մարդոց ու ժողովուրդներու առհաւական նկարագիրը, հասկնալու համար անոնց վերաբերումը բարոյականի, իրաւունքի, ճշմարտութեան եւ... քաղաքականութեան հանդէպ: Այսօր, երբ Հայաստան կը քուէարկէ եւ կը ներկայացնէ պատկերազարդ անհասկնալի եւ անընդունելի տեսարաններ, համացանցի վրայ հանդիպեցայ «Ժողովուրդ» թերթի18 յունիսի հրապարակած շատերու կողմէ մանրուք համարուելիք զաւեշտա-ողբերգական տեղեկութեան մը: Ազրպէյճանցինները Հայաստանի...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Յաղթանակը Յետաձգուած Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ընտրութիւնը կայացած է: Շատոնց նախատեսուած էր, որ կանխահաս արտակարգ ընտրութիւնը կ՛առաջնորդէ սխալ ու վնասակար արդիւնքներու: Ըսուած էր, որ ժամանակաւոր ու չէզոք կառավարութիւն մը պէտք է հանդարտեցնէ մթնոլորտը, մարէ կիրքերը ու խաղաղած, բանականութեամբ առաջնորդուող հանրութիւնը հրաւիրէ ընտրութիւն կատարելու: Այս պահանջը թարգմանուեցաւ իբրեւ աթոռակռիւ: Արտակարգ կանխահաս ընտրութիւն կատարելու համար սահմանադրական բեմագրութիւնը գործադրուեցաւ, ու օրէնքով ճշդուած կարճատեւ ընտրապայքարէ մը ետք, ժողովուրդը...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

Թուրք Պատմաբան Ճանտան Պատեմի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Լեհաստանի Մէջ

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Հայոց ցեղասպանութեան հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի համաքաղաքացի` արտահանցի թուրք պատմաբան Ճանտան Պատեմը զրուցակից հիւրն էր «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հանրային հերթական առցանց զրոյցներու շարքի (քանի)-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 26 ապրիլ 2021-ին, Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ: Լեհահայ եւ ընդհանրապէս հայկական նիւթերու նուիրուած առցանց «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հարցազրոյցները, որոնք գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կը ներկայացուին,...

«Խաչեալ Մանուկը»

«Խաչեալ Մանուկը»

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Դպրեվանքի ուսանողութեան տարիներէս մինչեւ այսօր յատուկ երկիւղով եւ ներգրաւումով դիտած եմ ու կը դիտեմ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի, նոյնանուն մատրան խորանի սրբապատկերը` Ս. Աստուածամօր եւ Յիսուս մանուկի գեղանկարչութիւնը: Իւրայատուկ լրջութիւն եւ քաշողականութիւն մը ունի, որ միշտ զիս ներշնչած է եւ տարբեր ոգի մը դրած է ներսիդիս: Կրնամ պատկերացնել, թէ քանի՜ սերունդներ` եկեղեցական եւ աշխարհական, այս սուրբ մատրան...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մեր Տեղքայլը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեր Տեղքայլը

«Ընտրութիւնները կը պատկանին ժողովուրդին»: Ապրահամ Լինքըլն (1809-1865, Միացեալ Նահանգների 16-րդ նախագահ) Արտահերթ ընտրութիւններուն ստեղծուած կացութիւնը իբրեւ տեղքայլ բնութագրելը վստահաբար մեղմ է եւ արդարօրէն չի ներկայացներ իսկական պատկերը: Մինչեւ իսկ տեղքայլի մէջ չենք: Պարզ խօսքով, փլուզո՛ւմն է, որ տարբեր պայմաններու տակ կը շարունակուի, եղելոյթ մը, որ ծայր առած էր Հայաստանի... վերանկախացման առաջին օրէն իսկ: Փլուզում կամ քանդում, որ սկսաւ երեսուն տարի...

Page 416 of 1112 1 … 415 416 417 … 1,112

Արխիւներ