Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ Ա՞յս Կացութեան Մէջ

June 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջին ժամկէտը մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ քանի մը տուեալներով:

Բողոքը մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք ան կազմակերպուած է ժողովրդային ինքնաբուխ պոռթկումով, թէ՞ քաղաքական որոշ ուժերու մասնակցութեամբ: Փաստերը ցոյց կու տան, որ ժողովրդային բողոք է տեղի ունեցածը:

Բողոքին օրն ու ժամը մտածել կու տան նաեւ, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը ուշացած, ճիշդ այս օրերուն կը դիմէ բողոքի, մինչդեռ պատերազմէն դուրս գալէն ու ահաւոր կորուստներ կրելէն ետք չնախաձեռնեց բողոքի նման շարժումներու` պատասխանատուութեան հրաւիրելով երկրի նախագահը պատերազմի պարտութեան, գերիներու եւ տեղահանուածներու հարցերուն եւ արցախեան տարածքներ կորսնցնելուն առումով իր դերակատարութիւնը մատնանշելով:

Իսկ եթէ պարզապէս Հայաստանի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն գծով Արցախի հողատարածքներու յանձնումին պատասխանատուութիւնը կրող իշխանութեան վերընտրումը շնորհաւորելու բողոք է սա, մի՞թէ պարզ ու յստակ չէր Արցախի եւ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն քաղաքական նոյն առանցքին պատկանիլը: Ի՞նչ փոխուած է յետպատերազմեան սկզբնական օրերու կացութենէն…

Եթէ բողոքի այս ընթացքը շարունակուի ու նախագահը հրաժարի, Արցախի Հանրապետութեան ներկայ տարածքին մէջ որքանո՞վ ապահովուած պիտի ըլլան նախագահական նոր ընտրութիւններու կազմակերպման իրաւական հիմքերն  ու պայմանները` յատկապէս նկատի ունենալով Արցախի կարգավիճակին ցարդ անլոյծ մնալն ու բռնագրաւող ուժերու ներկայութիւնը: Ցաւօք, Արցախի վերջին պատերազմէն ետք հիմնովին անտեսուեցաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, հետեւաբար Արցախի ու Հայաստանի պետութիւններն ու սփիւռքեան կառոյցները, յատկապէս Հայ դատի գրասենեակները ճամբայ ունին հարթելու այդ իրաւունքի պահպանումին ու Արցախի կարգավիճակի յստակեցումին համար` որպէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիմամբ ժողովրդային հանրաքուէով անկախութիւն հռչակած հանրապետութիւն:

Պահ մը ենթադրենք, որ Արցախի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնէ հրաժարելու, ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի նոր նախագահի ընտրութեան օրինականութիւնը, երբ բնակչութեան նկատառելի մէկ տոկոսը տեղահանուած է  ու գաղթած:

Ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէ նախագահի հրաժարման հարցի արծարծումը այս օրերուն` անկախ նախագահին վայելած ժողովրդականութենէն ու արցախեան պատերազմի պարտութեան մէջ իր ունեցած կամ չունեցած դերակատարութենէն:

Արդեօ՞ք նման քայլ պիտի չառաջնորդէ Արցախի Հանրապետութեան պետական համակարգի տապալման: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» կոչերով հանդէս եկողները արդեօ՞ք այս օրերուն կը նախապատրաստէին հանրային կարծիքը` Արցախէն պահելու քանի մը շրջան, զայն միացնելու Հայաստանին ու վերջ տալու արցախեան հարցին ընդհանրապէս:

Արցախի նախագահ չունենալը ո՞ր կողմերուն ձեռնտու է այս օրերուն… երբ թշնամին ոչ միայն բռնագրաւած է Արցախի մեծ մասը, այլեւ իր մշակոյթը տարածելով` արցախեան քաղաքներու դիմագիծը փոխելու հեւքի մէջ է:

 

Նախորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

Յաջորդը

«Երկիրը Արտերկրէն»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.