Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

June 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիրի մը նախաձեռնած է: Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին (Էլ.Էյ.Եու.) հետ գործակցաբար, հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու վերաբերող վերաորակաւորման ծրագիրին:

2019-ին հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր` կիզակէտ ունենալով դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը: Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներուն վերաբերող յատուկ ծրագիրի մը անհրաժեշտութիւնը, քաջալերելու համար նորարար մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական մտածողութիւնը:

Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ եւ պիտի ընդգրկէ երկու տարուան վրայ երկարող դասընթացք մը` տեսական եւ գործնական բաղադրիչներով: Դասաւանդուելիք նիւթերէն կարելի է նշել հետեւեալները` դասաւանդման եղանակներ, մանկավարժական տեսաբանութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, յատուկ կրթութիւն եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատում: Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որ պիտի քաջալերէ ուսուցիչները, որպէսզի իրենց նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններուն մէջ:

«Ուսուցիչներուն կատարած հերոսական աշխատանքը չի բաւեր գովաբանել», կ՛ըսէ Ռազմիկ Փանոսեան` Հայկական բաժանմունքի տնօրէնը: «Պէտք է իրենց հայթայթել անհրաժեշտ հմտութիւն եւ մանկավարժական գիտելիքներ, որպէսզի իրենց կարգին ներգրաւեն աշակերտները` քայլ պահելով 21-րդ դարու մանկավարժական պարտադրանքներուն հետ»: Ան կ՛աւելցնէ. «Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի ծրագիրը վճռական քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ: Յառաջիկայ սերունդներուն հայերէն դասաւանդելու իրենց կարողութիւնը զարգացնելով, ուսուցիչները պիտի քաջալերեն աշակերտները, որպէսզի արեւմտահայերէնով մտածեն, հաղորդակցին, յայտնաբերեն իրենց տաղանդը ու ստեղծագործեն»:

Վերաորակաւորման ծրագիրը պիտի սկսի 2021-ի աշնան: Պիտի ըլլայ անվճար, բայց նախատեսուած մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է: Հետաքրքրուող ուսուցիչները պէտք է դիմեն ուղղակի Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին: Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը:

Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին: Հիմնարկութիւնը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային գործիքներ` ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու յատկացումներ:

Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը https://gulbenkian.pt/armenian-communities եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին:

Նախորդը

Ընտրութիւններ Եւ Հորիզոններ – Ա.- Ինչպէ՞ս Հոս Հասանք

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ Ա՞յս Կացութեան Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.