Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 30, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը Արտերկրէն» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յունիս 22-ին Երեւանի պետական համալսրանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, ճանչցուած մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի` «Երկիրը արտերկրէն» խորագրով նոր գիրքին` յօդուածներու ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Այս գիրքը շատերուն համար ուղենիշ մըն է: Բրուտեանի յօդուածներու առանցքը եղած է հայրենիքը, կիզակէտը` Հայաստանը: Բոլոր յօդուածներոն մէջ ներկայ է Հայաստանը՛ իր վերիվայրումներով, ձեռքբերումներով եւ բացթողումներով:

«Վաչէ Բրուտեան այն քիչ գրողներէն է, որ ինչպէս ապրած է, այնպէս ալ գրած է: Շատ շատերը կը գրեն տպաւորութիւն ձգելու համար, բայց իրենց կեանքը ճիշդ հակադրութիւնը կ՛ըլլայ իրենց գրածին ու ըսածին միջեւ: Բրուտեան այն հազուադէպ մտաւորականներէն է, որ երբեք չես լսեր իրմէ որեւէ խօսք: Իր յօդուածները մեզի կը յայտնեն, որ իշխանաւորները եւ իշխանութիւնները անցողիկ են, իսկ հայրենիքը մնայուն է», շեշտեց Համազգային Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:

ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան իր կարգին նշեց, որ Վաչէ Բրուտեան, հակառակ որ կ՛ապրի Հայաստանէ հեռու, սակայն կ՛ապրի Հայաստանի մէջ:

«Ընկեր Վաչէ Ամերիկայէն ովկիանոսը կտրեց ու եկաւ Հայաստան` գիրքը այստեղ հրատարակելու նպատակով: Այս մէկը պարզ փափաքի մը արդիւնքը չէր. գիրքը Հայաստանի մասին է: Այս մէկը անոր մօտաւորապէս 20 տարուան քաղաքական, գաղափարական մտքին արգասիքն է», ըսաւ Ա. Շահպազեան:

Ըստ «Գանձասար»-ի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեանի, այս ժողովածուն ժամանակագրութիւն է, այսինքն` մեր վերջին տարիներու պատմութեան օրագիրը:

«Ինքնատիպ ժամանակագրութիւն է, որովհետեւ արծարծուած բազմաթիւ նիւթերը ներկայացուած են յատուկ դիտանկիւնէ` գաղափարական բովով անցած եւ այդ գաղափարներով լաւ կոփուած, դաշնակցական հայու աչքերով», նշեց Մարի Մերտխանեան:

Վ. Բրուտեան ուսանողութեան տարիներուն  արդէն իսկ սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ, իսկ 1977-ին մաս կազմած է ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանին: Իր` օրաթերթային մամուլի առաջին յօդուածը հրատարակած է «Ազդակ»-ի մէջ, եւ ապա ան ստանձնած է Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Հայրենիք» եւ Լոս Անճելըսի` «Ասպարէզ»-ի խմբագիրի պաշտօնները:

Բրուտեան ինչպէս կը խոստովանի իր կենսագրականին մէջ ու կ՛ըսէ. «Գտած էի տարերքս ու սէրս` մամուլը: Իսկ ես կ՛աւելացնեմ, որ մամուլն ալ գտած է զայն` հրապարակախօսական բացառիկ հմտութիւններով, սուր աչքով, տաղանդաւոր ու դիպուկ գրիչով Վաչէ Բրուտեանը», յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան հիմնարկի դասախօս, թրքագէտ` Լուսինէ Սահակեանը:

Ան նշեց, որ թէեւ վերնագրուած է` «Երկիրը արտերկրէն», իրականութեան մէջ կարդալէ ետք ակնյայտ կը դառնայ, որ հեղինակը, ապրելով արտերկրի մէջ, երբեք բաց չէ ձգած հայրենիքի զարկերակը եւ ճիշդ ժամանակին արձագանգած է հրատապ հարցերուն:

Վաչէ Բրուտեան խօսք առնելով` տեղեկացուց, որ հարազատներն ու ընկերները ստիպած են զինք, որպէսզի իր մտքերը յանձնէ թուղթին:

«Կինս, քոյրս եւ շատ ուրիշներ ստիպեցին զիս` ըսելով, որ այսքան բան գրած ես, ինչո՞ւ գիրքի մէջ չես հաւաքեր զանոնք: Այնքան կրկնեցին, որ այսօր իրականութիւն դարձաւ: Գիրքը ձօն է մեր նահատակներուն: Ես մամուլի մէջ մուտք գործած եմ 1977-ին: Մաս կազմեցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Մամլոյ դիւանին: Այնտեղ կազմաւորուեցայ, այնտեղ լեզուս գտայ, այնտեղ սորվեցայ, թէ ի՛նչ լեզուով խօսիմ ընկերներուս, ընթերցողներուս հետ, եւ այնտեղ ինծի օգնեց Մամլոյ դիւանին մէջ աշխատող ընկերս», ըսաւ ամերիկաբնակ հասարակական-քաղաքական գործիչ Վաչէ Բրուտեան:

Աւարտին ան եզրակացուց, որ գործը չէ աւարտած եւ շատ ըսելիք, գրելիք ու խօսելիք ունի:

Վերջերս, ընտրարշաւի վերջին օրերուն, Վ. Բրուտեան հաստատած էր, որ` «Բոլոր ժողովուրդներուն պէս մեր ժողովուրդին մէջ ալ կան դիւրահաւան խաւեր, որոնք դիւրին կը խաբուին, եւ որոնց միակ մտահոգութիւնը իրենց նեղ, անմիջական, անձնական շահերն են, որոնք ազգի, պետութեան եւ հայրենիքի, հաւաքականութեան շահերուն գիտակից չեն: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու որդեգրած քաղաքականութիւնը ներկայ իշխանութիւններուն, որոնք ամբողջ տասնամեակ մը թոյն ու թարախ սրսկեցին կաթիլ առ կաթիլ եւ ատելութիւն սերմանեցին, սուտ քարոզչութիւն կատարեցին: Բնականաբար այս բոլորը կ՛ունենան իրենց ժխտական հետեւանքները ժողովուրդի այս խաւին վրայ, որ կ՛ախորժի բամբասանքէ, հիւթեղ սուտերէ եւ նմանօրինակ մթնոլորտէ, այս խաւին համար այս բոլորը ամէնօրեայ սնունդ են: Անձամբ, այցելութիւններուս ընթացքին հանդիպած եմ այդ խաւի ներկայացուցիչներէն շատերուն Երեւանի մէջ թէ այլուր: Անոնք համոզուած են, որ` «Նիկոլը գալու ա, երկիրը թալանողներից գումարները պիտի վերցնի եւ ամէն մէկիս 2000 տոլար ա տալու», եւ հաւատալով է, որ կ՛ըսեն այս բոլորը: Հարց տուած եմ, որ եթէ «թալանող» կայ այդքան շատ, ինչո՞ւ նախորդ երեք տարիներուն դատավճիռներ չարձակուեցան ոեւէ մէկուն հաշուոյն, պատասխան չունին»:

«Խղճմտանքի Ձայներ. Արեւմտահայերէն Թատրերգութիւն». Զօհրապեան Նորավէպը` Բեմին Վրայ

Յունիս 26-ին ամբողջացաւ արեւմտահայ մեծանուն գրող, «Նորավէպի իշխան» Գրիգոր Զօհրապի ծննդեան 160-ամեակը: Յոբելենական տարուան ծիրին մէջ «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութիւնը իրականացուց «Խղճմտանքի ձայներ. արեւմտահայերէն թատրերգութիւն» նախագիծը, որ կը կրէ Գ. Զօհրապի համանուն ժողովածուին խորագիրը: Նախագիծը իրականացուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դրամաշնորհային ծրագրի աջակցութեամբ:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Գրիգոր Զօհրապի «Խղճմտանքի ձայներ» ժողովածուէն ընտրուած «Փոստալ» նորավէպը վերածուած է թատրերգութեան: Վերջերս նոյնիսկ անոր առաջնախաղը կայացած է Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ:

Զօհրապեան նորավէպի թատերականացումը կը միտի արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման: «Արեւմտահայերէնը միայն դասաւանդելով ու աշակերտներ ունենալով պահպանելն ու տարածելը բաւարար արդիւնաւէտ չեն, իսկ թատերական գործունէութեան միջոցով այն լսելի ու հասանելի դարձնելը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է», նշած է նախագիծի ղեկավար Աւետիս Ափոշեանը` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը թերեւս հիմք դառնայ ապագային Գրիգոր Զօհրապի անուան արեւմտահայերէնի թատրոն հիմնելու համար:

Կը նախատեսուի, որ նախագիծի շրջանակներուն մէջ նաեւ Հայաստանի մարզերուն մէջ կայանան թատերական ներկայացումներ, որոնցմէ առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ  յուլիսին` Արմաւիրի մարզի Էջմիածին քաղաքին մէջ, իսկ յաջորդը` Վանաձոր:

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ Նշուեցաւ Արեւելագիտութեան Հիմնարկի Հիմնադրութեան 50-Ամեակը

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը յստակ առաքելութիւն ունի: Ամէնէն կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը հայ ժողովուրդին համար այն կարեւորագոյն աղբիւրներուն վերհանումը եւ ուսումնասիրութիւնն է, որ կ՛ամբողջացնէ մեր պատմութիւնը եւ առաւել յստակ կը պատկերացնէ Հայաստանի եւ դրացի ժողովուրդներու պատմութեան մասին, իսկ միւսը պայմանականօրէն Արեւելք կոչուող տարածաշրջանին մէջ մեր տեղն ու դերը հասկնալն է` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ազգային-դաւանաբանական զարգացումներու ուսումնասիրութեան միջոցով: Այս մասին նշեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեանը իր արտասանած խօսքին մէջ, Արեւելագիտութեան հիմնարկի հիմնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած յոբելենական գիտաժողովին ընթացքին:

«Մեզի համար կարեւոր է ուսումնասիրել ժամանակակից քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ազգային-դաւանական զարգացումները տարածաշրջանին մէջ` փորձելով վերլուծել եւ քննել զանոնք, որպէսզի հասկնանք` ի՛նչ կը կատարուի այն տարածաշրջանին մէջ, որ պայմանականօրէն կը կոչենք Արեւելք, ուրկէ մենք սկիզբ առած ենք, այժմ ալ կ՛ապրինք եւ պիտի յարատեւենք: Սակայն ասոր համար անհրաժեշտ է հասկնալ մեր տեղն ու դերը տարածաշրջանին մէջ, փորձել դասեր քաղել ե՛ւ մեր, ե՛ւ այլոց, յատկապէս արեւելեան ժողովուրդներու պատմութենէն, որովհետեւ գաղտնիք չէ, որ Արեւելքը համաշխարհային քաղաքակրթութեան բնօրրանն է: Այս առումով, ի հարկէ, այս իւրայատուկ տարածաշրջան է: Կարեւոր է ճիշդ գնահատել պայմանականօրէն Արեւելք կոչուող տարածաշրջանին մէջ մեր` հայկական քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները, նուաճումները ու, ցաւօք սրտի, նաեւ կորուստները», իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնը:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան նշեց, որ Արեւելագիտութեան բաժանմունքից 1971 թուականին իբրեւ հիմնարկ վերակազմաւորուած այս մեծ գիտական կեդրոնը երկար ճանապարհ անցած է` խորհրդային տարիներուն կարողանալով մէկտեղել գիտական գաղափարներու հիման վրայ կառուցուած միտքը համամիութենական պահանջներու հետ, նպաստելով հայաստանեան արեւելագիտութեան դպրոցի ձեւաւորման, իսկ յետխորհրդային շրջանին` յաղթահարելով 1990-ական թուականներու դժուարութիւնները, պահպանելով իր գիտական սերուցքը եւ աւելի զարգացնել արեւելագիտական միտքը Հայաստանին մէջ:

«Անկախ Հայաստանի պայմաններու մէջ հիմնարկը աւելի ազատ եւ լայնածաւալ գործունէութիւն իրականացնելու կարելիութիւններ ստացաւ եւ սկսաւ ծառայել Հայաստանի պետական շահերուն: Այն այժմ եւս իր գիտական, միջազգային կապերով եւ արդիւնքներով կը հանդիսանայ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալած եւ գիտական նուաճումներու հասած հիմնարկներէն մէկը», ըսաւ ակադեմիայի նախագահը:

Գրատպութեան Թանգարանի Առաջին Առցանց Հաւաքածուն Հասանելի Դարձաւ Google Arts & Culture Հարթակին Վրայ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Google Cultural Institute-ի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` Գրատպութեան թանգարանի առաջին առցանց հաւաքածուն արդէն Google Arts & Culture հարթակին վրայ է:

Հաղորդենք, որ «Հայ գրատպութեան առաջնեկները» առցանց ցուցադրութիւնը միջազգային լսարանին կը ներկայացնէ հայ գրատպութեան 500-ամեայ պատմութիւնը եւ անցած ճանապարհը` ցուցադրելով առաջին հայատառ տպագիր աշխատութիւնները:

44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Յիշատակի Յուշատախտակ` Ազատամարտիկներու Պուրակին Մէջ

Արցախեան երրորդ պատերազմին ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու հարազատներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ հանրապետութեան ու քաղաքային իշխանութիւններու պատասխանատուներու անմիջական աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղադրուած արցախեան երրորդ պատերազմի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն լուսանկարներով յուշատախտակը տեղափոխած են Ստեփանակերտի Ազատամարտիկներու պուրակ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի մամլոյ քարտուղար Վարդուհի Օհանեանը:

Երկար Սպասուած Բնակարանամուտ` Ամբերդ Գիւղին Մէջ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան եւ բնակարանաշինութեան «Ֆուլըր» կեդրոնին կողմէ Հայաստանի մէջ  իրականացուող բնակարանաշինութեան ծիրին մէջ նշեալ կազմակերպութիւններու ղեկավարները այցելեցին Արմաւիրի մարզի Ամբերդ գիւղը:

Գիւղին մէջ նշեալ ծրագիրով աջակցութիւն ստացաւ Բադալեան ընտանիքը: Երկու տասնամեակներու ընթացքին երկու տարբեր «վակոն»-տնակ փոխած Բադալեանները վերջապէս քարէ տան մը մէջ ապրելու սկսան:

Հայաստանի տասը մարզերու մէջ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրին շնորհիւ, «Վիվասէլ Էմ. Թի. Էս.»-ի նիւթական աջակցութեամբ, միայն 2020-ին կառուցուեցան, գնուեցան կամ վերանորոգուեցան 96 տուներ: Առ այդ, նշեալ տուներու ընտանիքներուն համար լուծուած է  ամէնէն կարեւոր հարցը:

Նշենք, որ այս նպատակին համար տրամադրուած է առաւել քան 230 միլիոն դրամ:

Ենոքաւանի Մէջ Կայացաւ «Հայ Բոյս» 7-րդ Փառատօնը

Տաւուշի մարզի Ենոքաւան գիւղին մէջ 7-րդ անգամն ըլլալով կայացաւ հայկական բոյսերու «Հայ բոյս» փառատօնը, որուն կազմակերպիչներէն Իրինա Չիբուխչեանը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ փառատօնը կը նպատակադրէ բացայայտել եւ մարդիկը իրազեկել մարզի յայտնի եւ անյայտ բոյսերուն օգտագործման եւ նշանակութեան մասին, ինչպէս նաեւ` խթանել տարածաշրջանի զարգացումը եւ ժողովրդականացնել հայկական բուսականութիւնը:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Շուշիէն Դիլիջան տեղափոխուած ընտանիքը փափաքը ունի մնայուն բնակութիւն հաստատել Դիլիջանի մէջ, ուր մարդոց մեծ մասը գոհ է ընտրութեան արդիւնքներէն:

«7 տարի առաջ, երբ մենք սկսանք այս փառատօնի իրականացման, մեր սկզբնական նպատակը այն էր, որ այս փառատօնը չըլլայ միայն խրախճանք, այլ` կազմակերպել գեղեցիկ ձեռնարկի մը, որ ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէ այնպիսի չգնահատուած աղբիւրներու, որոնցմէ է խոտաբոյսը, որ աւելի բազմազան է, քան` տարածուած բոյսերը: Մեր նպատակն է, որ մարդիկ իրազեկ ըլլան խոտաբոյսերու մասին եւ նոր մարդոց հետ հաղորդակցին»:

Ըստ Չիբուխչեանի, փառատօնը ամէն տարի կը պահպանէ որոշ աւանդութիւն դարձած ձեռնարկներ` միաժամանակ ամէն տարի ունենալով անակնկալ ձեռնարկներ. «Այս տարի պիտի կայանան նոր ձեռնարկներ` պատրաստեցինք 40 մեթր բրդուճ` տարբեր խոտաբոյսերէ եւ տարբեր պանիրներէ: Ունէինք նաեւ երեխաներու համար տարածք, ուր անոնք կրնան հայկական աւանդական խաղեր խաղալ: Մեզի համար նաեւ շատ կարեւոր է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան բնութեան գիրկին մէջ, եւ այդ ընթացքին մենք պարզապէս կ՛անջատէինք երաժշտութիւնը, որպէսզի մարդիկ վայելէին բնութեան խաղաղութիւնը, լսէին թռչուններու ձայնը: Այս տարի նաեւ մեզի համար կարեւոր էր, որ արցախցի կիներ ներկաներուն համար պատրաստէին ժենկեալով հացը»:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փանահ Ալի Խանի Հաշտութիւնը Մելիքներուն Հետ Եւ Սպանութիւնը Շիրազի Մէջ

Յաջորդը

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Վերածուած Է Գոմի

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?